Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը Պատերազմի Պարագային Իսրայէլին Հասնելիք Վնասներու Տարողութենէն Կը Զգուշացնէ

Իսրայէլեան բանակի գումակային բաժանմունքի հրամանատար զօրավար Իցիք Քոհեն զգուշացուց, որ «յառաջիկայ պատերազմը, ինչ որ ալ ըլլայ ան, թշնամիի հրթիռարձակումներու հարուածներուն ենթարկուելուն պատճառով զօրակայաններուն, ինչպէս նաեւ ներքին ճակատին մեծ վնասներ պիտի պատճառէ»:

Քոհեն իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանի կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը վերջերս համապարփակ պատերազմի մը ծագման հաւանականութեան իր պատրաստութիւնները աշխուժացուց եւ հսկայական ջանքեր կը թափէ իր զօրակայանները անոր տոկացող դարձնելու համար»:

Ան յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը անմիջական կերպով կը հետեւի շրջանային զարգացումներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ, ուստի իր ցուցմունքները կը նորոգէ»: Ան ընդգծեց, որ «զէնքերու, զինամթերքի եւ զինուորական կազմածներու պահեստները ամբողջութեամբ լեցուն են` առ ի պատրաստութիւն որեւէ արտակարգ վիճակի»:

 

Share this Article
CATEGORIES