ՀԵՀՈՄ-ի Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան Կազմակերպած «Այա Նափա 27» Համագումարին
Կազմակերպութեամբ Համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան (WSCF) Միջին Արեւելքի գրասենեակին, 25-31 օգոստոս 2012-ին, Լեռնալիբանանի Պրումմանա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու տարեկան համագումարը: Համագումարին նիւթն էր «Երիտասարդութիւնն ու ազատութիւնը… Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան միջեւ»: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Հարաւային Սուտանէն եւ Սուրիայէն ժամանած երիտասարդներ, որոնք ընդհանրապէս քննարկեցին վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած քաղաքական անկայուն վիճակը եւ անոր մէջ մասնաւորաբար քրիստոնեայ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ունենալիք դերակատարութիւնը:
Վերոյիշեալ համագումարին Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) ներկայացուց Կրէյս Նաճարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ միջեկեղեցական համագումարներու ընթացքին: Ան նաեւ խօսեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի ծրագիրներուն մասին, որոնք կը նպաստեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ երիտասարդներու կայունութեան եւ յառաջդիմութեան:
Յաջորդող օրերուն, 1-2 սեպտեմբեր, նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքին շրջանային ժողովը:
Այս ժողովին մասնակցեցան` Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Պաղեստինէն եւ Լիբանանէն պատասխանատու ներկայացուցիչներ: Սոյն ժողովին ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան:
Օրուան հրատապ հարցերէն մէկն էր` միջոցներ գտնել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ երիտասարդութիւնը կապելու եկեղեցւոյ եւ զօրացնելու անոնց կապը այլ համայնքներու հետ: Նաեւ` կազմակերպել միջեկեղեցական ժողովներ` քաջալերելու համար միասնական եկեղեցիին գաղափարը:
Ժողովի աւարտին Սուտանի ներկայացուցիչ` տոքթ. Հինտի Միխայէլը վերընտրուեցաւ որպէս նախագահ յաջորդող երկու շրջանային ժողովներուն:

