Ամբո՞ղջ Ձախին

Հոլանտ

6 մայիս 2012-ին Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ ընտրուեցաւ Ֆրանսական Հանրապետութեան նախագահ: Նորընտիր նախագահը արդիւնքները իմացաւ Թիւլի մէջ գտնուած ատեն. հոն իր կատարած անդրանիկ յայտարարութեան մէջ ան ըսաւ. «Շատեր երկար տարիներէ կը սպասէին այս պահուն. ուրիշներ, որոնք աւելի երիտասարդ են, այսպիսի պահ երբեք չեն տեսած: Ձեզի առաջարկած բարեփոխումս վայել պէտք է ըլլայ Ֆրանսայի մակարդակին»:

Այսպէս, աւելի քան երեք տասնամեակ անցած է այն օրէն, երբ պատմական 10 մայիս 1981-ին նորընտիր Ֆրանսուա Միթերան մը յոխորտաց,  թէ` «Կեանքը պիտի փոխուի»: Երկար տասնամեակներ ետք «ձախ»-ը կը վերստանձնէ ղեկը` միաժամանակ վայելելով մեծամասնութիւն մը թէ՛ Ազգային ժողովին, թէ՛ ալ ծերակոյտին մէջ: Ուրեմն այդ «ձախ»-ին անցեալի փորձառութիւնները կրնան հարստացնել այսօրուան գործունէութիւնը եւ շատ օգտակար պիտի ըլլայ խորհրդածել իր իշխանութեան օրերու հաշուեկշիռին մասին: Բայց ո՞ւր եւ ե՞րբ: Շատ ընդարձակ նիւթ մըն է, մանաւանդ որ իւրաքանչիւրը ի՛ր սահմանումը կու տայ «ձախ»-ին, իսկ նոյնինքն «ձախ»-ի ընկալումն ու դերը հիմնականօրէն տարբեր է մէկ հանգրուանէն միւսը, եւ մէկ վայրէն միւսը:

Միթերան

Ուրեմն հոս պէտք չէ ծանրանալ Խորհրդային Միութեան վարած քաղաքականութիւններուն վրայ, թէկուզ անիկա տասնամեակներ շարունակ հանդիսացաւ մարմնացումը միլիոնաւոր ձախակողմեան այրերու եւ կիներու երազներուն` յանուն համայնավարութեան: Պէտք չէ նաեւ յիշել Մաօ Ցէ Թունկի Չինաստանը, Քուպան կամ ընկերվարական գաղափարախօսութեան դիրքը եւ անոր ներշնչած բազմաթիւ փորձառութիւնները հակագաղութատիրական պայքարներու տարիներուն:

Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի բազմակուսակցական վարչաձեւերուն վրայ: Հոն առաջին ակնարկէն պիտի հաստատենք, որ իշխանութեան տիրանալը անհրաժեշտ պայման է, բայց ինքնին բաւարար չէ կատարելու լաւ բարեփոխումներ եւ բարեկարգումներ:

Փիեռ Մենտեզ Ֆրանս Քաղաքական պաշտօնատարներուն եւ կառավարութիւններուն մասին ըսաւ, որ «ակնյայտ է, թէ անոնք, որքան ալ կամենան, չեն կրնար մէկ վայրկեանէն միւսը շատ ուռեցնել ազգային արտադրութեան չափը, կամ հիմնական վերատեսութեան ենթարկել անոր հասոյթներուն բաշխումը, տակն ու վրայ ընել ընկերային խմբակներու միջեւ յարաբերութիւնները, բարելաւել ապրուստի եւ կեանքի որակը եւ լուծել այնպիսի ճգնաժամեր, ինչպիսիք են կրթութեան, երկրագործութեան եւ դրամի հարցերը»:

Ասոր վրայ փորձը ցոյց տուաւ, որ ամէնուրեք կու գայ աւելնալու այլ հանգամանք մը. պետական ու քաղաքական հաստատութիւններէն դուրս գտնուող ուժեր (1920-ական տարիներու «դրամի պատ»-ը, շուկան, գործատէրերը, բազմազգեան ընկերութիւնները, ազատական «թեքնոքրաթ»-ները, մեր օրերու պահպանողական կամ կեղծ յառաջդիմական զանգուածային լրատուամիջոցները…) կը մերժեն խոնարհիլ եւ ենթարկուիլ ժողովրդային գերիշխանութեան եւ նուրբ կամ բիրտ ու վայրագ ձեւերով ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն պետական-քաղաքականէն տարբեր միջոցներով պարտադրելու իրենց տեսակէտերը:

Եւ քանի որ այդպէս է, կարելի՞ է անկարելի նկատել անցեալի իրավիճակին հետ որեւէ խզում:

«Լոգանքի ջուրին հետ չեն թափեր մէջը լոգցած մանուկը» կ՛ըսէ ֆրանսական առածը: Անհրաժեշտ է եւ պիտի անդրադառնանք «ձախ»-ին կողմէ տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ վայրերու մէջ կատարուած անհերքելի յառաջդիմութեանց: Այնուհանդերձ, 1997-ին Եւրոպական Միութեան  15 երկիրներէն 13-ին մէջ իշխանութեան գլխուն կը գտնուէր «ձախ»-ը: Ի՞նչ արդիւնք տուաւ ան: Այդ պահուն միլիոնաւոր քաղաքացիներ, անոնց սենտիքաները եւ միութիւնները կը պահանջէին կերտել «ընկերային» Եւրոպա մը, ուր հաւաքական շահը կը գերադասուի անհատականին կամ հատուածականին: Այդ պահուն Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները որդեգրեցին բանական ճակատագրապաշտութեան ոճը` միանալով դրամական եւ առեւտրական խաւերու գաղափարախօսութեան. անոնք ալ դեր ունէին երկիրները,  ապա ճարտարարուեստականացնելու,  ազատականութեան պատրուակով տնտեսական կեանքը ապականոնաւորելու  եւ կրծելու-մաշեցնելու տնտեսական ու ընկերային ոլորտներուն մէջ պետութիւններու միջամտութիւններուն ու անոնց հնարաւորութեան մէջ: Օրինակի համար, 1997-ին, Գերմանիոյ մէջ, ձախակողմեան ընդդիմութեան ղեկավարը ըլլալով հանդերձ, Կերհարտ Շրէօտըր իր համաձայնութիւնը տուած էր Պունտեսպանքի խիստ աջակողմեան դրամական քաղաքականութեան: Շրէօտըր ինքզինք արդարացնելու համար բացատրեց, որ` «միայն Հանզ Պեթմայըրը (Կեդրոնական դրամատան` Պունտեսպանքի կառավարիչը) միակը չէ, որ կառչած է դրամանիշի կայունութեան. Գերմանիոյ հանրային կարծիքը, եւ մանաւանդ անոնք, որոնք խնայողութիւններ ունին դրամատուներու մէջ (եւ ասոնք ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան քուէարկողներու մեծամասնութիւնն են), կը բաժնեն անոր տեսակէտը»: Կար ժամանակ մը, երբ յառաջդիմական յորջորջուած կուսակցութիւնները աւելի կը հետաքրքրուէին եւ կը մտահոգուէին` պաշտպանելու ամսականներն ու հանգստեան կոչուածներու թոշակները, քան` դրամատուներու մէջ գումարներ դիզած խնայողներու հասոյթները:

Այսօր դրամատիրութիւնը կը դիմագրաւէ 1930-ականներու իր տագնապէն ի վեր աննախընթաց, իր յոռեգոյն ճգնաժամը: Այս պայմաններուն մէջ, Հոլանտ յայտարարեց, որ «դրամական շուկաները չեն, որ պիտի որոշեն Ֆրանսայի օրէնքները. կ՛ուզեմ վերականգնել մեր ազգային գերիշխանութիւնը, որ այսօր օտարացած է եւ անցած` շուկաներու եւ սակարանային գործակալութիւններու ձեռքը»: Տէր պիտի կանգնի՞ իր խօսքերուն, թէ՞ պիտի բաւարարուի իր «պատասխանատուութեան զգացում»-ը ապացուցելու համար կարկտելով համակարգը եւ երկչոտ ձեւով հաշուի առնելու շուկայի տնտեսութեան կեցուածքը:

Լատին Ամերիկան, կը մերժէ թոյլ տալ, որ զինք վախցնեն անոնք, որոնք հազիւ «ընկերվարութիւն» բառը լսեն, կը փութան զայն համարժէք հռչակելու «կուլակ»-ին: Վենեզուելային, Էքուատորին, Պոլիվիոյ եւ այդ շրջանի միւս «վարդագոյն-կարմիր» երկիրներուն հոգը չէ, թէ երբ իրենք իւրայատուկ եւ սեփական, ոչ միշտ «ուղղափառ» ուղեգիծ մը կը փնտռեն, թշնամանքի եւ կասկածներու միջազգային ալիքներ, նոյնիսկ ովկիանոսներ կը յառաջանան:

Անոնք չեն վախնար, որովհետեւ գիտեն, թէ պարզ ընտրական պարտութիւն մը չի կրնար միշտ պատճառ ըլլալ, որ այլապէս տիրապետող մեծամասնութիւն հանդիսացող դասակարգը իշխանութենէն մասնիկ մը իսկ զիջի միւս դասակարգին: Փա՞ստ. ապակայունացման ձախողած փորձերը, որոնք կատարուեցան Վենեզուելայի (2002), Պոլիվիոյ (2008) եւ Էքուատորի (2010) մէջ, բայց նոյնքան ուժեղ փաստեր են յաջողած փորձերը Հոնտուրասի (2009) եւ Փարակուէյի (2012) մէջ:

Չեն վախնար, որովհետեւ ի հակադրութիւն Եւրոպական ձախի ռազմավարութիւններու ծրագրային ունայնութեան` այդ երկիրներու կառավարութիւնները կը ցուցաբերեն քաղաքական ուժեղ կամք եւ վճռակամութիւն` գործադրելու յստակօրէն բանաձեւուած նպատակասլաց ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ զօրաշարժի ենթարկուած կը մնան իրենց ընկերութիւններու լայն շերտերը:

Միւս բոլորէն աւելի, կ՛արժէ խորհրդածել այս վերջիններո՛ւն փորձառութեան վրայ, մանաւանդ այս պահուն, երբ Յունաստանի մէջ փուլ կու գայ շատ «ընկերվար-ժողովրդավար» ՓԱՍՈՔ-ը, եւ ծնունդ կ՛առնէ Սիրիզա կոչուած «ձախին ձախը», կամ Ֆրանսայի մէջ ծնունդ կ՛առնէ «Ձախի ճակատ»-ը, եւ ամէնուր կը բարձրանայ «ընդվզածներ»-ու ձայնը:

 

«Մանիէր Տը Վուար»
Օգոստոս 2012

Share this Article
CATEGORIES