«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն . Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ Կցումը
Միջազգային դիւանագիտական խարդաւանանքի եւ Թուրքիան սիրաշահելու քաղաքականութեան մը հետեւանքով, ֆրանսական հովանաւորութիւնը վայելող սուրիական Ալեքսանտրէթի նահանգը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ: Առանց նկատի ունենալու շրջանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող արաբ իսլամ, ալեւի, յոյն ուղղափառ եւ հայ համայնքներուն իրաւունքներն ու կարծիքը, եւ այդ հողերուն վրայ անոնց հոգեւոր ու մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը, 1938-ին կատարուած ընտրական կեղծիքով մը թուրքեր մեծամասնութիւն նկատուեցան:
Մեծամասնութեան իրաւունքի թուաբանական ձեռնածութեամբ, Ալեքսանտրէթի նահանգը Թուրքիոյ հովանիին տակ դրուեցաւ: Թուրքեր շրջանը կոչեցին Հաթայ նահանգ:
Ալեքսանտրէթի նահանգին Թուրքիոյ կցումը պատճառ դարձաւ շրջանի հայութեան գաղթին: Հոնկէ հեռացան նաեւ մեծ թիւով իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբներ:
«Ազդակ» օրին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի խնդրին: 10 յունիս 1938-ին, «Սանճաքի խնդրին ապագան» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Սանճաքի նոր կացութիւնը երկու փուլ ունի.- անմիջական ներկան եւ մօտաւոր ապագան:
Առաջինը – ինչո՞ւ ծածկել – անմխիթարական է: Ճիշդ այն միջոցին երբ ընտրական արձանագրութիւնները պիտի գային ըսելու վերջին խօսքը եւ կարճ կապելու ամէն վէճ, ահա թուրքերուն կը յանձնուի տեղական վարչութիւնը: Եւ այնքան փութկոտութեամբ ու շռինդով, որ կարծես ամէն բան վերջացած է եւ կը մնայ պարպումը կատարել ու բանալիները յանձնել Անգարայի:
Ասկէ` ընդհանուր խուճապը որ ծայր տուաւ եւ ապահովաբար սաստկանայ վերջին կարգադրութեան վրայ, որով կ՛արգիլուի տնական գոյքերու փոխադրութիւնը Սանճաքէն դուրս:
Բայց որքան ալ սիրտ խառնող, այս չէ մտահոգութեան բուն աղբիւրը: Պատուիրակը հրաժարեր է, ներքին կառավարիչը թուրք մը եղած է, այսինչ պաշտօնեաները թուրքերով փոխարինուած են: Վերջ ի վերջոյ, ասոնք վարչական կարգադրութիւններ են, առժամեայ հանգամանք ունին, եւ հետեւաբար չեն կրնար հիմնապէս փոխել կացութիւնը:
Մտահոգիչը` մօտաւոր ապագան է: Աւելի ճիշդը` արձանագրութեանց ընթացքը:
Եթէ շահին ոչ-թուրք տարրերը, բոլոր այս վարչական տնօրինութիւնները կը հալին իրենք իրենց, տեղը տալով մեծամասնութեան նոր որոշումներուն: Այն ատեն, Անգարան ալ չի կրնար առարկել, քանի որ Փարիզը ամենայն իրաւունքով պիտի պատասխանէ.- Ի՞նչ ընեմ, ձեր բոլոր ուզածները տուի, բայց անտարակոյս չէի կրնար քուէ ալ տալ: Ձեզի կը մնայ գլուխ ծռել ամենազօր թիւերուն առջեւ:
Իսկ եթէ թուրքերը շահին, գլուխ ծռելու կարգը կը մնայ Փարիզի եւ Դամասկոսի: Քանի որ մարդիկը օրինապէս մեծամասնութիւն են, իրենց արդար իրաւունքն է վարչութեան ղեկը: Բողոք, ցոյց եւ այլն անօգուտ կը դառնան այլ եւս, օրինական բոլոր դուռները փակուած ըլլալով:
Որքան ալ հեռաւոր, ահա այս հեռանկարն է ամէնէն սարսափելին:
Վարչական կարգադրութիւնները կը նմանին գրատախտակի վրայ եղած արձանագրութեանց: Սրբիչի հարուած մը, եւ ամէն ինչ կը ջնջուի, տեղը տալու համար նորերու:
Իրաւական կարգադրութիւնը արդէն իսկ չինական մելանով եղած արձանագրութիւն մըն է, որ շատ դժուար կը ջնջուի: Կամ կը քերուի միայն սուրի ծայրով:
Արդ, բազմաթիւ թերթեր կը պնդեն թէ Ֆրանսա խոստացած է ամէն գնով ապահովել թրքական մեծամասնութիւնը: Այս նպատակով է որ անդադար պաշտօնեայ կը փոխուի: Ասոր սիրոյն է որ ոչ-թուրք տարրերուն կը յանձնարարուի քիչ արձանագրուիլ կամ բնաւ չարձանագրուիլ: Միաժամանակ դուրսէն գացող սանճաքցիները ներս չեն առնուիր:
Դիտելի է որ, արաբական շրջանակներն ալ առաւելապէս ա՛յս գետնին վրայ կեդրոնացուցած են իրենց բողոքն ու ճիգերը, եւ ոչ թէ ջարդի անգոյ սպառնալիքին, որ ամբողջ հորիզոնը դարձած է մեր կարգ մը շրջանակներուն: Եւ եթէ խնդրոյ նիւթ կ՛ընեն նաեւ վարչական մաքրագործումները, դարձեալ ընտրութիւնը նկատի ունին, քանի որ այդ մաքրագործումները կը ձգտին ճամբայ յարդարելու թրքական մեծամասնութեան առջեւ:
Այսպէս է որ, հակառակ ամէն հարկադրանքի, արաբները կը շարունակեն մասնակցիլ ընտրութեանց, միաժամանակ նոյն ձեւով շարժելու հրաւիրելով միւս ոչ-թուրք տարրերը: Որովհետեւ գիտեն թէ արձանագրութեանց ելքը կոչուած է ճակատագրական դեր խաղալու, հիմնիվայր քանդելով քաղաքական բոլոր համաձայնութիւնները:
Մնաց որ, ոչ ոք կրնայ պնդել թէ Ֆրանսա ծալած մէկ կողմ դրած է խաղաքարթերը, եւ կը պատրաստուի հեռանալու: Եթէ այս ըլլար իր տրամադրութիւնը, տարբեր կերպով կը շարժէր երէկ, տեղի կու տար Ժընեւի մէջ եւ պէտք չէր ունենար մատնուելու ներկայ նեղ դրութեան: Կը նշանակէ թէ ինչ որ կ՛ընէ հիմա` ակամա՛յ է: Այն միջոցին երբ զինակից Չեխիան հրաբուխի վրայ նստած է, երբ Սպանիա կը շարունակէ մխալ, երբ Գերմանիա ու Իտալիա աստիճանաբար ամէն կողմ կ՛երկարեն իրենց ոտքերը, սկսեալ Բերիական թերակղզիէն մինչեւ Պալքանները եւ Մերձաւոր Արեւելքը, Փարիզը չէր որ Ալէքսանտրէթի շրջանակին համար յանձն պիտի առնէր զէնքի դիմել: Թող հարթուին աւելի անմիջական ու մեծ վէճերը, թող Փրակա լեզու գտնէ Պերլինի հետ, Փարիզն ալ` Հռոմի հետ, այն ատեն հնարաւոր կը դառնայ աւելի հանգիստ սիրտով մօտենալ Սանճաքի հարցին:
Ասոր համար ալ` հարկ է ժամանակ շահիլ: Եւ ամէն գնով, առանց նկատի առնելու առժամեայ տպաւորութեանց պոռթկումները, այս կամ այն տարրին տրտունջը: «Բարձր քաղաքականութիւն» կոչուածը զարհուրելի հնոց մըն է, ուր շատ դիւրութեամբ կը հալին մանր նկատումները:
Հակառակն ալ կրնայ պատահիլ, անշուշտ: Այսինքն նոյն քաղաքականութեան հաշիւները հրամայեն ձեռք քաշել Սանճաքի խնդրէն: Դիւանագիտական մարզը դաշտ մըն է, ուր ամէն խմորում կրնայ կատարուիլ:
Ամէն պարագայի, մոռնալու չէ որ Սանճաքի խնդիրը կայ ու կը մնայ: Անգամ այն պարագային, երբ յաջողի թրքական արուեստական մեծամասնութիւնը: Այո՛, պայքարը աւելի կը դիւրանայ, եթէ ոչ-թուրք տարրերը շահին: Բայց հակառակ արդիւնքն ալ հաշուեփակ ըսել չէ, քանի որ Սանճաքի վարչութիւնը նորէն պիտի ըլլայ միջազգային: Հոգ չէ թէ ձեւականապէս: Երբ փոխուի իրերու դասաւորումը, ի՞նչ աւելի դիւրին, քան ձեւականը դարձնել իրական»:
***
Քանի մը օր ետք, 17 յունիս 1938-ի թիւով եւ «Սանճաքի հաշուեկշիռը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Հիմա որ վերջացան Սանճաքի ընտրական արձանագրութիւնները, կ՛արժէ հաշուեկշիռը պատրաստել վերջին մէկուկէս ամսուան խռովայոյզ շրջանին:
Կասկած չկայ որ շահողը Թուրքիան է: Անգամ մըն ալ ճարտարօրէն օգտագործելով միջազգային հակամարտութիւնները, 15 տարի յետոյ յաջողեցաւ ողջնցնել Ֆրանքլէն Պույեօնի դաշնագրին մէկ յօդուածը, եւ անոր կռթնած` ամրապէս տեղաւորուիլ Սանճաքին մէջ:
Եւ ասիկա` առանց պուտ մը արիւն թափելու, պարզապէս պըլըֆ քաշելով, զէնքի սպառնալիքը շողացնելով:
Միւս կողմէ, վարկի մեծ բարձրացում մը ունեցաւ, սեփական ազգին թէ հարեւան փոքր ժողովուրդներու աչքին: Չէ՞ որ «մեծաւոր»-ին խօսքը եղաւ, եւ յամառ զրոյց կը շրջի թէ մեծ պետութիւնները անոր պիտի նուիրեն նաեւ այլ հողամասեր.- Հալէպ, Ճեզիրէ, Հոմս, Համա, եւ այլն, եւ այլն: Այնքան հզօր է Աթաթուրքը, եւ այնքան նկուն` Եւրոպան…:
Եւ սակայն, եթէ ձերբազատինք անմիջական ներկայի ազդեցութենէն որ յաճախ կանխահաս դատումներու կ՛առաջնորդէ միտքը, եւ քիչ մը աւելի խորը նայինք իրերուն, կը տեսնենք որ թրքական յաղթանակը կարծուածին չափ մեծ չէ: Մանաւանդ չէ կատարուած Սանճաքի հարցին հաշուեփակը:
Նախ պէտք չէ չափազանցել եղած տեղատուութիւնը: Եթէ Ֆրանսա իրապէս վճռած ըլլար բոլորովին ձեռք քաշել Սանճաքէն, ինչո՞ւ երկու տարի արիւն-քրտինք մտնէր եւ այնքան կծու խօսքեր լսէր: Կը յանձնէր երկու տարի առաջ, երբ թուրքերը այնքան ամրապէս ոտք կոխեցին:
Արժանապատուութեան խնդի՞ր: Ի՞նչ աւելի դիւրին, քան գտնել զայն փրկելու ձեւ մը: Ժընեւի գլխուն կը փաթթէր գործը, քանի որ օրինապէս ան է բուն «տէրը», եւ ձեռքերը կը լուար:
Մնաց, որ Կիլիկիոյ պարպումին ատեն, այդ ձեւակերպութեան ալ պէտք չտեսաւ: Որոշելուն պէս` առաւ քալեց:
Մինչդեռ, այս անգամ պայքարեցաւ սկիզբէն մինչեւ վերջը: Եւ յամառօրէն, որոշ ծրագրով:
Այն ատեն ինչո՞ւ տեղի տուաւ, հարցուի թերեւս: Քանի մը վաշտ զօրք սահմանին վրայ, երկու-երեք մարտանաւ` Ալեքսանտրէթի ծոցին մէջ, եւ արդէն կը խաղաղէին ջուրերը:
Նկատի առնելու է, սակայն, որ անդին կան շատ աւելի կենսական ու հրատապ հոգեր, սկսեալ Սպանիայէն ուր տուն-տեղ ըլլալու կը պատրաստուին երկու հզօր եւ չարակամ հարեւաններ, մինչեւ կեդրոնական Եւրոպան եւ վերջապէս Ծայրագոյն Արեւելքը, ուր Ճափոն բացէ ի բաց կը սպառնայ նաեւ Հնդկաչինի, ֆրանսական այդ մեծ գաղթավայրին: Եւ դրութիւնը հոն հասաւ, որ Փարիզ երկու հեղ պատրաստուեցաւ զօրքը շարժման մէջ դնելու, անգամ մը դէպի Փիրէնեանները, անգամ մըն ալ` դէպի Հռենոս:
Եւ վերջինը` մայիս 21-ին, ճիշդ այն պահուն, երբ կ՛եռեւեփէր «Հաթա»ի խնդիրը, երբ Եունուս Նատիներ կը սպառնային «Հիթլէրի լեզուով» խօսիլ:
Այսքան տագնապալի վայրկեանի մը, 5 աթոռ աւելի կամ պակասի համար չէր որ Ֆրանսա խնդիր պիտի հանէր:
Բայց ըրած զիջումը, որքան ալ մեծ, չի նշանակեր վերջնական ձեռնթափութիւն: Կը բաւէ նկատի ունենալ որ նոյն զիջող ոգին ցոյց տուաւ նաեւ չեխական վէճին մէջ, որ անտարակոյս անհամեմատօրէն աւելի կենսական է, իբրեւ մայր հայրենիքի ապահովութիւնը շօշափող պարագայ մը: Այսպէս է որ, մէկ կողմէ Պերլինի հասկցնելով հանդերձ թէ պիտի չհանդուրժէ զինուորական արշաւանքի մը, միւս կողմէ ճնշում բանեցուց Փրակայի վրայ, որպէսզի ամէն միջոցաւ, անգամ ինքնավարութեան գնով, գոհացնէ սիւտէթեան գերմանները, միջամտութեան առիթ չտայ Հիթլէրի:
Ինչպէս որ ասիկա չի նշանակեր լքել Չեխիան, նոյնպէս ալ թուրքերուն վարչական իրաւունքներ շնորհելը չի նշանակեր ձեռնթափ ըլլալ Սանճաքէն: Ոչ, Ֆրանսա հոն է մինչեւ 1940` իբրեւ հոգատար, ինչպէս պաշտօնապէս յայտարարած է գնդապետ Գօլէ: Եւ անկէ յետոյ ալ պիտի մնայ` իբրեւ ընդհանուր կառավարիչ:
Ի՞նչ փոյթ թէ թրքական վարչութիւնը կը տիրապետէ: Երբ ղեկը ձեռքդ է իրաւապէս թէ գործնապէս, մնացածը երկրորդական է: Կը բաւէ որ հողամասը վերջնապէս չկորսուի, օտար գրաւման չենթարկուի:
Արդ, ներկայ արդիւնքով, այդ վտանգը փարատած է եթէ ոչ երկար, գոնէ որոշ ատենի մը համար: Մինչ այդ ալ` Աստուած ողորմած է, ինչպէս կ՛ըսեն: Անհատներու նման, պետութիւններն ալ յաճախ կ՛ապրին օրը օրին, մնացածը թողլով դէպքերուն, որոնք անդադար կը փոխուին:
Թուրք զինուորական պատուիրակութեան մը ժամանումը եւ այս առթիւ կատարուած ծայրայեղ ցոյցերը դեռ բաւական չեն հակառակը հաստատելու: Ասկէ առաջ ալ, ֆրանսակա՛ն պատուիրակութիւն մը գնաց Անգարա եւ նոյնպէս ընդունուեցաւ զինուորական պատիւներով: Իսկ բոլորովին մտացածին է այն զրոյցը, թէ թրքական ջոկատ մըն ալ պիտի գայ Սանճաք:
Ոչ, որքան ալ միտք պղտորող, այս բոլորը դեռ չեն նշանակեր գրաւում»:
***
Իսկ 18 յունիս 1938-ին, «Սանճաքի հաշուեկշիռը» խորագիրով խմբագրականին երկրորդ մասով «Ազդակ» կը գրէր.
«Եթէ մէկ կողմ դնենք Թուրքիոյ բարոյական շահը, որ անտարակոյս շատ մեծ է, ի՞նչ կը մնայ անդին իբրեւ նիւթական, շօշափելի՛ արդիւնք:
Ճշգրտօրէն կարենալ պատասխանելու համար, ամէնէն առաջ հարկ է գիտնալ, թէ ինչե՜ր ուզեց այն ծանուցագրով, զոր մայիսի վերջերը տուաւ Ֆրանսայի, Փարիզի իր դեսպանին միջոցաւ:
Այս մասին ո՛չ մէկ որոշ տեղեկութիւն` թրքական թէ օտար մամուլին մէջ: Բայց դատելով թուրք թերթերու լեզուէն, որով եօթը երկինքները կը բարձրացնեն իրենց շահած յաղթանակը, կը տարուինք եզրակացնելու, թէ յունիսի ընթացքին Սանճաքի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններն են որ կը կազմեն իրենց հաշուեցուցակը:
Արդ, ի՞նչ բնոյթ եւ տարողութիւն ունին այդ փոփոխութիւնները. մէկիկ մէկիկ կշիռքի զարնենք:
1.- Վարչական.- Նահանգին ներքին վարչութիւնը յանձնուեցաւ քեմալական թուրքի մը: Փոխուեցան Անտիոքի գայմագամը եւ քանի մը ուրիշ պաշտօնեաներ: Երկու-երեք ոչ թուրք պաշտօնեաներ ալ արձակուեցան:
Պաղարիւնութեամբ դիտեցէք եւ պիտի տեսնէք, որ եղածը արմատական վերակազմութիւն մը չէ, ոչ ալ մանաւանդ իշխանութեան կատարեալ փոխանցումը թուրքերուն, ինչպէս զրոյց հանեցին յունիսի սկիզբները, պատճառ դառնալով ծայր տուած խուճապահար մեկնումներուն:
Արդարեւ, ներքին կառավարիչին թուրք կամ ալեւի ըլլալը վերջ ի վերջոյ ինչպէ՞ս կրնայ հիմնապէս փոխել ընդհանուր կացութիւնը, երբ կը մնայ հոգատար իշխանութիւնը, այն ալ ամբողջական կազմով, առանց ոեւէ ճիւղ ջնջելու:
Եթէ ուզէինք շօշափելի օրինակ մը տալ, պիտի յիշէինք Սուրիոյ պարագան: Դահլիճը չափաւո՞ր թէ ծայրայեղ տարրերու ձեռքը կը գտնուի.- գրեթէ նոյնն է հոգատար պետութեան համար: Հոգ մը պակաս, հոգ մը աւելի: Այսչափ:
Իսկ պարագան աւելի կը պզտիկնայ, երբ խնդրոյ առարկան փոքրիկ Սանճաքն էր, իր սահմանափակ ու զուտ ներքին շրջանակով:
Միւս փոփոխութիւնները շատ աւելի մանր են: Օրինակ` Անտիոքի գայմագամութեան մէջ եղածը պարզապէս սա է.- թուրքի մը յաջորդած է ուրիշ թուրք մը: Իսկ եթէ անդին երկու-երեք ոչ թուրքեր «արձակուրդ»-ի քաղաքավարական բանաձեւով հեռացուած են, ասդին կան առնուազն տասնապատիկ թիւով ոչ թուրքեր ալ, որ կը մնան իրենց պաշտօնին վրայ: Այսպէս` ո՛չ մէկ աչքառու փոփոխութիւն Ալեքսանտրէթի մէջ:
Յետոյ, եղածը առժամեայ բնոյթ ունի եւ պաշտօններու վերջնական բաշխումը պիտի կատարուի հետագային, անտարակայոս համայնքներու թուական ուժին համեմատ, եթէ երբեք կանոնագրութիւնը կարենայ գործադրուիլ:
2.- Ընտրական.- Նկատի ունենալու է որ փոփոխութեանց նպատակն էր ոչ թէ շատ թուրք տեղաւորել, այլ ձեռք առնել վարչութիւնը եւ այս ձեւով ՇԱՀԻԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, ապահովել իրաւական հաստատուն հիմ մը, եւ անոր կռթնած` պահանջներ դնել ու արժեցնել:
Ապահովուեցա՞ւ այս հիմնական նպատակը: Կարելի չէ որոշ պատասխան մը տալ, քանի որ դեռ յայտնի չէ արձանագրութեանց վերջնական արդիւնքը: Բայց դատելով հայ համայնքին արձանագրած թիւերէն, որոնք երէկ հաղորդուեցան մեր թղթակցին կողմէ, կրնանք ենթադրել, որ թուրքերը ձեռք չբերին յուսացուած շահը:
Արդարեւ, 2150-ը, զոր հայերը շահած են Անտիոքի շրջաններուն մէջ, մօտաւորապէս կը համապատասխանէ այն թիւին, որ կը նախատեսուէր լաւատեղեակ անձերու կողմէ, վերջին դէպքերէն շատ առաջ:
Ի՞նչ կը հետեւի ասկէ: Այն որ, հակառակ ստեղծուած ահ ու սարսափի մթնոլորտին, հակառակ փորձուած բոլոր ճնշումներուն, հայ տարրը յաջողած է գործածել իր ընտրական իրաւունքը: Մինչդեռ կարծողներ կային, թէ շատերը պիտի չմօտենան ընտրական դիւաններուն, ոմանք ալ թրքական ցանկին մէջ պիտի արձանագրուին, ինչպէս թելադրուած էր կարգ մը շրջանակներէ:
Եթէ – ինչպէս ներելի է յուսալ – արաբներն ու ալեւիներն ալ կրցած են այսպէս օգտուիլ իրենց իրաւունքէն, այն ատեն դժուար թէ թուրքերը յաջողած ըլլան շահիլ հարիւրին 55-ի մեծամասնութիւնը:
Այս պարագային, արդէն իսկ մեծապէս կը բարելաւուի կացութիւնը, քանի որ Անգարա իրաւունք չունենար որեւէ առարկութիւն ընելու: Ինչպէ՞ս ընէ, երբ աւելիով շնորհուեցան ուզած «ազատութիւն»-ները, երբ ընդհակառակն ոչ թուրքերն էին, որ բռնադատուեցան, ինչպէս պաշտօնապէս խոստովանեցաւ չէզոք յանձնաժողովը, յունիս 9-ի իր զեկոյցով:
Բայց, յոռեգոյնը ենթադրելով, ընդունինք, թէ թուրքերը «ապահոված» են հարիւրին 55-ը: Այս պարագային իսկ, նորէն տակն ու վրայ չըլլար կացութիւնը, Թուրքիոյ հետ կցման համար բաւարար հիմ մը չի կազմուիր: Որովհետեւ, այդ համեմատութիւնը ջախջախիչ չէ, շատ վար կը մնայ ասկէ առաջ ցուցադրուած յաւակնութենէն (հարիւրին 75-80), եւ ոչ թուրքերը պատճառ պիտի չունենան գանգատելու, եթէ օգտուին 45-ի համեմատութեան իրաւունքներէն»:




