Բագրատունի Այցելեց Ապու Ֆաուրի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընկերային տագնապներուն հետ առնչուող հարցեր:

Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ հայ համայնքին մէջ գործող բարեսիրական թէ ընկերային գործունէութիւն ունեցող միութիւններու հետ կապուած հարցեր` շեշտելով զանոնք ուժեղացնելու կապակցաբար պետութեան պատասխանատուութիւնը:

Արծարծուեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ զարգացող դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու խնդիրը, ուր շեշտուեցաւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու պատասխանատուութեան բաժինը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES