2014-ի Մոնտիալ. Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին Իտալիոյ Հաւաքականը Կը Ժամանէ Երեւան
Armsport.am հայկական մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը ժամանէ Երեւան:
Իտալացիք պիտի իջեւանին «Կոլտըն Փալաս» պանդոկին մէջ:
Իտալական պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի ժամանէ ժամը 22:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին, ժամը 19:30-ին, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը` 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին կապակցաբար:
Ժամը 20:00-ին, Իտալիա փորձեր պիտի կատարէ «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ: Փորձերուն ընթացքին մարզական լրագրողներուն առիթ պիտի տրուի հարցազրոյցներ ունենալու խումբին մարզիկներուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 12 հոկտեմբերին, ժամը 21:00-ին (դարձեալ Երեւանի ժամանակացոյցով):
Վերջապէս, շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իտալական պատուիրակութիւնը պիտի վերադառնայ Ֆլորանս:
Նշենք, որ 16 հոկտեմբերին «Սան Սիրօ» մարզադաշտին վրայ Իտալիա պիտի հիւրընկալէ Դանիան:


