«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՄՂԵԼ ՉՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

«Թուրքիա զանազան մակարդակներու վրայ կը փորձէ շրջանի երկիրները մղել մերժելու Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` զգուշացնելով Թուրքիոյ իսկական դիմագիծէն, որ թաքնուած է շրջանին մէջ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կոչի պիտակին ետին:

Երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլի առաւօտուն «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի խօսնակի հարցումներուն պատասխանելով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ «Ցեղասպանութենէն 96 տարիներ ետք մենք վերստին կրցանք ոտքի պահել հայ ժողովուրդը»:

«ԵԹԷ ՕՐԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏԺՈՒԷՐ, ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԷԻՆՔ ԱՅՆ ՋԱՐԴԵՐԸ, ԶՈՐՍ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԿԱՄ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ, ԹԷ ԱՅԼՈՒՐ…

Նախապէս, «Շարք Աուսաթ»ի յօդուածագիրի հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի յիշեցուցած է, թէ «եթէ օրին Թուրքիա պատժուէր իր գործած Ցեղասպանութեան համար, մենք այսօր պիտի չտեսնէինք ջարդերու տեսարաններ Պաղեստինի, Լիպիոյ մէջ թէ այլուր»:

Շաբաթ, 23 ապրիլի թիւով նշեալ թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուած է, թէ լիբանանցի քաղաքացին պէտք է կանխէ իր հայ համաքաղաքացին` Հայ դատի թէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով, «յատկապէս որ լիբանանցին եւս տառապեցաւ օսմանեան լուծին տակ եւ Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանը անլուռ վկան է լիբանանցի ժողովուրդին դէմ գործուած ջարդերուն»:

«Ինչպէս որ իրականութիւնը կը պահանջուի դատական միջազգային ատեաններուն ճամբով, այնպէս ալ պէտք չէ մտահան ընել, թէ կայ մեծ իրողութիւն մը, զոր Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ ու ճանչնալ», ընդգծած է Բագրատունի` անուղղակի բաղդատական մը կատարելով նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ոճրագործներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոճրագործ Թուրքիոյ միջեւ:

«Այսօր կը յիշենք բոլոր այն իրաւազրկուած ժողովուրդները, որոնք ապստամբելով կը պահանջեն իրենց ազատութիւնն ու ճակատագիրի տնօրինումը», շեշտած է Բագրատունի` յիշեցնելով, որ «եթէ օրին Թուրքիա պատժուէր իր գործած Ցեղասպանութեան համար, այսօր մենք ականատես պիտի չըլլայինք Ռուանտայի, Պաղեստինի թէ Լիպիոյ մէջ կամ այլուր պատահող ջարդերուն»:

«Թուրքիոյ այժմու հանրապետութիւնը ժառանգորդն ու շարունակութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան` իր իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով: Հետեւաբար, ոճրագործը անպատիժ ձգելը համազօր է հետագայի ոճրագործներու վարձատրութեան», շարունակած է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Եզրափակելով` Բագրատունի կոչ ուղղած է արաբական աշխարհին չհաւատալու, թէ իսկական փոփոխութիւն կայ Թուրքիոյ մէջ: Արդարեւ, Թուրքիա այսօր կը փորձէ իրագործել երբեմնի օսմանեան երազը, սակայն տարբեր միջոցներով` տնտեսական արտադրութեանց ողողումով եւ մշակութային ինքնակոչ դերակատարութեան ստանձնումով: Երեւոյթ մը, որուն դէմ պէտք է կանգնինք ամէն գնով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES