ՖԸՐՆ ՇԸՊՊԵՔԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ. ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիրներէն, մտաւորական, թատերագիր, կրթական եւ ազգային գործիչ Լեւոն Շանթի մահուան 60-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Լեւոն Շանթի յիշատակին հոգեւոր արարողութենէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Լեւոն Շանթի դամբարանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ:

Ապա Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը ոչ միայն կը միտի յարգել Շանթին յիշատակը, այլ` ապրիլ իր հոգեմտաւոր ներկայութեան մէջ: Կիրակոսեան ըսաւ, որ Շանթ յաւերժի ա՛յն ճամբորդներէն մէկն է, որ չ՛ամփոփուիր շիրիմի մը մէջ, այլ` կը հաստատուի իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ:

Շանթի բազմաճիւղ արժէքները ներկայացնելէ ետք, Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ Շանթ եղած է ամբողջական հայ` տարբեր մարզերու ընդմէջէն ծառայելով իր ժողովուրդին:

Իր խօսքի աւարտին Կիրակոսեան հաստատեց, որ պէտք է հետեւիլ ամբողջական հայու օրինակին` շարունակելու համար ուղին եւ ծառայելու համար մեսրոպեան մեր դարաւոր աւանդութեան:

Կիրակոսեանի խօսքէն ետք, յիշատակի հաւաքի աւարտին, Համազգայինի «Գ. Իփեկեան» թատերախումբէն Հրակ Տեմիրճեան եւ Յաւերժ Շխրտըմեան ներկայացուցին «Ճամբուն վրայ» թատերախաղէն հատուած մը` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանին:

 

Share this Article
CATEGORIES