Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մխիթարեանի 14-րդ Կոլը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մեթալիսթ Խարքով իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շախտիոր Տոնեցքէն:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հենրիխ Մխիթարեան 25-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ անոր խմբակից Իսինիօ 42-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց երկուքի:

Այսպիսով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Մխիթարեան նշանակեց տարեշրջանի իր 14-րդ կոլը:

Առ ի յիշեցում, նախորդ տարեշրջանին Եւգենի Սելեզնիով նշանակած էր նոյնքան կոլ եւ հանդիսացած կոլսքորըր:

Նշենք, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Միրշա Լուչեսքուի կազմը` Շախտիոր Տոնեցք, առաւելագոյն 33 կէտը ապահովելով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES