Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նիստին

Նախարարական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն հարցերը քննարկող նախարարական յանձնախումբի յատուկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան գաղթականներուն կարիքները:

Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ յաձնախումբը սուրիացի գաղթականներուն կարիքները սերտելէ ետք համապատասխան նախարարութիւններուն աշխատանքները պիտի ճշդէ` հոգալու համար այդ կարիքները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ժամանած սուրիացի գաղթականներուն, Լիբանանի կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն, հարաւային Լիբանանի կացութեան եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչապետէն իմացած է լիբանանեան բանակը զինելու առումով կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

Փլամպլի յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին ՄԱԿ-ի տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի այս ամսուան աւարտին` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը ողջունելի է:

Փլամպլի շեշտեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան ջանքերուն` Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն զերծ կացուցելու առումով: Ան հաստատեց նաեւ, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Փլամպլի խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները` շեշտելով, որ ՄԱԿ մտահոգ է այդ ոտնձգութիւններով եւ Սուրիոյ մէջ շարունակուող արիւնահեղութեամբ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ յայտնեց, որ պետական նշանակումները կատարելու համար անուանացանկ մը գրեթէ պատրաստ կը նկատուի:

Share this Article
CATEGORIES