Տեսակէտ. Ժխտականը Երեւութապէս Դրական Արարքի Մը Շղարշով Ծածկելու Փորձ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Վանի Վարագայ վանքը նորոգելով` Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նման թանգարանի վերածելու եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան վերահսկողութեան տակ դնելու զայն: Վանի նահանգապետարանը այս առումով բանակցութիւններ կը վարէ վանքի «սեփականատէր», «Հապերթիւրք» կայքէջի խմբագրապետ Ֆաթիհ Այթայլըին հետ: Հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող վանքը այժմ սեփական իւրացումէն կ՛ուղղուի դէպի պետական իւրացում:

Վերոնշեալ պարագաներուն կողքին, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ գտնուող հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերջերս յանձնուեցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ Միջին Արեւելքի համալսարանին, որ մտադիր է զայն վերածել մշակութային կեդրոնի մը, ուր պիտի ստեղծուի Կիպրոսի գրականութեան թանգարան մը, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան մշակութային ձեռնարկներ:

Վերոնշեալ զարգացումները կ՛ուրուագծեն հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող սրբավայրերը իւրացնելու քաղաքականութիւն մը, որ կու գայ փոխարինելու զանոնք բնութեան տարրերուն եւ ժամանակի կործանարար,  սակայն դանդաղաշարժ ազդեցութեան յանձնելու քաղաքականութիւնը: Ըստ երեւոյթին, թրքական իշխանութիւններուն համբերութիւնը հատած է եւ այլեւս նշեալ բացասական ազդեցութեանց չեն կրնար սպասել, ուստի իրենց կրաւորական կեցուածքէն հրաժարած են եւ պատմական ճշմարտութեան մասին աղաղակող վկաներ եղող սրբավայրերէն ձերբազատուելու թրքավայել պարտականութեան տէր կանգնելով յղացած են զանոնք թանգարանի վերածելու հնարքը, որ յաչս միջազգային հասարակութեան, հնագիտական ու քաղաքակրթական արժէք ներկայացնող այդ հնադարեան սրբավայրերու քանդումի ոճրային արարքին ժխտական բնոյթը երեւութապէս դրական արարքի մը շղարշով ծածկելու փորձ մըն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES