Բանջարեղէններն Ու Պտուղները` Մարմինը Թոյներէ Հականեխելու Միջոցները

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Հաւանաբար ոմանք կարծեն, թէ մէկ կամ երկու օր ուտելը դադրեցնելը կ՛օգնէ մարմինը թոյներէ ձերբազատելու, սակայն այս մէկը ճիշդ չէ: Երբ մարմինը կ՛արգիլենք ուտելիքէ, ան կը սկսի սպառել ամբարուած ուտելիքը, կը սկսի գործածել աւելորդ սպիտն ու ճարպը եւ զանոնք կը վերածէ ուժականութեան, սակայն միեւնոյն ատեն արեան շրջանին մէջ կը թափէ նաեւ ամբարուած թոյները: Մարմինը հականեխելու գլխաւոր ուտելիքներն են պտուղն ու բանջարեղէնը:

Աշունը լաւագոյն ժամանակն է մարմինը մաքրելու թոյներէ: Ուրեմն հիմա է ճիշդ առիթը մէկ շաբաթ բանջարեղէն եւ պտուղ ուտելով հականեխելու մեր մարմինը:

Բնաթելերով հարուստ բանջարեղէնը աղիքներուն աշխատանքը կ՛աշխուժացնէ, ինչպէս նաեւ կ՛արագացնէ մարմնէն թոյներուն արագ արտաբերումը:

Բանջարեղէնը` թարմ ըլլայ թէ եփած, հարուստ է կենսանիւթերով, հանքային աղերով, որոնք կ՛օգնեն բջիջներու վերարտադրման: Ինչպէս նաեւ կը պարունակէ տարրեր, որոնք կ՛աշխուժացնեն մարսողութեան, լեարդի եւ երիկամներու գործունէութիւնը:

Պրասը

Պրասը մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակէ, որ կ՛օգնէ աղիքներու աշխուժացման եւ մաքրման, միզային համակարգը կը կանոնաւորէ եւ կը պարունակէ հականեխման գլխաւոր տարրերը: Ան դէմ կը դնէ աղիքային բորբոքումներուն եւ կը պարունակէ կենսանիւթեր Ի. եւ Սի., որոնք գլխաւոր տարրերն են բջիջները հականեխելու, ինքնաբերաբար նաեւ զանոնք ծերութենէ փրկելու:

Ստեպղինը

Տարուան ամբողջ ընթացքին կարելի է ստեպղին սպառել, որովհետեւ անիկա միայն մէկ եղանակով չէ սահմանափակուած: Ստեպղինը մարմնին համար գանձ մըն է: Ան աղիքներու գործունէութիւնը կ՛աշխուժացնէ, հարուստ է կենսանիւթեր Ի.-ով եւ Ա.-ով, որոնք օգտակար են մորթին համար եւ կը պաշտպանեն մարմինը սրտի եւ աղիքներու հիւանդութիւններէ:

Սխտորը

Սխտորը կը պաշտպանէ սիրտը եւ երակները: Ան կը դիւրացնէ արեան հոսքը, արեան ճնշումը եւ վատ տեսակի քոլեսթերոլը կը նուազեցնէ: Ան լաւագոյնը կը նկատուի արեան աղիքները հականեխելու համար: Պէտք չէ երկմտինք եւ զայն օրական պէտք է օգտագործենք:

Կանաչ Եւ Կարմիր Պղպեղը

Անոնք կ՛աշխուժացնեն եւ կը հականեխեն աղիքները:

Սեւ Բողկը

Հականեխիչ է եւ օգտակար է լեարդին եւ երիկամներուն գործունէութեան:

Շամարան

Նաեւ հականեխիչ է, իւրայատուկ է իր բուրմունքով: Կը պայքարի աղիքներու մէջ ուտելիքի թթուածութեան դէմ: Դժուարամարս բանջարեղէններուն հետ օգտագործելը յանձնարարելի է:

Լեմոնը

Հարուստ է կենսանիւթ Սի.-վ, հետեւաբար լաւագոյն զէնքն է պայքարելու յոգնութեան եւ թուլութեան դէմ: Լեմոնը կը զսպէ արեան թթուածութեան քանակը:

Բանջարեղէնի կողքին կայ նաեւ պտուղը, որ կարելի է սպառել նաեւ իբրեւ բնական հիւթ, որ կը մաքրէ եւ կը հականեխէ մարմինը: Պտուղները կը պարունակեն շաքարի զանազան տեսակներ` կլիւքոզ, ֆրիւքթոզ եւ սիւքրոզ: Անոնք մարմինը կը զովացնեն եւ անոր կու տան ուժականութիւն ու աշխուժութիւն:

Արքայախնձորը

Արքայախնձորը քիչ ջերմուժ եւ մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակէ: Ան կ՛օգնէ փրոթէինները` մսեղէնները մարսելու: Ան կը պարունակէ էնզայմներ, որոնք ուտելիքները կը վերածեն մանր կտորներու եւ կը դիւրացնեն մարսողութիւնը: Ան թոյները մարմնէն դուրս վանելու յատկութիւն ունի:

Խաղողը

Խաղողը ուժականութեան եւ աշխուժութեան աղբիւր է: Այս պտուղը արեւու ճառագայթներէն բաւական կը սնանի եւ աղբիւր է ուժականութեան եւ քաղցրութեան: 100 կրամ խաղողը կը պարունակէ 75 քիլօ ջերմուժ: Ան մարմնին կը հայթայթէ մեծ քանակութեամբ հանքային աղեր, մասնաւորաբար փոթասիում, ինչպէս նաեւ կենսանիւթ Պի.-ի ընտանիքը, որ սրտանօթային հիւանդութիւններէ կը պաշտպանէ մարմինը: Բժիշկներ կը յանձնարարեն խաղող սպառել երկուքէն չորս օր` մարմնէն թոյները վանելու համար:

Փոմելոն

Փոմելոն սննդականոնի հետեւողներու բարեկամն է: Ան հարուստ է հանքային աղերով եւ կ՛օգնէ թոյները մարմնէն արագ վանելու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES