ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԼԱՅՆՕՐԷՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Անցնող շաբաթավերջին լիբանանեան մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն` լրատուութեամբ թէ վերլուծական յօդուածներով:

Այսպէս, Պետական լրատու գործակալութիւնը լայնածաւալ տեղ տրամադրած էր իր կայքէջին վրայ` անդրադառնալով Անթիլիասի մայրավանքի կեդրոնական ձեռնարկին, հսկումի երեկոյին եւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու խօսքերուն:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը Փոլա Ասթեհի ստորագրութեամբ վերլուծական յօդուած մը հրատարակած է շաբաթ, 23 ապրիլի թիւով: Յօդուածին մէջ կը մէջբերուին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կարծիքները` ցեղասպանութեան մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «Նահար» օրաթերթը եւս իր գրական յաւելուածով տեղ տուած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի «Թուրք բարեկամիս» խորագրեալ յօդուածի արաբերէն թարգմանութեան:

Նշեալ յօդուածը, որ նաեւ արտատպած է շուրջ քսան (20) միջազգային թերթերու կողմէ, կ՛անդրադառնայ գրական փառատօնի մը ընթացքին Անանեանի ունեցած մէկ տպաւորիչ հանդիպումին` թուրք գրագէտի մը հետ: Ապա Անանեան կը բացատրէ, թէ ինք ծագումով Անի քաղաքէն է եւ կը պատկանի Բագրատունեաց տոհմին ու յաճախ հեռադիտակով կը դիտէ սահմանի միւս ափին գտնուող գրաւեալ Անի քաղաքը` փնտռելով իր պապերուն տունը եւ երանի տալով քիւրտ հովիւին, որ ազատօրէն իր հօտը կ՛արածէ Անիի մէջ: Անանեան նաեւ կը լուսաբանէ, թէ 11-րդ դարուն պատահած երկրաշարժի մը պատճառով իր նախահայրերը գաղթած են իրենց բնակավայր Անիէն ու այնուհետեւ կոչուած են «ԱՆԱՆի» (առանց Անիի) ու հետզհետէ` Անանեան…

Անանեան կը խօսի նաեւ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ ոխի եւ ատելութեան զգացումի գերակայութեան մասին` վերահաստատելով Ցեղասպանութեան եղելութիւնն ու այս գծով թոներով փաստաթուղթերու եւ վկայութիւններու գոյութիւնը: Անանեան կ՛անդրադառնայ Արարատ լերան ու անոր ազգաշունչ իմաստի խորհուրդին, Հրանդ Տինքի ահաբեկման եւ այլ յարակից հարցերու:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը իր կարգին հրատարակած է Լութֆիկ Այվազեանի արաբերէն յօդուածը` նոյն առիթով:

«ԱԽՊԱՐ» թերթը անդրադարձած է ցեղասպանութենէն վերապրած Բենիամին Չաքմաքեանին` մէջբերումներ կատարելով անոր կարծիքներէն:

ՆՄԱՆԱՊԷՍ «Ժումհուրիա» օրաթերթը  անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբին կողմէ Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատերախաղի ներկայացման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES