Սանտա-Ուու-Շուի Միջազգային Մրցաշարք` Նուիրուած Հայ Սեւ Գօտիներու Միջազգային Ակադեմիային 36-ամեակին
News.amsport լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 7 հոկտեմբերին, «Արմենիա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Սանտա-ուու-շուի (ազատ մենամարտ) միջազգային մրցաշարք մը, նուիրուած` Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ակադեմիային (ԱՊՊԱ) 36-ամեակին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր դասակարգերու բաժիններուն մէջ մարզիկներ, ժամանած` Սուրիայէն, Վրաստանէն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն:
Մրցաշարքին պատուոյ հիւրերն էին` ԱՊՊԱ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Կարօ Քեպապճեան, Հայաստանի աւանդական Ուուշուի ֆետերասիոնի նախագահ Տիգրան Չոպանեան, Վրաստանի Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի նախագահ Օլեկ Փանչուլիծէ, ԱՊՊԱ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Արմէն Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչները:
Իր խօսքին մէջ Արմէն Յարութիւնեան ըսաւ, որ Սանտա-ուու-շուի հայաստանեան մրցաշարքերը իրենց մակարդակով ոչինչով կը զիջէին եւրոպական մրցաշարքերուն:
Անոր կարծիքով, այսպիսի մրցաշարքեր լաւագոյն առիթն են Ասիոյ եւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքերուն նախապատրաստուելու:
Ան աւելցուց ըսելով նաեւ, որ իրենց հիմնական նպատակը երիտասարդները մարտարուեստով դաստիարակելն է:
Վերջապէս, Արմէն Յարութիւնեան ըսաւ, որ իրենք համակարծիք են եւ կը զօրակցին Հայաստանի աւանդական ուու-շուի ֆետերասիոնի նախագահ Տիգրան Չոպանեանին ներկայացուցած բողոքին` Եւրոպայի ֆետերասիոնին, Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին կողմնակալ իրաւարարութեան համար:
Նշենք, որ նկատի ունենալով, որ հայկական կողմին բողոքը մերժուած էր, Հայաստան որոշեց չմասնակցիլ Եւրոպայի ֆետերասիոնին կատարած մրցաշարքին: Ասկէ մեկնելով, Եւրոպայի ֆետերասիոնը հայկական կողմը մինչեւ 2014 կախակայեց մրցաշարքերու մասնակցելէ:

