Երկու Ուժգին Պայթումներ` Դամասկոսի Հարասթա Շրջանին Մէջ

Երէկ կէս գիշերին Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ կացութիւնը յատկանշուեցաւ երեկոյեան Հարասթա (մայրաքաղաքի հիւսիսը) շրջանին մէջ երկու ուժգին պայթումներով` ականուած ինքնաշարժով եւ ապա շտապ օգնութեան մեքենայով:

«Ըստ զինուորական աղբիւրներուն ահաբեկչական պայթումները իրականացուեցան Հարասթայի մայրուղիին վրայ գտնուող անվտանգութեան շէնքին մօտ, որ կրեց նիւթական վնասներ», տեղեկացուց «Ազդակ»-ի թղթակիցը:

 

Share this Article
CATEGORIES