Յուշատետր. «Մենք Ամէն Մարդ Չենք»

Ռ. Հ. 

Մայիսի առաջին օրերէն մէկն էր, բայց օդերը չէին տաքցած տակաւին: Տան մը մէջ կը մսէին. դեռ վառարան կը վառէինք, անպայման բուրդէ բան մը կը հագնէինք:

Կիրակի էր: Կէսօրուան մօտ կնոջս ըսի.

– Դուրսը հրաշալի արեւ կայ, եկուր, ելլենք ու քիչ մը քալենք արեւին տակ:

– Արեւին մի՛ նայիր, օդը ցուրտ է,- պատասխանեց կինս:

– Հոգ չէ, հաստ կը հագուինք, չենք մսիր:

Այդպէս ըրինք: Երկուքս ալ մեր ձմեռնային կիսավերարկուները հագանք ու ելանք: Տակաւին առաջին քայլին  հաճելի տաքութիւն մը զգացի, արեւին տաքութիւնը իսկապէս շատ հաճելի էր, բայց նաեւ զով հով մը կը փչէր դիմացի ծովեզերքէն: Քալեցինք:

Մեր քովէն անցան երկու երիտասարդներ, որոնք շապիկով էին: Պարզ շապիկով: Մեր հակապատկերը:

Կինս ըսաւ.

– Ամէն մարդ շապիկով դուրս ելած է, իսկ մենք…

– Մենք ամէն մարդ չենք,- պատասխանեցի:

Երկուքս ալ խնդացինք այս խօսքիս վրայ: Եւ քալեցինք:

Ճիշդ ըսած էի: Մենք ամէն մարդ չենք: Իրականութեան մէջ ո՛չ մէկը ամէն մարդ է: Իւրաքանչիւր մարդ առանձին մարդ է: Ինքն իր գլխուն` առանձին մարդ: Եւ, որքան ալ մեզմէ դուրս մնացած բիւրաւոր մարդիկ մեզի համար «ամէն մարդ» նշանակեն, եւ որքան ալ նմանները քով քովի գալով իրարու նմանողներու խումբեր կազմեն. բան չի փոխուիր, ամէն մարդ իր առանձին եւ իւրայատուկ կեանքի պայմանները ունի: Եւ ամէն մարդ ճիշդ կը խօսի, երբ կ՛ըսէ, թէ ինք ամէն մարդ չէ: Որովհետեւ սա պահուն, երբ մէկը շապիկով կը քալէ ու չի մսիր, ուրիշ մը վերարկուով կը քալէ ու շատ չի տաքնար: Որովհետեւ սա պահուն եթէ մէկը քսան տարեկան է, ուրիշը քառասուն է, երրորդ մը վաթսուն եւ աւելի: Որովհետեւ մէկը մսկոտ է, միւսը շատ շուտ տաքցող է, քրտնող է: Որովհետեւ եթէ մէկը անսայթաք կրնայ վազել, միւսը կաղալով դժուար կը քալէ:

Բայց «Մենք ամէն մարդ չենք» նախադասութեան խորհուրդը վերի սովորական ու հասարակ դիտարկումին մէջ չէ՛, որ թաքնուած է: Հարցը աւելի խորունկ ու ճակատագրական է: Հարցը ամէնուն նմանիլ կամ չնմանիլ ուզելու ընտրութեան մը կը վերաբերի. օրինակ` կը վերաբերի ինքզինքը ամէն մարդուն պէս նկատելու յաւակնութեան կամ փափաքի մը: Կը հաւատամ, որ մարդոց դիմաց ցցուած մեծ վտանգներէն մէկն է այս վերջինը: Ուրիշներուն նմանիլ ցանկալ: Ուրիշներուն ըրածը կապկել: Ուրիշներէ տարբեր ըլլալէ ամչնալ, ստորակայութեան բարդոյթ զգալ, «ուրիշ» մը ըլլալէ վախնալ: Շատեր կը տառապին այս բարդոյթէն ու չեն անդրադառնար, թէ որքա՛ն ծիծաղելի կը դառնան, կամ իրենք զիրենք ինչպիսի վտանգներու կ՛ենթարկեն «ամէն մարդու պէս» ըլլալ ուզելով:

Ամէն բանէ առաջ, նորաձեւութիւն կոչուած սա երեւոյթը: Քանի՞ հոգի կը հաշուէ, թէ ի՛նչ անիմաստ ու ի՛նչ յետին նպատակով հնարուած երեւոյթ է սա «նորաձեւութիւն» կոչուածը: Նորաձեւութիւն ամէն նիւթէ ներս: Չկարծենք, որ նորաձեւութիւնը միայն հագուստ-կապուստի մէջ զգալի կը դառնայ: Նորաձեւութիւնը ամէն նիւթի մէջ կրնայ ինքզինք պարտադրել: Ի՞նչ տեսակ փողկապ պիտի կապէք, ի՞նչը ինչպէս եփելով պիտի ուտէք ձեր ճաշասեղանին վրայ, ի՞նչ դեղ պիտի գործածէք սա կամ նա անհանգստութենէն փրկուելու համար, ո՞ր դպրոցը պիտի ղրկէք ձեր զաւակը, դէպի ո՞ր երկիրը պիտի ճամբորդէք, ի՞նչ մակնիշով կառք մը պիտի գնէք, ի՞նչ գիրք կամ ո՞ր օրաթերթը պիտի կարդաք, ի՞նչ տեսակ կարասիներ պիտի ընտրէք ձեր տունը դարձեալ կահաւորելու ընթացքին, ո՞ր թաղին մէջ բնակիլ պիտի ուզէք: Այս բոլորին մէջ, եթէ նորաձեւութեան սիրահար էք, եթէ դուք ձեզ նորաձեւութեան մէկ մասնակիցը կը նկատէք, պիտի նայիք, թէ «ամէն մարդ» ինչ կ՛ընէ, ու պիտի ուզէք դուք ալ ընել «ամէն մարդու» պէս: Պիտի հպարտանաք, երբ ամէնուն կապած ձեւով փողկապ պիտի կապէք, պիտի հպարտանաք, երբ ամէնուն հագած ձեւով պիտի հագուիք, երբ ամէնուն նախընտրած երկիրը պիտի այցելէք, երբ դուք ալ ձեր զաւակը պիտի ղրկէք ամէնուն նախընտրած դպրոցը: Պիտի հպարտանաք, հակառակ որ ամէնուն պէս ընելը կը նշանակէ կորսնցնել իր բո՛ւն ինքնութիւնը: Բնաւ պիտի չմտածէք այս վերջին կէտին մասին: Բնաւ պիտի չանդրադառնաք, որ ամէնուն պէս ընելով` դուք պիտի դադրիք ձեզի պէս ըլլալէ: Պիտի դադրիք դուք դուք ըլլալէ: Պիտի կարծէք, որ եթէ նորաձեւութեան չհետեւիք, եթէ դուք ձեր սեփական ճաշակով ապրիք ու մէջտեղ ելլէք, ամէն մարդ ձեր վրայ պիտի խնդայ, «Այս մարդը ժամանակավրէպ է, տէմոտէ է» պիտի ըսէ: Մինչդեռ նորաձեւութիւնն է, որ շատ շուտ ժամանակավրէպ կը դառնայ, դուք մինչեւ որ նորաձեւութեան յարմարելու համար նեղ փողկապ կապիլ սկսիք, կը նայիք, որ լայն փողկապը նորաձեւութիւն դարձեր է: Որովհետեւ մէկը բան մը պիտի շահի ու դուք բան մը պիտի կորսնցնէք:

Ես ալ ուրիշ շատերու նման կը հաւատամ, որ նորաձեւութիւնը խարդախութիւն է, նորաձեւութիւնը խաբէութիւն է, մարդիկը ապուշի տեղ դնել է: Չեմ ժխտեր, որ պէտք է յարմարինք ընկերային կարգ մը պարտադրութիւններու ու պատշաճութիւններու, բայց անոնց պէտք է յարմարինք ո՛չ թէ անոր համար, որ անոնք նորաձեւութիւն են, այլ անոր համար, որ անոնք ճաշակի մը ու գեղագիտութեան մը չափանիշներն են: Ճաշակը նորաձեւութեան հետ կապ չունի, որովհետեւ ճաշակը յաւիտենական է եւ անհատական է:

Իսկ մենք լաւ կ՛ընենք, եթէ երբեք չդադրինք «մենք» ըլլալէ: Մենք «ամէն մարդ» չենք: Մենք ունինք մեր մասնաւոր ճաշակը: Մեր ընտրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES