Երբ Անկարելի Է Ստուգել Աղբիւրները . Սուրիոյ Քարոզչական Պատերազմը

ԱՆԹՈՆԵՆ ԱՄԱՏՕ ԵՒ ՄԱՐՔ ՏԸ ՄԻՐԱՄՈՆ

Սուրիոյ մէջ հակամարտող երկու կողմերը, նաեւ` Միջին Արեւելքի բոլոր ուժերը, դէպքերուն եւ տարաձայնութիւններուն գծով ձեռնածութիւններ կ՛ընեն, որպէսզի անոնք ներկայացուին իրենց նպատակներուն ծառայող ձեւով: Շօշափելի իրողութիւններու լրատուամիջոցներուն մատչելիութիւնը խստիւ սահմանափակուած է եւ ասիկա` լաւագոյն պարագային, որովհետեւ ընդհանրապէս մատչելի չեն: Արդէն զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասն ալ կ՛ուզէ ունենալ պարզ, իր ունկնդիրներու հաճելի վարկած մը, եւ` անմիջապէս. ուրեմն ի՛նչ լաւ է,  որ զայն տրամադրող մը կայ…

 

Տեղեկութիւններ, Որոնց
Կարելի
Չէ Ապաւինիլ

Այս լրատուական կայանները կը շահագործեն իրենց հաւատարիմ հանդիսատեսներուն կանխատրամադրուածութիւնը` հաւատալու իրենց սփռած տեղեկութիւններուն, որքան ալ անհաւատալի կամ ոչ հաւաստի ըլլան անոնք:

Սիւնակագիր Քարոլին Ֆուրեսթ «Լը Մոնտ»-ի մէջ 25 փետրուարին գրեց. «Ըստ «Արապիյա»-ի, իրանեան վարչակարգի ընդդիմադիրներ իրեն յայտնած են, որ իրանեան կառավարութիւնը իր սուրիացի դաշնակիցին տուած է դիակիզարան մը, որ զետեղուած է Հալէպի ճարտարարուեստական շրջանին մէջ, որ մօտ օրէն պիտի աշխատի իր առաւելագոյն ուժով` հաւանաբար մոխրացնելու ընդդիմադիրներուն դիակները»:

Վերոյիշեալ երկու աղբիւրներուն կողքին, զանգուածային լրատուամիջոցները կ՛ապաւինին Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին (ՄԻՍԴ): «ՄԻՍԴ»-ը «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի եւ «Ռոյթըրզ»-ի միջոցով կը սփռէ իր տեղեկութիւնները` զինուորական բախումներուն պատճառած զոհերու թիւին մասին` հիմնուելով զինեալ ընդդիմութեան տուած զեկոյցներուն վրայ: «ՄԻՍԴ»-ի հիմնադիր Ռամի Ապտել Ռահման 2000-ին հաստատուեցաւ Բրիտանիա, ուր հագուստի վաճառատուն մը ունի: Քովընթրիի իր յարկաբաժինէն ան յայտարարեց, որ` «Ես իմ կազմակերպութեանս միակ անդամն եմ, որ Մեծն Բրիտանիա կը գտնուիմ: Ես 200 կամաւոր թղթակից ունիմ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Անոնք զինուորներ են, բժիշկներ են եւ ընդդիմութեան զինեալներ»: Ան կ՛ըսէ, որ ամբողջովին անկողմնակալ է եւ անկախ. «Ոչ ոք զիս կը ֆինանսաւորէ. ես «ՄԻՍԴ»-ը հիմնեցի 2006-ին, որովհետեւ կ՛ուզէի բան մը ընել երկրիս համար»: Բայց նկատի առած, որ ան միայն մէկ օգնական ունի` իր քարտուղարուհին, մեծ հարցական կը դառնայ այն, թէ ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն կրնայ ստանալու, ստուգելու եւ տարածելու ամբողջ Սուրիոյ տարածքին պատահող բախումներու եւ զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը, մանաւանդ որ «ՄԻՍԴ» այդ թիւերը կը հաղորդէ բախումներուն ընթացքին:

Այնուհանդերձ, «Ա. Էֆ. Փէ.»-ն «ՄԻՍԴ»-ի շնորհեց «Բանալի աղբիւր»-ի կարգավիճակ: Գործակալութեան պատասխանատուներէն Իզզուտին Սայիտ բացատրեց, որ «ՄԻՍԴ-ի լուրերը առաջին անգամ օգտագործեցին նոյեմբեր 2006-ին, այդ կազմակերպութիւնը ինքզինք փաստեց որպէս հաւաստի եւ վստահելի կառոյց, եւ ատոր համար կը շարունակենք գործածել անոր տեղեկութիւնները»:

«Ա. Էֆ. Փէ.»-ի Նիկոսիոյ կեդրոնատեղիին (հոն կը համադրուին Միջին Արեւելքի հաղորդումները) գլխաւոր խմբագիրը խոստովանեցաւ, որ`  «մեր թղթակիցները գրեթէ ոչ մէկ հաղորդակցութիւն ունին այդ կազմակերպութեան գետնի վրայ աշխատող թղթակիցներուն հետ: Դամասկոսի մէջ աշխատող մեր թղթակիցները ազատ գործելու հնարաւորութիւն չունին: Անոնք ի վիճակի չեն ամբողջ երկրի տարածքին տիրող կացութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցելու: «ՄԻՍԴ»-ը, թէեւ իր հաղորդագրութիւններուն մէջ քաղաքական կողմնակցութիւն չ՛ըներ, կատարեալ աղբիւր մը չէ: Բայց այդ աղբիւրը մեզի կու տայ նուազագոյն չափով անվստահելի թիւեր` զոհերուն եւ վիրաւորներուն մասին»: «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի մէջ շատեր կ՛անհանգստանան այս վիճակէն. «Շատ լաւ գիտենք, թէ «ՄԻՍԴ»-ը հաւաստի չէ», կը յայտնէ լրագրող մը, եւ կ՛աւելցնէ. «Այնուհանդերձ, կը շարունակենք գործածել անոնց տուած թիւերը, որովհետեւ երբ տնօրէնութեան նկատողութեան կամ հարցում ուղղես, միշտ նոյն պատասխանը կու տան, թէ` հաւանաբար ճիշդ ես, բայց միւս գործակալութիւնները կ՛օգտագործեն զայն, եւ մենք շատ սուր մրցակցութիւն ապրող ասպարէզի մը մէջ ենք»:

«Պի. Պի. Սի.» Իրաքէն լուսանկարով մը ներկայացուց Հուլայի ջարդը

Հուլայի ջարդին մասին «ՄԻՍԴ»-ի հաղորդումները մէկն են այն բազմաթիւ օրինակներէն, որոնք շատ կասկածելի կը դարձնեն այդ կազմակերպութեան հռչակած անկողմնակալութիւնը եւ անոր աղբիւրներուն հաւաստիութիւնը: Այդ ողբերգութեան մասին հաստատ են հետեւեալ տեղեկութիւնները. 25 մայիսին 108 հոգի զոհ գացին Հուլայի մէջ գործուած ջարդին. 49 մանուկներու եւ 34 կիներու դիակները գտնուեցան Հոմսի հիւսիսը գտնուող այդ գիւղի զոհերուն մէջ: 26 մայիսին հրապարակուեցաւ եւ «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի կողմէ լայնօրէն սփռուեցաւ «ՄԻՍԴ»-ի այն հաղորդագրութիւնը, թէ Հուլայի վրայ կատարուած ռմբակոծումին զոհ գացած է 90 հոգի: ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի դէտերը երեք օր ետք բացայայտեցին, որ զոհերուն մեծամասնութիւնը սպաննուած է «շեղբաւոր զէնքեր»-ով (կացին, դաշոյն, սուին եւ այլն): ՄԱԿ-ի դէտերը նոյն օրը բացայայտեցին, որ արարքին ատեն շրջանը  ապստամբներուն հակակշիռին տակն էր:

Հակառակ այս բոլորին, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդին 16 օգոստոսի տեղեկագիրը ըսաւ, որ զոհերը սպաննուած են պետական ուժերու ձեռամբ. բայց խորհուրդին հետաքննիչները Հուլա չէին այցելած, եւ ոչ մէկ ստուգում կատարուած էր արարքին պատասխանատու կողմը ճշդելու համար:

Բայց վերոյիշեալներէն ոչ մէկը արգելք հանդիսացաւ, որ «ՄԻՍԴ»-ի սկզբնական տեղեկագիրը լայն տարածում գտնէ, կրկնուի, եւ արձանագրուի, այնքան մը, որ ֆրանսական կառավարութիւնը այդ տեղեկագիրը գործածեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի Ռուսիա ընդունի Սուրիոյ դէմ բանաձեւի մը:

Բացատրութիւնը կարելի է գտնել Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի 29 մայիսին «Լը Մոնտ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Հուլայի ջարդը կրնայ ոմանց միտքը փոխել», ըսած էր ան:

«Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի պատասխանատուներէն Տոնալթեալ Ռովերա ապրիլ 2012-ին գաղտնաբար մուտք գործած էր Սուրիա եւ հոն երեք շաբաթ մնացած էր` փորձելով ճշդել տագնապին «մարդկային հաշուեկշիռը»: Ան հաստատեց այդպիսի աշխատանքի մը դժուարութիւնը. «Նոյնիսկ հիւանդանոցները ապաւինելի աղբիւր չեն. վիրաւորներէն շատեր հոն չեն երթար, որպէսզի ոստիկանութիւնը չձերբակալէ զիրենք: Բանակին լայնածիր մէկ գործողութեան ատեն ես Հալէպ կը գտնուէի. հոն տեսայ տեղւոյն վրայ դասաւորուած, յարկաբաժիններու մէջ ստեղծուած դաշտային հիւանդանոցներ, ուր բժիշկներ սահմանափակ միջոցներով կը փորձէին դարմանել վիրաւորներ: Երբ գետնի վրայ կը գտնուիս, կրնաս երթալ դէպքին վայրը, տեղեկութիւններ քաղել վերապրողներէն եւ դրացիներէն, զինամթերքի մնացորդներ, կրակոցներու հետքեր եւ նման ապացոյցներ հաւաքել, ապա` վերլուծել եւ եզրակացութիւններ հանել:

Ապտել Ռահման

Կարելի է աշխատիլ երկրէն դուրս մնալով, բայց այդ ձեւը աւելի դժուար է: Այդ պարագային պիտի ապաւինիս այնպիսի աղբիւրներու, զորս չես ճանչնար, եւ որոնք շահագրգռուած են քեզ խաբելով եւ օգտագործելով` իրենց նպատակներուն համար»:

Յուլիսի վերջաւորութեան «Էմնըսթի» հաղորդեց, որ Սուրիոյ տագնապը մինչ այդ խլած էր 12 հազար զոհ. նոյն թուականին «ՄԻՍԴ» ըսաւ, որ զոհերուն թիւը անցած է 19 հազարը:

«Էմնըսթի»-ի խստապահանջ գործելաոճին տուած արդիւնքները շատ տարբեր են Ապտել Ռահմանի հաղորդածներէն: Բայց հաղորդելիք տեղեկութիւններուն ճշգրտութեան եւ հաւաստիութեան գծով խստապահանջ ըլլալը ձեռնտու չէ պայքարին մէջ դերակատար կողմերէն ոմանց եւ խոտոր կը համեմատի լրատու հաստատութիւններու «անմիջապէս հաղորդելու» պահանջին, որ մեր օրերուն կը տիրէ տեղեկատուութեան աշխարհին, մանաւանդ` անոր «Օնլայն» տարբերակին:

 

 

«Լը Մոնտ»
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

Share this Article
CATEGORIES