ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՍԱՏԻ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼՈՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԻՐ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

«Իբրեւ Սուրիոյ նախանձախնդիր բարեկամ ու դաշնակից` կոչ կ՛ուղղեմ նախագահ Պաշշար Ասատին յարատեւելու նախօրօք տուած որոշումներուն մէջ` ցոյցի թէ ազատ կարծիքի արտայայտութեան գծով», երէկ յայտարարեց Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:

Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան պաշտօնաթերթ նկատուող «Անպա» շաբաթաթերթին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժոմպլաթ դրական գնահատեց նախագահ Ասատի նախաձեռնած ու որդեգրած բարեկարգումի քայլերը` արտակարգ դրութեան օրէնքի ջնջումին եւ Պետական անվտանգութեան գերագոյն դատարանի ջնջումին, նոր կառավարութեան կազմութեան թէ քիւրտերուն սուրիական հպատակութիւն շնորհելու գծով: Ան մեծապէս դրուատեց նախագահ Ասատի իմաստուն քայլերը` մաղթելով, որ Սուրիա կարենայ դիմադրել շրջանին մէջ իսրայէլեան ծրագիրներուն:

Share this Article
CATEGORIES