Շնորհակալ Եւ Արդիւնաւէտ Ձեռնարկում
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը 2012-ի ամրան, ինչպէս նախորդ տարիներուն, կրկին անգամ կազմակերպեց եւ կեանքի կոչեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու եւ մանկավարժներու վերապատրաստման աւանդական դարձած ծրագիրը:
Մէկամսեայ ծրագրի ծիրէն ներս ոչ միայն բազմազան դասընթացքներ, այլեւ ճանաչողական եւ ուսուցողական շրջապտոյտներ իրագործուեցան, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ` մշակութային տարբեր ձեռնարկներու, բոլորն ալ` տեղին եւ բծախնդրօրէն մտածուած:
Ծրագրին կազմակերպման նպատակն է աջակցիլ սփիւռքի կրթական մշակներուն, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան ու նաեւ քայլ պահեն հայրենի կրթական ոլորտի փոփոխութիւններուն եւ բարեփոխումներուն հետ:
Վերապատրաստման չորս շաբաթներու ընթացքին բազմաթիւ հարցեր շօշափուեցան, ընդհուպ` մինչեւ նոր ուսումնական գրականութեան ստեղծում, դպրոցական նիւթերու համացանցային ընդլայնուած ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ` ընդհանուր կրթական որակի բարձրացում:
Դասընթացքները սկիզբ առին 2012-ի 10 յուլիսին եւ աւարտին հասան օգոստոս 6-ին: Ամբողջ ընթացքը լաւագոյնս կազմակերպուած էր, եւ մասնակիցները բոլորն ալ գոհ էին արդիւնքէն: Վերջին դասընթացքէն ետք հանդիսաւոր կերպով վկայագրեր բաշխուեցան մասնակից բոլոր կրթական մշակներուն` այդպիսով առաւել շեշտելով կարեւորութիւնը յիշարժան ամիսին:
Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, որ ամենեւին փոքր չէր մասնակիցներուն թիւը` շուրջ եօթանասունհինգ հոգի, որոնք Հայաստան եկած էին հայկական հաւաքականութիւններ ունեցող Անգլիայէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Սուրիայէն եւ հեռաւոր Աւստրալիայէն: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններէն մեր մասնակիցը եղաւ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի հայերէնի եւ կրօնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Յասմիկ Տեմիրճեանը:
Դասընթացքները առաւել նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով ստեղծուած էին վեց տարբեր բաժիններ, որոնց մէջ ներգրաւուած էին կրթական ոլորտի բոլոր հանգրուաններու ներկայացուցիչները` ուսուցիչներ, դասատուներ, կազմակերպչական աշխատանք տանողներ եւ տնօրէններ: Դասաւանդուող նիւթերը բազմաբնոյթ էին` Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայրենագիտութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, մանկական գրականութիւն… եւ դեռ շատ աւելին: Իւրաքանչիւր նիւթ մատուցուեցաւ մասնագէտ դասախօսի մը կողմէ:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններուն անունով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանին ու նախարարութեան աշխատակազմին` այս յոյժ կարեւոր ծրագրի կազմակերպման եւ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար: Սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցումը այժմէական պահելու համար մենք խիստ անհրաժեշտ կը նկատենք նմանատիպ ծրագիրները: Մասնակից կրթական մշակները արդէն իսկ վերադարձած են իրենց երկիրները` նորարարութիւններու իրենց պաշարը կիսելու իրենց պաշտօնակիցներուն հետ եւ ոգեւորութեամբ, վերանորո՛գ աւիւնով շարունակելու իրենց ազգանուէր ու սրբազան գործը:
ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

