Մերօրեայ Մտորումներ Չկայ (Թ.)

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Մեռելոցի օրերը սարսափով կը յիշեմ: Գերեզմանատունը իր խունկ ու մոմով, լացով այնքան չէր ցնցեր զիս, որքան` գերեզմանատան մուտքին շարուած մուրացկանները, որոնք  ցաւէն չորացած նայուածքով կը սպասէին ողորմութեան իրենց բաժինը: Զիրենք անտեսողները կ՛անիծուէին: Պղինձէ թասերը, իրենց գանձանակները, ջղայնութեամբ կը զարնէին գետին` անպայման ուշադրութիւն գրաւելու հեւքով:

Այդ օր ժամադրավայրը ըլլար կարծես գերեզմանատունը` մեծ քաղաքին աչազուրկներուն, հաշմանդամներուն, որոնք նաեւ լաւ դիրք մը գրաւելու կռիւը կը մղէին` պղինձէ թասերով մերթ ընդ մերթ զիրար հարուածելով:

Հօրս շուրջ խմբուած, վստահ լայն շունչ մը կը քաշէինք վեցս, երբ կը մտնէինք գերեզմանատունէն ներս, որ կու տար ապաստարանի մը ապահովութիւնը: Փախուստ չկար: Պէտք էր այցելէինք մեծ հօրս գերեզմանը, որ ոչ մէկու կը ճանչնայինք:

Այդ օրերուն լաւ էր, որ «չկայ» բառը կը մնար գերեզմանատան սահմանին: Մարդիկ վարժ չէին «չկայ» ըսելու: Ամենահամեստ տան մէջ իսկ հիւրերուն վերապահուած քաղցր պատառ մը կ՛ըլլար: Եթէ նեղ կացութեան մատնուէին, պտուղ մը կը կեղուէին հիւրը մեծարելու համար:

Կեանքի պայմանները նուազ դառն չէին շատերու համար: Տունը կանգուն պահելու համար կարը, ձեռագործը, գորգագործութիւնը միջոցներ եւ միջոցներ էին:

Դպրոցէն ներս չէինք կրնար զատորոշել բարեկեցիկն ու չքաւորը, որովհետեւ խստիւ կ՛արգիլուէին ցուցամոլութիւնն ու տան «գաղտնիք»-ներուն մասին խօսիլը: Այսօր մայրեր, առաջին զաւակը դպրոց յանձնելուն, իրաւունքի պէս հանգիստ խօսին զեղչի կարելիութեան մասին, իսկ աշակերտը, իր կարգին, սահմանափակ գումար մը իսկ պահանջուելուն` կրնայ բարձրաձայն յայտարարել, թէ մայրը ըսած է, որ` «Այսօր չկայ»:

Անշուշտ կա՛յ թշուառութիւն, սակայն կայ նաեւ հպարտութենէ պարպուելու ընթացք մը, որ կրկնակիօրէն մտահոգիչ է: Պսակի համար զեղչի հաւանականութիւնը քննողը չի սակարկեր կարկանդակին գինը:

Խստակրօն մեծ մայրս, ժուժկալութեան մեծ ջատագովը, կ՛ըսէր, որ` «մարդ չվարժուի տաք հացի»: Չէր սիրեր ծոյլերը եւ չափազանցելով` կ՛ըսէր, որ` «Աղքատութեան որդը ծուլութիւնն է»:

Նեղ առօրէական, կենցաղային չէ այս մտահոգութիւնը: Տեսակցութիւններէ, շքադրումներէ ետք, Հայաստանի հեռատեսիլէն յաճախ կը ներկայացուին տուներ, դպրոցներ, որոնց պատերը ճաքճքած` կը կարօտին օժանդակութեան: Կը փճանայ տրամադրութիւնդ, որովհետեւ սորված ես, որ տուն պահելը հետեւողական ճիգի, հոգածութեան, օրը օրին խնամքի կը կարօտի: Տունը շնչող էակ է, որուն գոյատեւումը պայմանաւորուած է գուրգուրանքով: Քարը-քարին հիւսած են մեզ կանխողները մեր տուները, դպրոցները, որոնք յատուկ արկածի մը եթէ չեն ենթարկուած, պէտք չէ անյոյս վիճակի մատնուին:

Չենք ապրիր լուսնի մէջ: Գիտենք, որ կեանքի պայմանները հետզհետէ կը դժուարանան, բայց մնայուն ձեւով «Չկայ» ըսելը ու մանաւանդ ճիգ չթափելը մեզ հոգեպէս ալ կ՛աղքատացնէ: Զուսպ լացը աղօթքի պէս խաղաղեցնող է, հեկեկոցը` խեղճացնող, անհանգստացնող:

Դիւրութեամբ «Չկայ» ըսելը նաեւ ցուցանիշ է ինքնավստահութեան բացակայութեան: Չչարչարուելու, չտագնապելու ամէնէն դիւրին  միջոցը սկսած է դառնալ «Չկայ»-ն, սակայն առակը կը շարունակէ ըսել` «Դիւրին եկողը դիւրին ալ կ՛երթայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES