Հայրենի Կեանք

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Միքրոելեկտրոնիքայի
Հայաստանեան
Ամէնամեայ Եօթներորդ
Միջազգային
Ողիմպիականին Գլխաւոր Հովանաւորն Է

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ, որ միքրոելեկտրոնիքայի հայաստանեան ամէնամեայ եօթներորդ միջազգային ողիմպիականի եզրափակիչ հանգրուանին շահած են 24 մասնակցող` 10 անուանակարգի մէջ: Նշենք, որ ողիմպիականի գլխաւոր հովանաւորն էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, իսկ «Սինոփսիս Արմենիա ՓԲԸ»-ն ողիմպիականի հովանաւորը եւ գլխաւոր կազմակերպիչն էր:

Հայաստանի մէջ «Սինոփսիս»-ի շաբթուան շրջանակներուն մէջ իրականացուող այս տարուան ողիմպիականին մասնակցած էին 14 երկիրներէ ներկայացուցիչներ` Հայաստանէն, Պիելոռուսիայէն, Չինաստանէն, Եգիպտոսէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Մալեզիայէն, Ռուսիայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Սերպիայէն, Միացեալ Արաբական Էմիրութենէն, Ուքրանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Ողիմպիականի 418 մասնակիցներէն 191-ը հայաստանեան համալսարաններու եւ տնտեսական ընկերութիւններու, իսկ 227-ը` միջազգային համալսարաններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ էին:

Այս տարուան ողիմպիականը իրականացաւ երկու հանգրուանով: Առաջինը ստուգարքի ձեւով իրագործուեցաւ սեպտեմբերին` մասնակից բոլոր երկիրներուն մէջ: Երկրորդը կը ներառէ ինքնատիպ լուծումներ պահանջող ճարտարագիտական հարցեր: Առաջին հանգրուանին 418 մասնակիցներէն երկրորդ հանգրուան անցան 34-ը, անոնցմէ 18-ը Հայաստանէն էին, 14-ը` Երեւանէն, 4-ը` Գիւմրիէն, իսկ 16-ը` տարբեր երկիրներէ:

«Հայաստանի մէջ կրթութեան որակը կը կանխորոշէ մեր ապագան: Անիկա էական դեր ունի  երկրի մրցակցային առաւելութիւնները խթանելու հարցին մէջ», յայտնեց ողիմպիականի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութեան` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: «Անհրաժեշտ է հնարաւորինս քաջալերել այսպիսի նախաձեռնութիւններ: Իբրեւ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կարեւոր կը համարէ այս նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ երիտասարդներուն կարելիութիւն կ’ընձեռէ  բացայայտելու եւ խրախուսելու իրենց  ստեղծագործականութեան կարողականութիւնը»:

Յայտնենք, որ միքրոելեկտրոնիքայի հայաստանեան ամէնամեայ միջազգային եօթներորդ ողիմպիականին շահողներուն մրցանակներ շնորհուեցան «Սինոփսիս»-ի մեծարման երեկոյի ընթացքին:

Լեւոն Աւդոյեանի Գործունէութիւնը Արժանացաւ
Հայաստանի
Սփիւռքի Նախարարութեան
Բարձրագոյն
Պարգեւին

Հոկտեմբեր 3-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայագիտութեան եւ վրացագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Աւդոյեանը:

Լեւոն Աւդոյեանին արմատները Խարբերդէն եւ Պիթլիսէն են: Անոր ընտանիքը պահպանած է հայկական աւանդոյթները եւ հայկականութիւնը: Սակայն աւդոյեաններուն փոքրիկները դադրեցուցած են հայերէն խօսիլը, երբ բնակութեան մեկնած են Ֆլորիտա: Այնուամենայնիւ, մանկութենէն հայոց պատմութիւնը եւ հայագիտութիւնը Լեւոն Աւդոյեանին հետաքրքրութեան առարկան դարձած են: Ան Սիվան քաղաքի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ համակողմանի գիտելիքներ ստացած է համաշխարհային ժամանակակից եւ հնագոյն պատմութեան ոլորտին մէջ: Անոր տոքթորական ատենախօսութեան նիւթը, որ հետագային հրատարակուած է գիրքի տեսքով, կը վերաբերի Տարօն գաւառի պատմութեան: 1977 թուականէն աշխատելով Քոնկրեսի գրադարանին մէջ` Լ. Աւդոյեան տարիներու ընթացքին հայկական գիրքերուն թիւը 7 հազարէն հասցուցած է 145 հազարի:

Լեւոն Աւդոյեանին ջանքերով Քոնկրեսի գրադարանին մէջ ապրիլին բացուեցաւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որ 6 ամսուան ընթացքին աւելի քան 200 հազար այցելու ունեցաւ, հազարաւոր արտասահմանցիներ ծանօթացան հայ գրատպութեան պատմութեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ  բարձր գնահատեց Լեւոն Աւդոյեանի  գործունէութիւնը եւ յատկապէս անոր մասնագիտական հմտութիւնները` աւելի քան 10 լեզուներու իմացութիւնը, հայագիտութեան  եւ վրացագիտութեան ոլորտներուն մէջ հիմնարար ուսումնասիրութիւնները եւ բացայայտումները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձրագոյն պարգեւին արժանանալուն համար` Լեւոն Աւդոյեան յայտնեց. «Այս մեծագոյն պատիւ է ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ այն կազմակերպութեան համար, ուր տարիներ շարունակ աշխատած եւ նպաստած եմ հայագիտական աշխատանքին մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ առաջին այցելութենէս ի վեր ես սիրահարած եմ Հայաստանին: Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ցուցադրութեան ժամանակ ես այնքան ոգեւորուած էի, որ տեսայ մեծ մօրս տեսիլքը: Այս ցուցադրութիւնը կազմակերպեցի անցեալի եւ ապագայի համար»:

Հանրապետութեան Լաւագոյն Մանկավարժները
Պարգեւատրուեցան

Ուսուցիչի օրուան նախօրեակին Հայաստանի Հանրապետութեան 23 մանկավարժներ 4 հոկտեմբերին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի կողմէ ստացան ոսկի յուշամետալներ: Նախարար Ա. Աշոտեան ողջունեց հանրապետութեան դպրոցներուն, Լեռնային Ղարաբաղի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի մէջ աշխատող մօտաւորապէս 41 հազար մանկավարժները: «Դուք ունիք ընտանիքներ, փոքրիկներ, թոռներ, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր, որ ձեր մասնագիտական գիտելիքները, հմտութիւնները, արժեհամակարգը փոխանցէք նաեւ աշակերտներուն», հաղորդեց նախարարը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն` իրենց անտրտունջ եւ անձնուրաց աշխատանքին համար:

«Միշտ չէ, որ հանրային կարծիքը կը համապատասխանէ ձեր կատարած աշխատանքին, սակայն դուք առաքեալներ էք կրթութեան ոլորտին մէջ», նշեց Ա. Աշոտեան` աւելցնելով, որ ուսուցիչները նախարարութեան հիմնական սիւներն են եւ իրականացուող քաղաքականութեան իսկական կատարողները:

Ասոր կողքին, ամէն տարի տեղի կ՛ունենան «Տարուան լաւագոյն ուսուցիչ», «Տարուան լաւագոյն տնօրէն» եւ «Տարուան լաւագոյն դաստիարակ» մրցումները, որոնք կը կայանան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հրամանով ստեղծուած յանձնաժողովներուն կողմէ: 2012 թուականի մրցումին մասնակցած է 34 մանկավարժ` Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Երեւանէն: Յաղթողներուն անունները պիտի հրապարակուին 5 հոկտեմբերին, Ուսուցիչի օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին:

«Տարուան լաւագոյն ուսուցիչ» եւ «Տարուան լաւագոյն դաստիարակ» հանդիսացողներուն պիտի տրամադրուին ինքնաշարժներ` Հայաստանի վարչապետին կողմէ: Վաստակաշատ մանկավարժները պիտի ստանան պետական պարգեւներ, Հայաստանի վարչապետի յուշամետալ եւ շնորհակալագրեր:

Նոյն օրը, կրթական բնագաւառին մէջ իրենց ունեցած մեծ աւանդին համար, Հայաստանի ԱԺ նախագահի կարգադրութեամբ, հանրապետութեան դպրոցներէն խումբ մը ուսուցիչներ եւ ոլորտի յառաջատար մասնագէտներ արժանացան Ազգային ժողովի պատուոյ շքանշաններուն եւ Ազգային ժողովի նախագահի շնորհակալագրերուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մասնակցութեամբ
Վերաբացուեցաւ
Էջմիածինի Եկմալեանի Անուան
Երաժշտական
Դպրոցը

Հոկտեմբեր 7-ին Էջմիածինի Մակար Եկմալեանի անուան թիւ 1 երաժշտական դպրոցը   վերանորոգումէ ետք վերաբացուեցաւ: Դպրոցին բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ` այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:  Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան ղեկավարին` դպրոցին վերանորոգումը իրականացնելու համար: «Այսօր ունինք այս հիասքանչ դպրոցը, մեր ուսուցիչները հպարտութեամբ  լեցուած են երկրի  նախագահին` դէպի մշակոյթը, դէպի վաղուան ապագան ունեցած վերաբերմունքէն», յայտնեց քաղաքապետը:

Մ. Եկմալեանի անուան դպրոցը հիմնադրուած է 1969-ին եւ այդ թուականէն ի վեր չէ նորոգուած: Դպրոցի տնօրէն Բենիկ Շամիրեան նշեց, որ դպրոցը երկրաշարժէն վնասուած շէնքերէն մէկն է, եւ շէնքի պայմանները բարւոք վիճակի մէջ չէին: «Այս տարի 82 փոքրիկ ընդունուած է դպրոց, որ աննախադէպ ցուցանիշ է, որովհետեւ այսպիսի ընդունելութիւնն անգամ Երեւանի երաժշտական դպրոցներուն մէջ չկայ», ընդգծեց տնօրէնը: Ըստ անոր, էջմիածինցիները կը սիրեն երաժշտութիւն, յատկապէս` լարային, փողային եւ ժողովրդական գործիքներ:

Երկրի ղեկավարին յանձնարարութեամբ, պետական պիւտճէէն 130 միլիոն դրամ յատկացուած է երաժշտական դպրոցի վերանորոգման համար: Դպրոցին մէջ կ’ուսանի 293 աշակերտ:

Դպրոցի վերաբացումէն ետք Սերժ Սարգսեան, «Համաշխարհային ժառանգութեան քաղաքներ» կազմակերպութեան պատուիրակութեան հետ միասին, այցելեց Էջմիածինի քաղաքապետարանին յարակից զբօսայգիին մէջ տեղադրուած արցախեան հերոսամարտի յուշարձանին եւ ծաղիկներ տեղադրեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհուած հայորդիներու յիշատակին:

«Համաշխարհային ժառանգութեան քաղաքներ» կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի եւ տնօրէններու խորհուրդին նիստը սկիզբ առաւ հոկտեմբեր 7-ին, Էջմիածինի մէջ` հայոց հոգեւոր մայրաքաղաքի հիմնադրման 2697-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ:

Երեւանի Մէջ Տեղադրուեցան Պարոյր Սեւակին
Եւ
Հրանդ Մաթեւոսեանին Արձանները

Երեւանի քաղաքապետարանը կը շարունակէ իրականացնել «Մեր հանճարները մեր կողքին են» նախագիծը: Հոկտեմբեր 7-ին, Մոսկովեան պուրակի հարեւանութեամբ, Իսահակեան փողոցի մայթի նստարանին տեղադրուած է բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի արձանը: Իսկ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հարեւանութեամբ, Մաշտոցի պողոտային յարող այգիին մէջ, տեղադրուած է գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի արձանը:

Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական Արամ Սուքիասեան յայտնած է, որ հայ մեծերու արձաններ պիտի տեղադրուին նաեւ Աբովեան պուրակի մէջ, ուրիշ մը` Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ եւ այլ բանուկ վայրերու մէջ: «Մինչեւ Էրեբունի-Երեւանի տօնակատարութիւնները` հոկտեմբեր 14-ը, կը նախատեսուի տեղադրել 9-12 արձան, սակայն պիտի չյայտարարենք, թէ որո՛նց արձաններն են: Այս նախագիծը քաղաքապետարանին անակնկալն է երեւանցիներուն եւ արձաններու տեղադրման օրուան», նշած է ան:

Սեպտեմբեր 20-ին Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ` «Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնի դիմաց, նստարաններուն տեղադրուեցան` Մհեր Մկրտչեանին եւ Եղիշէ Չարենցին արձանները, որոնց հեղինակն է Սուրէն Մելքոնեան, իսկ անոնք պատրաստուած են կաւէ:

Մեծ Մարդ Եւ Մեծ Արուեստագէտ
Էդուարդ
Միրզոյեան
Քալեց
Դէպի Անմահութիւն…

Մեծանուն երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 7-ին, Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, վերջին հրաժեշտը` հոկտեմբեր 8-ին, ժամը 12:00-14:00-ին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը` Կոմիտասի անուան այգիին պանթէոնին մէջ: Էդուարդ Միրզոյեանի մահուան կապակցութեամբ Հայաստանի վարչապետին որոշումով ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ:

Հոկտեմբեր 5-ին 91 տարեկանին մահացաւ մեծանուն երգահան, յայտնի մտաւորական, պետական եւ հասարակական գործիչ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ եւ ազգային մշակոյթի նուիրեալ Էդուարդ Միրզոյեան:

Էդուարդ Միրզոյեան ծնած է 1921 մայիս 12-ին, Վրաստանի Գորի քաղաքը, յայտնի արուեստագէտներու ընտանիքին մէջ: 1941-ին աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ` Վարդգէս Տալեանի  ստեղծագործական դասարանը, այնուհետեւ 1946-1948 թուականներուն կատարելագործած է Հայ մշակոյթի տան երաժշտական սթիւտիոյին մէջ: 1948-ին Էդուարդ Միրզոյեան դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ: 1956-1991 թուականներուն եղած է Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան վարչութեան նախագահ, 1994-էն` պատուաւոր, իսկ 1962-էն ընտրուած է Խորհրդային Միութեան երաժշտահաններու միութեան նախագահութեան քարտուղար: 1977-ին Է. Միրզոյեան Հայաստանի խաղաղութեան հիմնադրամի վարչութեան 2009-էն  պատուաւոր նախագահ  եղած է:

Է. Միրզոյեան մէկն էր այն անհատականութիւններէն, որ հայ արուեստին մէջ ազդանշեց 60-ականներու նորարական շունչը` ուղիղ, ճշմարիտ եւ անկեղծ խօսքի արժեւորումով: Է. Միրզոյեան սիմֆոնիք արուեստին մէջ զարգացուց կոմիտասեան սկզբունքները` սերունդներու համար հարթելով նոր ուղիներ:  35 տարի անընդմէջ ղեկավարելով Հայաստանի երաժշտահաններու միութիւնը` Է. Միրզոյեան մեծապէս նպաստեց հայ երաժշտարուեստի բնականոն զարգացման: Ան սերունդներ դաստիարակած է` ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան գաղափարներով:

Հարուստ եւ բազմատեսակ է Էդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ յատկապէս կ’առանձնանան Ա. Իսահակեանի եւ Ե. Չարենցի խօսքերով գրած ռոմանսները` «Ասում են, թէ…», «Երազ տեսայ» եւ այլն, «Հայրենիքն է կանչում» խմբերգը եւ այլ գործեր:

Էդուարդ Միրզոյեան արժանացած է տասնեակ մը  մրցանակներու եւ պարգեւներու: 1971-ին ան պարգեւատրուած է Պուլկարիոյ «Կիրիլ եւ Մեֆոտի», 2001-ին` Հայ եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպի, 2005-ին` Գերմանիոյ «Պետրոս Մեծ», 2011-ին` Հայաստանի պատուոյ շքանշաններ, 1998-ին` Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի», 2006-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ոսկիէ, 2006-ին Լէոնարտօ տա Վինչիի անուան միջազգային եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան «Եկատերինա Բ.» մետալներով, 1998-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Արամ Խաչատրեանի անուան մրցանակի:

Հայրենիքին եւ ժողովուրդին անմնացորդ նուիրուած քաղաքացի, իմաստուն եւ բարի մարդ, ազնիւ եւ շիտակ անհատականութիւն, հմուտ եւ հեռատես ղեկավար Էդուարդ Միրզոյեան կը վայելէր մեծ ժողովրդականութիւն, իր գործընկերներու եւ հասարակութեան սէրը եւ յարգանքը:

Է. Միրզոյեան իր նկարագրով մեծ մարդ եւ մեծ արուեստագէտ` քալեց դէպի անմահութիւն…

«Գրական Տապան» Գրողներու Միջազգային
Հանդիպում
` Հայաստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 16-26 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Գրական տապան» գրողներու միջազգային հանդիպում:

Այս մասին տեղեկացանք «Երեւանը` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ձեռնարկներու պաշտօնական կայքէն:

«Գրական տապան»-ը հայ գրողներու, գրականագէտներու, լրագրողներու, ընթերցողներու եւ հրաւիրեալ գրողներու համար ինչպէս մասնագիտական, այնպէս ալ մշակութային, հասարակական-քաղաքացիական հարցերու քննարկման բեմ է: 2012-ի «Գրական տապան»-ը ունի երկու խորհրդանշական հատուածներու պայմանական բաժանում` բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Ծրագիրը կը ներառէ` քննարկումներ, ընթերցումներ, կլոր սեղաններ, վարժանիստեր:

Օտար հիւրերը կարելիութիւն կ’ունենան այցելելու` Լոռիի եւ Տաւուշի մարզին մէջ, ապա` Երեւանի եւ անոր շուրջ գտնուող պատմական մշակութային յուշարձանները, ինչպէս նաեւ` գտնուելու Հայաստանի համալսարաններուն մէջ եւ անմիջապէս շփուելու բանասէր, օտար լեզուներու եւ գրականութեան մասնագէտ դասախօսներու, ուսանողներու հետ: «Գրական տապան»-ի ծրագրին մէջ նախատեսուած են հեղինակային ընթերցումներ, գրական քննարկումներ «talk-show»-ի ձեւաչափով, «գրական» պատկերասրահի` նկարիչներու մասնակցութեամբ: Փառատօնի բացման արարողութեան շրջանակներուն մէջ պիտի կայացուի նաեւ «Գրական տապան-2011» գիրքին շնորհահանդէսը եւ համանուն ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Տիճիթեք»-ի
Տարեկան Ցուցահանդէսը

Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի «Տիճիթեք» տարեկան ցուցահանդէսը այս տարի կայացաւ «Տօն հայ արհեստագիտութեան համար» կարգախօսով: Անոր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 5 հոկտեմբերին. ցուցահանդէսը տեւեց երեք օր: Բացումին մասնակցեցան` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, գործարարներ, հասարակական գործիչներ:

«Տիճիթեք-2012» ցուցահանդէսին մասնակցեցան տեղական, քորէական, սինկափուրեան, ռուսական, վրացական, գերմանական, իտալական եւ ամերիկեան 120 կազմակերպութիւններ` նախորդ տարուան 113-ի փոխարէն:

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան» գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան ըսած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ցուցահանդէսին մասնակցած է իտալական ընկերութիւն մը` «ImagingLab»-ը, որ մասնագիտացած է մարդամեքենայի արհեստագիտութեան եւ պատկերներու մշակման մէջ: Նախաձեռնութեան կարեւոր ձեռքբերումներէն էր նաեւ Քորէայի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը, որուն արհեստագիտական ձեռքբերումները ներկայացուցին Քորէայի ազգային տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման գործակալութիւնը, Առեւտրական արդիւնաբերական պալատը եւ այլ կազմակերպութիւններ:

«Տիճիթեք»-ի հիմնական նպատակը բարձր արհեստագիտութեան ընկերութիւններու, գործարար սպառողներու եւ հասարակութեան միջեւ հաղորդակցման բարենպաստ միջավայր ստեղծելն է: Ցուցահանդէսը հայաստանեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան դաշտի իսկական պատկերը ուսումնասիրելու, ընկալելու, ձեռքբերումներուն ծանօթանալու, առկայ մարտահրաւէրները եւ կարելիութիւնները տեսնելու առիթ է: Անիկա նաեւ կը միտի միջազգային կապերու ընդլայնման: Ցուցահանդէսներուն զուգահեռ, տեղի ունեցան նաեւ այլ ձեռնարկներ` սեմինարներ, քննարկումներ, ցուցադրութիւններ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES