50 Տարի Առաջ ( 10 Հոկտեմբեր 1962 )
Հայ Կեանք
Ինչպէ՞ս Պիտի Տօնուի Պոլսոյ
Պատրիարքութեան Հինգհարիւրամեակը
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ (5 հոկտեմբեր) կը կարդանք.-
Երէկ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ 500-ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբը իր կազմած երաժշտական, տնտեսական եւ փրոթոգոլի ենթայանձնախումբերու հետ հաւաքական նիստ մը գումարելով, որոշեց դեկտեմբեր ամիսը յոբելենական ամիս նկատել եւ բացումը կատարել 2 դեկտեմբերին, Գումգափուի աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ, ուր պիտի հրաւիրուին պաշտօնատարներ, կրօնապետներ եւ այլ մարմիններ: Պատարագէն ետք պատրիարքարանին մէջ հիւրասիրութիւն մը պիտի կազմակերպուի:
2.- Պաշտօնական ճաշ մը պիտի սարքուի 8 դեկտեմբեր շաբաթ երեկոյ, «Փարք Օթել»-ի մէջ:
3.- 19 կամ 21 դեկտեմբեր երեկոյ գեղարուեստական երեկոյթ մը պիտի սարքուի:
4.- Փրոթոգոլի ենթայանձնախումբը յարմար թուականի մը եւ վայրի մը մէջ պիտի կազմակերպէ բանախօսութիւն մը:
5.- 30 դեկտեմբերին Սամաթիոյ մէջ կատարելի պատարագով մը յոբելենական հանդիսութիւնները պիտի փակուին:
Որոշուեցաւ նաեւ այս առիթով գրական յանձնախումբը գործի լծել «Շողակաթ»-ի բացառիկին համար:
Պատարագողներու երգեցողութեանց համար որոշուեցաւ Պոլսոյ մեր եկեղեցիներու երգչախումբերու բոլոր վարիչներէն ու տնօրէն խորհուրդներէն լիազօր մէկ մէկ հոգիով, նիստ մը գումարել յառաջիկայ հինգշաբթի ժամը 19:30-ին:
Իրանահայ Լուրեր
Առաջնորդ Սրբազանը
Աղէտեալներու Մօտ
Թեհրանի թեմի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան, ամսոյս 5-ին, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներուն մեկնած է Ղարաղանի երկրաշարժի շրջանը` տեղին վրայ ճշդելու համար աղէտեալներու վերաբերեալ կարգ մը խնդիրներ եւ հոգեպէս մխիթարելու աղէտեալները:
Հայագիտական Ամպիոնը
Սեպտեմբեր 16-ին տեղի ունեցած է Սպահանի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքին մրցոյթը, որուն մասնակցած են հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն հետեւողները: Քննութիւնը կատարուած է երեք լեզուով` հայերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն: Յաջողած են հայագիտական ամպիոնի քննութեան բոլոր մասնակցողները:
10 Հայ Ընտանիք Ճափոնի Մէջ
Ճափոնահայ գաղութը կը բաղկանայ տասը հայ ընտանիքներէ, շուրջ քառասուն հոգի, որոնք հաստատուած են մայրաքաղաք Թոքիօ, Եոքոհամա, Թոտէ եւ այլ քաղաքներու մէջ ու կը զբաղին առեւտուրով:
Ճափոնահայ գաղութի մեծագոյն դէմքը եղած է Տիանա Աբգար: Ան յարգուած է հաւասարապէս թէ՛ ճափոնցիներէ եւ թէ՛ ամերիկեան բարձր շրջանակներէ` իբրեւ անգլիագէտ եւ մտաւորական կին:
150 Հայեր Կան Ալպանիոյ Մէջ
Ալպանիա Յունաստանի եւ Եուկոսլաւիոյ սահմանակից փոքրիկ հանրապետութիւն մըն է Ադրիական ծովուն արեւելեան ափերուն վրայ, ունի 27,500 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ մէկուկէս միլիոն բնակիչներ: Ալպանիոյ մէջ ունինք սակաւաթիւ հայերէ բաղկացած համայնք մը (հարիւր յիսուն հոգի): Այս հայերը մէկ քաղաքի մէջ չեն գտնուիր, այլ ցրուած են փոքրիկ հանրապետութեան զանազան քաղաքներուն մէջ:
«Բագին» Ամսագիրը
Այսօր, մայր հայրենիքէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը մեր ազգային իմացականութեան կարեւորագոյն հատուածը կը հանդիսանայ:
Հայկական արհաւիրքէն ետք, հայ մտքի երկու տիտաններու` Շանթի եւ Աղբալեանի գերմարդկային ջանքերով այնտեղ հիմը դրուեցաւ ազգային մշակութային նոր կեանքի մը (Համազգային), որ յարատեւօրէն սկսաւ ծաղկիլ:
Այնտեղ հաստատուած մեր զանազան կրթական հիմնարկութիւնները, հակառակ անտեղի հակամարտութիւններու, յաջողած կը թուին ազգային հունով ընթանալ` վերագտնելու համար մեր իմացական ուղին:
Մերձաւոր Արեւելքի մեր հայ զանգուածը ունի զանազան գոյնի եւ տեսակի կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք, անտարակոյս, ճամբայ ելած են մեր մշակոյթին սատարելու, սակայն կը պակսէր հրատարակութիւն մը, որ վեր մնար հասարակական նախասիրութիւններէն եւ ճշդուած միտումներէն եւ առանց մոլուցքի` բարձր բռնէր հայ մտածողութեան լուսարձակը:
«Բագին» ամսագրի լոյս տեսած ութը թիւերը բացայայտ կերպով կը հաստատեն, որ ան հաստատ քայլերով կը հետեւի մատնանշուած ուղիին եւ անոր շուրջ բոլորուած վաստակաւոր մտաւորականները նուիրումով ու հաւատքով հայ բագինին կը բուռվառեն հայ մտքի անուշաբոյր խունկը:
Հայ գրականութեան ոգիով արբեցած Բագինի խմբագիրները կարճ ժամանակի մէջ, արդէն յաջողած են ամսագրի շուրջ խմբել արտահայաստանի մեր արդի լաւագոյն գրողները եւ սիրով ճամբայ բանալ նոր ուժերու, որոնցմէ մէկ քանին (Անայիս Հերեան եւ ուրիշներ) արդէն ընդունելի կարողութիւնով կը յայտնուին մեզի:
«Բագին»-ի մէջ լոյս տեսած ծաւալուն քերթուածները (Համաստեղ, Պոյաճեան, Օշական) մտային յղացքի եւ խոր ըմբռնումի անառարկելի արտայայտութիւններ են, որոնք ազգային եւ մարդկային իղձերու եւ ձգտումներու յորդ ապրումները կը բնորոշեն:
Միջազգային գրականութեան լայն գետնի վրայ կատարուած պեղումը, (Վ. Օշական) վերին աստիճան հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ մեծ ազգերու մշակութային յարափոփոխ վիճակն ու խլրտուն մտքերու բախումը եւ անոնց ունեցած ապագայի սեւեռումները:
Գրախօսականները, թէեւ` քիչ մը շեշտ խստութիւնով գրուած, հրապարակ կը դնեն հեղինակն ու իր գործը, ունեցած արժէքովն ու խոցելի թերիներով:
Գեղարուեստի շուրջ պատրաստուած գրութիւնները ընթերցողը մօտէն տեղեակ կը պահեն այն ճիգերուն եւ աշխատանքներուն, որոնք կոչուած են մեր մշակոյթին վրայ բան մը աւելցնել ու ժողովուրդին կեանքը դարձնել հաճելի եւ դաստիարակիչ:
Հաճելի է կարդալ «Դէմքեր»-ու բաժինը (Պոյաճեան), ուր մեր յիշողութեան կը հանուին մեր իմացական կեանքին հետ աղերս ունեցող անձեր, որոնք հետք մը ձգած են իրենց ետին, ու վերյիշումը զիրենք կը դարձնէ սիրելի ու դաստիարակիչ:
Կարելի չէ՞ր, որ յօդուածագիրը այնքան ժլատ չվերաբերէր այս բաժնին հետ:
Այս հպանցիկ ակնարկը կը բաւէ հաստատելու համար, որ «Բագին» ամսագիրը հայութեան կը ներկայանայ գրական ու գեղարուեստական որոշ տուեալներով ու ան արժանի է լայն խաւերու գուրգուրանքին ու քաջալերութեան:
«Բագին» անունն արդէն աւանդական հմայք ունի մեզ համար, եւ զայն հրատարակող մտքի մշակները ուխտաւորներու հիացքով կը խնկարկեն Հայ Բանին…
ՅԱՐ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

