Ընտրութիւնները` Կիրակի, 25 Նոյեմբերին. Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, ինչ կը վերաբերի այս մարզը յուզող հարցերուն:
Նախ եւ առաջ, որոշուեցաւ յառաջիկայ 2-3 նոյեմբերին կայացնել Անթուան Շուէյրիի անուան բաժակի մրցաշարքը, յատկացուած` վեթերան մարզիկներու, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Որոշուեցաւ կիրակի, 25 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, Մոն լա սալի մէջ կայացնել Լիբանանի փինկ փոնկի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ 14-18 նոյեմբերին Պահրէյնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կրտսերներու եւ փոքրերու փինկ փոնկի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր փափաքողները, այն պայմանով սակայն, որ 15 հոկտեմբերը նշուած է արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ:
CATEGORIES Մարզական

