Աշակերտներուս. Հրճուանք Յաւիտենական
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Կարօտի անզուսպ զգացումներով,
երբ ոտքս դրի հայրենի հողին,
ծունկի ես եկայ խոնաւ աչքերով
եւ սուրբ հողը մեր կրծքիս սեղմեցի:
Երա՞զ է արդեօք թէ իրական պահ,
որ հիմա հողիս վրայ եմ արդէն.
քարերը մեր սուրբ ես կը համբուրեմ,
գեղջուկ հայուն հետ կը միաւորուիմ:
Հոս` հպարտ կանգնած հզօր կը զգամ ես,
երբ կը մշակեմ հողս հայրենի.
ծառեր կը տնկեմ արտիս մէջ բերրի,
որպէսզի անոնք հրճուանք տան ինծի:
Հայրենի հողէս ուրիշ ոչ մէկ հող
չեմ խնամած ես այսքան բերկրանքով,
եւ ոչ ալ ապրում ես զգացած եմ,
երբ օտար հողին ծառեր տնկած եմ:
Կը մաղթեմ հողը մեր պապենական
տունը ան դառնայ համայն հայութեան,
որպէսզի հզօր մենք դառնանք ընդմիշտ,
ու հեռու վանենք տառապանք ու վիշտ:
Տարիներ կ՛անցնին, տարիներ կու գան,
ինչ որ շինենք հոս, մեզի կը մնան:
Ուշի
CATEGORIES Անդրադարձ

