Թրքական Ռմբաձիգներ Կը Ռմբակոծեն Հիւսիսային Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Թաքստոցները
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական առնուազն 12 «Էֆ-16» տիպի ռմբաձիգներ Տիգրանակերտի իրենց զօրակայանէն թռիչք առնելով` կիրակի-երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծած են ՔԱԿ-ի հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներուն վրայ եւ անոնց շրջակայքը գտնուող չորս զօրակայաններ, ուր կը կարծուի, թէ թաքնուած է ՔԱԿ-ի ղեկավարութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային

