Ֆրանսայի Մէջ Քիւրտ Զինեալներու Ղեկավար Մը Ձերբակալուած Է

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը քիւրտ զինեալներու Եւրոպայի ղեկավարն ու երեք քիւրտ զինեալներ ձերբակալած է:

Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ գործողութիւններուն ծիրին մէջ: Քիւրտ զինեալները ձերբակալուած են Թուլուզի մէջ տեղի ունեցած քանի մը սպանութիւններէ ետք:

Share this Article
CATEGORIES