Ճատրակ. Կրան Շլեմի «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Արոնեան – Քարժաքին` 0,5-0,5

Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա) սկսաւ ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին երկրորդ բաժինը, երբ տեղի ունեցան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ շաբաթ, 6 հոկտեմբերին տօնեց իր ծննդեան 30-րդ տարեդարձը, իր կատարած մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սերկէյ Քարժաքինի հետ:

Մակնիւս Քարլսըն միակն ըլլալով այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց Քարուանայի դէմ, մինչ երրորդ եւ վերջին մրցումը` Վալեխոյի եւ Անանտի միջեւ, աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:

Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արոնեան եւ Անանտ ցարդ պարտութիւն կրած չեն, մինչ Անանտ, Քարժաքին եւ Վալեխօ չեն յաղթած:

Share this Article
CATEGORIES