Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Ռէալ Մատրիտ Ամէնէն Շատ Մարզաշապիկները Ծախած Են
«Սփորթինկ-ինթելիճընս» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Ռէալ Մատրիտ ամէնէն շատ մարզաշապիկները ծախած են:
Վերջին հինգ տարիներուն հետազօտութիւնները եւ հաշուարկումները ի յայտ բերած են, որ վերոնշեալ երկու ակումբները տարեկան միջին հաշիւով ծախած են 1,4 միլիոն եւրոյի պաշտօնական մարզաշապիկ:
Համեմատութեան համար նշենք, որ Անգլիոյ նախկին տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի տարեկան ծախած է ընդամէնը 175 հազար եւրօ մարզաշապիկ եւ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:
Ստորեւ` ամէնէն շատ մարզաշապիկներ ծախած առաջին տասը խումբերուն դասաւորումը.
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1,4 միլիոն եւրօ
2.- Ռէալ Մատրիտ` 1,4 միլիոն եւրօ
3.- Պարսելոնա` 1,1 միլիոն եւրօ
4.- Չելսի` 910 հազար եւրօ
5.- Պայէրն Միւնիխ` 880 հազար եւրօ
6.- Լիվըրփուլ` 810 հազար եւրօ
7.- Արսենալ` 800 հազար եւրօ
8.- Եուվենթուս` 480 հազար եւրօ
9.- Ինթեր Միլան` 425 հազար եւրօ
10.- Ա. Սէ. Միլան` 325 հազար եւրօ

