Գաղութէ-Գաղութ
Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած
Ձեռնարկներ
Թեհրան
* Ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, «Արարատ» մարզաւանի «Այգեստան»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առին Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նախարարը իր ելոյթին մէջ գնահատական խօսքերով արտայայտուեցաւ Իրանի մասին` նշելով, որ Հայաստանի անկախութենէն անմիջապէս ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ճանչցաւ մեր անկախութիւնը եւ անմիջապէս հաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ան արժեւորեց իրանահայ համայնքին դերը երկկողմ յարաբերութիւններու սերտացման եւ ամրապնդման գործին մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ հարցերով տեղակալ Ապպաս Արաղչի խօսք առնելով` բարձր գնահատեց Իրան-Հայաստան սերտ յարաբերութիւնները:
Ուքրանիա
* Սեպտեմբեր 21-ին Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ եւ հայ նկարիչներու ցուցահանդէս:
Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21 տարիներու նուաճումները` անդրադառնալով հայ-ուքրանական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն:
Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ուքրանիոյ մշակոյթի նախարար Միքայէլ Կուլինեակ:
Համերգին հայ եւ ուքրանացի երաժիշտներու մասնակցութեամբ եւ Ուքրանիոյ սիմֆոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ հնչեցին Արմէն Տիգրանեանի, Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Կարէն Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները:
* 25 սեպտեմբերին Խարքիւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ:
Դեսպան Ա. Մանուկեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն եւ կոչ ուղղեց մասնակցելու համայնքի աշխատանքներուն` շեշտելով, որ ինք պատրաստակամութիւնը ունի աջակցելու համայնքէն ներս տեղի ունեցող հարցերու լուծման:
Ելոյթով հանդէս եկան նաեւ Խարքիւի քաղաքի քաղաքապետ Կենատի Քեռնես, Խարքիւի մարզպետի տեղակալ Եւկենի Սաւին, Խարքիւի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Արմէն Ասլանեան:
* Սեպտեմբեր 27-ին, Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգորիս արք. Բունիաթեանի: Խօսք առաւ դեսպան Մանուկեան:
28 սեպտեմբերին Հայաստանի դեսպանը Եալթայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Խրիմահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սեպտեմբեր 26-ին Օսլոյի «Ռիկսենեն» համերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Նորվեկիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Օսլոյի մէջ կը նշուի Հայաստանի անկախութեան տօնը: Ան կարեւոր նկատեց հայ-նորվեկիական յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ այդ յարաբերութիւնները ներկայիս շատ զարգացած են:
Այնուհետեւ համերգով ելոյթ ունեցաւ «ՍԱՆՍ» քառեակը:
Միացեալ Նահանգներ
Հոկտեմբեր 4-ին Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 200 հիւրեր, որոնք իրենց բարեմաղթութիւնները ուղղեցին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:
Պրազիլ
* Սեպտեմբեր 18-ին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալի դափնեկիր «Թրիօ իմաժես» լարային եռեակի համերգը, ինչպէս նաեւ` լուսանկարչական ցուցահանդէս:
* Սեպտեմբեր 21-ին Սան Փաւլոյի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան գլխաւոր պատուաւոր հիւպատոս Հիլտա Պուրմայեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի ատենապետ, փրոֆ. Ա. Մանիսաճեան: Ցուցադրուեցան նաեւ տեսերիզներ Հայաստանի մասին:
* Սեպտեմբեր 23-ին ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Պրազիլի քաղաքական գործիչներէն Ժոզէ Սեռան ելոյթ ունենալով` հաստատեց, թէ ինք եղած է եւ կը մնայ հայութեան իղձերու իրականացման պաշտպանութեան առաջին շարքերուն վրայ:
* Սեպտեմբեր 26-ին «Սան Փաւլօ մշակութային կեդրոն»-ին մէջ երկրորդ մեծ համերգով հանդէս եկաւ «Թրիօ իմաժես» լարային եռեակը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւնները:
Ելոյթ ունեցան Սան Փաւլօ նահանգի մշակոյթի քարտուղար Սելսօ Պոսքոլօ, եռեակի ղեկավար Հենրիկէ Միլլեր եւ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Եղիազարեան:
* Սեպտեմբեր 30-ին Սան Փաւլոյի «Հայկական ակումբ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձին նուիրուած վերջին ձեռնարկը:
Թեհրան
Համահայկականի Հետքերով
Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան, «Արարատ» մարզաւանի բացօթեայ դաշտին վրայ զետեղուած է պաստառ մը, որուն վրայ գրուած է հետեւեալ գրութիւնը.
«Դատապարտում ենք հունգարա-ազրպէյճանական հակահայ գործարքը` ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումը եւ ազատ արձակումը:
* Հունգարիայից պահանջում ենք ճանաչել ԼՂ Հանրապետութիւնը:
* Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակն անմահ է»:
Օրական բազմաթիւ հայեր, երիտասարդներ կարդալով գրութիւնը` կը ստորագրեն բողոքի համախօսականի տակ, որ պիտի յանձնուի Թեհրանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան:
Ատրպատական
Նորակառոյց Խորանի Օծման
Եւ Ուխտի Պատարագ
Ս. Թադէի վանքի շրջակայքը գտնուող հինգ մատուռներէն Ս. Նահատակին մէջ 14 սեպտեմբերին միւռոնով օծուեցաւ նորակառոյց խորանը, ապա մատուցուեցաւ ուխտի Ս. պատարագ:
Մատուռը կառուցուած է Յիսուսի 12 առաքեալներէն Ս. Թադէոսի նահատակութեան վայրը հանդիսացող հսկայ ժայռին կողքին, որ դարեր շարունակ ուխտավայր եղած է հայ ժողովուրդին համար:
1650-ական թուականներուն կառուցուած է Ս. Նահատակ մատուռը, Մկրտիչ եպս. Մակուեցիի վանահայրութեան օրերուն: 1711-ին վերանորոգուած է մատուռը, Ուստա Յովսէփի ձեռքով:
Խորանին օծումը կատարեց եւ պատարագը մատուցեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մատուռի պատմութեան եւ հայ քրիստոնեաներուն համար անոր ներկայացուցած մեծ արժէքին: Ս. պատարագի ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցաշէն վանահայր Մկրտիչ եպս. Մակուեցին եւ վերանորոգող Ուստա Յովսէփը:
Թուրքիա
Հայոց Ցեղասպանութենէն 97 Տարի Ետք`
Համերգ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Վերջերս Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցւոյ` Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ համերգով հանդէս եկաւ պոլսահայ, ներկայիս Քանատա ապրող նշանաւոր դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներէն ժամանած մօտ 80 հայեր` գլխաւորութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի, պոլսահայեր` գլխաւորութեամբ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի, հայաստանցիներու փոքր խումբ մը, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Ֆրանսա
«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Պատուոյ
Շքանշան` Յովհաննէս Չիլինկիրեանի
Նիս կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 8 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ալփ Մարիթիմի նահանգապետ Քրիսթոֆ Միրմանի հետ, այնուհետեւ ուղղուեցաւ «Հայաստան» զբօսայգի, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ ու աղօթեց Եղեռնի զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար: Նոյն օրը կաթողիկոսը ծաղկեպսակ զետեղեց նաեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհերու յուշարձանին դիմաց:
Երեկոյեան «Նեկրեսքօ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ հայ եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ պատմաբան, հրապարակախօս, բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեան` առ ի գնահատանք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն, եկեղեցանուէր ու ազգասէր երկարամեայ վաստակին:
Սեպտեմբեր 9-ին, Նիսի Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք Գարեգին Բ. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի եւ Նիսի ծխական խորհուրդներու անդամներուն եւ հաւատացեալ հայորդիներուն հետ:
Միացեալ Նահանգներ
«Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի «Տրիմ Ֆոնտ»-ին
Առատաձեռն Նուիրատուութիւնը
Վերջերս «Լինսի» հիմնարկութեան կողմէ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի մէջ հաստատուած «Տրիմ Ֆոնտ»-ը առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Հայկական մշակութային կեդրոնին: Գումարը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ զանազան ծրագիրներու իրականացման:
Շրջանին հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ ծխական յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ու մշակոյթի կեդրոնը դիւրաւ հասանելի դարձնել հայ նորահաս սերունդին` առաւե՛լ հոգալու համար մեր լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու անոր կարիքները: Ծրագրուած են նաեւ երէցներու եւ տարեցներու յատուկ աշխատանքներ, ներառեալ` երթեւեկի յատուկ միջոցներ ապահովել դէպի Ս. Կարապետ եկեղեցի, որպէսզի անոնք զգան ընտանեկան մթնոլորտի մէջ: Կեդրոնը պիտի օժտուի հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցման-ծանօթացման արդիական միջոցներով, ինչպէս նաեւ հայկական գրադարանով մը` օժտուած հայկական թերթերով ու մամուլով` ազգային ու միջազգային աղբիւրներէ:
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան յայտնեց, թէ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի յարկին տակ հաստատուած «Տրիմ Ֆոնտ»-ի յիշեալ յատկացումին կողքին, ծխական շրջանը բացառիկ պատեհութիւնը ունի յաւելեալ հանգանակութիւն կատարելով` ամբողջացնել եկեղեցւոյ ու համալիրին այլ բաժիններուն շինարարութեան ու ապագայի կարիքները: Արդարեւ, «Տրիմ Ֆոնտ»-ը նոր առիթ մը կու տայ` շրջանիս մէջ յառաջիկայ հանգանակութենէն գոյանալիք գումարին հաւասար յաւելեալ յատկացում մը կատարելու: Ա. Արմէնեան կոչ ուղղեց զօրակցելու գաղութին, որպէսզի նոր նուիրատուութիւններով ծրագիրին յաջող աւարտը ապահովող հիմնադրամը գոյանայ շուտով:
«Թրիփըլ Էքս» Ընկերակցութիւնը
1500 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրէ
Հայկական Դպրոցներու
Ամերիկահայերէ բաղկացած «Թրիփըլ էքս» ընկերակցութեան Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը, 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, 1500 ամերիկեան տոլար նուիրեց հայկական երեք վարժարաններու` Մոնթեպելլոյի «Մեսրոպեան»-ին, Սանթա Անայի «Արի Կիրակոս Մինասեան»-ին եւ Քոսթա Մեսայի ՀԲԸՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարանին:
«Քրոսրոտ» Շարժապատկերը Հրապարակ
Պիտի Իջնէ Հոկտեմբերին
14 հոկտեմբերին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շըրվին Եուսէֆեանի հեղինակած «Քրոսրոտ» ժապաւէնի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը: «Քրոսրոտ»-ը քրիստոնէական շարժապատկեր մըն է` ներումի եւ փրկութեան մասին:
Արժանացած է հինգ «Աղաւնի» մրցանակներու` հաւատքի իր պատգամին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան եւ ընկերային արժէքներու պաշտպանութեան համար:
Այս շարժապատկերը ուշադրութիւնը գրաւած է «Նիւ տէյ» հաստատութեան, եւ պիտի ցուցադրուի Աւստրալիոյ, Ափրիկէի, Նոր Զելանտայի եւ Քանատայի մէջ:
Քանատա
Քանատահայութիւնը Ներկայացնող
Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ
Հունգարիոյ Դեսպանին Հետ
Սեպտեմբեր 12-ին Օթաուայի հունգարական դեսպանատան մէջ Քանատայի հայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Քանատայի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Լազլօ Փորտանիի հետ` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած ազրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի հունգարական իշխանութիւններու կողմէ Պաքուի արտայանձնումին հարցով:
Հանդիպումին ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը հունգարացի պաշտօնատարին փոխանցեց քանատահայութեան զայրոյթն ու բողոքը` Պուտափեշտի տուած որոշումին առնչութեամբ, հարց տալով, թէ ինչո՞ւ դիմեց այս քայլին, հակառակ այն իրողութեան, որ յստակ զգուշացումներ կային Պուտափեշտի իշխանութիւններուն, թէ Սաֆարով կրնար ազատ արձակուիլ Պաքուի իշխանութեանց կողմէ` առանց ամբողջացնելու ազատազրկման շրջանը: Հայկական կողմը նաեւ պահանջեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները յստակ քայլերու դիմեն սրբագրելու համար ստեղծուած կացութիւնը եւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական բոլոր միջոցներով ճնշում բանեցնեն Պաքուի վրայ, որպէսզի ոճրագործը ազատազրկման իր շրջանը ամբողջացնէ: Հայկական պատուիրակութիւնը պահանջեց, որ Պուտափեշտ Պաքուէն պահանջէ, որպէսզի ազրպէյճանական կողմը դադրեցնէ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութիւն սերմանելու իր քաղաքականութիւնն ու պատերազմը վերսկսելու իր սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման արդար իրաւունքը:
Դեսպան Փորտանի խոստացաւ իր կառավարութեան փոխանցել քանատահայ համայնքին մտահոգութիւններն ու առաջարկները` աւելցնելով, որ Սաֆարովի արտայանձնման հարցը պէտք չէ դիտել որպէս Հունգարիոյ կողմէ Հայաստանի դէմ թշնամական կեցուածք:
Առաջին Հայկական Փառատօնի
Բացման Արարողութիւնը
Սեպտեմբեր 14-ին Օթաուայի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ բացումը Օթաուայի Առաջին հայկական փառատօնի:
Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան եւ Օթաուայի փոխքաղաքապետ Սթիւ Տերոշ բարձրացուցին փառատօնի դրօշը:
Սեպտեմբեր 14-16-ին տեղի ունեցող Օթաուայի Առաջին հայկական փառատօնին նպատակն է ծանօթացնել մայրաքաղաքի բնակիչներուն հայկական մշակոյթը, աւանդոյթները, երգն ու պարը, խոհանոցը: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին պարախումբեր եւ երգչախումբեր, տեղի ունեցան ճազ-համերգներ եւ ներկայացումներ: Մատուցուեցաւ նաեւ Ս. պատարագ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

