«Ոգեղէն Հայելի» (Հեղինակ` Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան)
Բարոյական սկզբունքով հիմնաւորուած եւ բազմաբնոյթ նիւթեր ընդգրկող գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է «Ոգեղէն հայելի» խորագրեալ հատորը, զոր Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան լոյս ընծայած է 2012-ին, Ատրպատականի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Սոյն գործը հրատարակուած է մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Լիզա Մանուկեաններուն` ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ հարազատին` Կարօ Պիթարի:
Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան մաս կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: Վանական կեանքի մէջ իր ստանձնած պաշտօններէն անկախ, դասաւանդած է բարոյագիտական նիւթեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական վարժարաններուն մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետի տնօրինումով, 1 յունուար 2012-ին, նշանակուած է Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ:
Հայր Գրիգոր ցարդ հրատարակած է բազմաթիւ կրօնաշունչ գիրքեր, որոնց միջոցով ջատագովը հանդիսացած է քրիստոնէական վսեմ պատգամներու եւ ճանչցուած` իբրեւ բարոյագէտ եկեղեցական:
Յիշեալ հատորը կը բաղկանայ 110 էջերէ եւ կը բովանդակէ 24 գրութիւններ:
Արդարեւ, սոյն գործով հայր Գրիգոր հետամուտ է այն համոզումին, թէ ուսումը վերջակէտ չունի: Թէ` մարդ էակը կրնայ ամբարել իր միտքը նոր գիտելիքներով մինչեւ խոր ծերութիւն: Կ՛ըսէ, թէ ուսումը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ: Կը վանէ ձանձրոյթը, կը փարատէ տրտմութիւնը եւ կրնայ հոգեպէս դաստիարակել անհատը: Մեր ցաւերը ամոքող դեղորայքն են ուսումն ու կրթութիւնը:
Հայր Գրիգոր կ՛ըսէ, թէ չարամիտը յանցանք կը գործէ առանց երբեք իր գործած չարիքին պատճառը գտնելու: Կ՛ըսէ, թէ չարամիտը յանցանք գործելու մէջ որեւէ հիմնական պատճառ չունի, այլ պարզապէս իր վատ արարքով ան կ՛ուզէ հաւատարիմ մնալ իր չար նկարագրին:
Կ՛ըսէ, թէ կան մարդիկ, որոնք կը դիմեն ամէն միջոցի` սուտը իրականի պէս ուրիշներու հաւատացնելու համար: Այս կարգի մարդիկ զգալով, որ չեն կրնար արժանանալ գովասանքի, խաբեբայութեամբ եւ շողոքորթութեամբ սխալ տեղեկութիւններ կը տարածեն չորս դին` փորձելով վարկաբեկել բարի մարդոց պատիւն ու համբաւը:
Հայր Գրիգոր կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ առհասարակ մարդիկ բախտ կը փնտռեն հանգստաւէտ պայմաններու տակ ապրելու ցանկութեամբ: Կ՛ըսէ, թէ բախտաւորը այն անձն է, որ գիտէ գոհանալ իր ունեցածով եւ ճակտի քրտինքով վաստկիլ իր օրուան հացը: Այս առումով, կ՛ըսէ, թէ բախտը պէտք չէ փնտռենք հոս կամ հոն, ան կը գտնուի մեր ձեռքին մէջ: Ծոյլերն են յատկապէս, որ բախտ կը փնտռեն եւ ի զուր կը վատնեն իրենց թանկագին ժամանակը, պարզապէս «հովի ետեւէն վազելով», կը յայտնէ հեղինակը:
Հայր Գրիգոր հոգեբանական բնոյթ կրող հարցեր եւս կ՛արծարծէ` ըսելով, թէ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք առանց խօսակիցի` կը խօսին ու կը վիճին իրենք իրենց հետ: Կը թելադրէ, որ այս երեւոյթը բնական նկատենք եւ զայն չշփոթենք ինքն իրեն հետ խօսող սովորական ցաւագարի մը հետ: Թէ` նման մենախօսութիւն մը կը նպաստէ յառաջդիմութեան` թոյլ տալով ենթակային, որ կատարէ արժեւորումը իր անցնող կեանքին եւ սրբագրէ իր գործած սխալները: Այս առնչութեամբ, հայր Գրիգոր կը պարզէ այն համոզումը, թէ` «Խորհիլը հոգիին մենախօսութիւնն է, որ ինքնագիտակցութեան կը հրաւիրէ մարդը»:
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ վստահութիւնն ու սէրը մէկզմէկու լրացուցիչ տարրեր են, առանց մէկուն` չի կրնար գոյատեւել միւսը: Հոն, ուր վստահութիւն կայ, սէրը այնտեղ կ՛ունենայ յարատեւ ներկայութիւն: Իսկ առանց փոխադարձ վստահութեան` ընկերային կեանքը կ՛ենթարկուի անդամալուծութեան: Նոյնպէս, նախանձն ու անհաւատարմութիւնը կը խեղաթիւրեն վստահութիւնը` իրենց բացասական եւ աւերիչ ներգործութեամբ:
Հայր Գրիգոր կը հաւատայ, թէ ամէն անհատ պարտաւոր է կրելու հետեւանքը իր գործած սխալներուն: Հետեւաբար որեւէ եղերական դիպուած պէտք չէ վերագրենք Աստուծոյ, որ յաւիտենապէս բարեգործ է եւ արդար եւ կը փրկէ մեզ բոլոր չարաղէտ փորձանքներէն:
Այլ գրութեամբ, հայր Գրիգոր կ՛ըսէ, թէ պէտք չէ հետեւինք ծայրայեղ զգացումներու, այլ մեղմենք մեր արտակարգ տրամադրութիւնները թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ տխրութեան պարագաներուն, որպէսզի չկորսնցնենք մեր մտքի հաւասարակշռութիւնը: Օրինակ, կ՛ըսէ, անզաւակ մարդը երբ բախտաւորուի զաւակով մը, կրնայ խելագարիլ եւ մինչեւ իսկ վնաս հասցնել իր նորածին մանկան: Հետեւաբար ան կը թելադրէ, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ ալ գտնուինք, ըլլանք զգօն եւ չխաթարենք մեր ընտանեկան երջանկութիւնը` «գործելով անակնկալ արարքներ»:
Հեղինակը կը ներկայացնէ այն հարցը, թէ առօրեայ կեանքի մէջ պէտք չէ խստապահանջ կամ բծախնդիր ըլլանք եւ պահանջենք մարդոցմէ իրենց կարողութենէն վեր աշխատանքներ: Այսպէս առակով մը բացայայտելով այս իրողութիւնը` կ՛ըսէ, թէ կարելի է հաւերէն հաւկիթ պահանջել, բայց ոչ` աքլորներէն, որովհետեւ հաւկիթ ածելը մաս չի կազմեր աքլորներու բնական կարողութեան:
Հայր Գրիգոր կ՛ըսէ, թէ երբեմն զգայացունց լուրեր կրնան խանգարում յառաջ բերել զանոնք լսող անձերու հոգեկան աշխարհին մէջ եւ մինչեւ իսկ մահ պատճառել անոնց:
Այս երեւոյթը հեղինակը կը պատկերացնէ եղերական հետեւեալ դիպուածով: Թէ` երեխայ մը երբ դպրոցէն տուն կը դառնայ, իր հօրմէն իմանալով իր շատ սիրած կատուին մահուան ցնցիչ գուժը, ուշաթափ գետին կ՛իյնայ ու կը մեռնի:
Ցաւակցութեան եկող բարեկամ մը այս տխուր առիթով, կ՛ըսէ հանգուցեալ երեխային հօր, թէ իր զաւակը կը փրկուէր ստոյգ մահէ, եթէ երբեք գուժելէ առաջ կատուին մահը, կանխաւ պատրաստէր իր զաւկին տրամադրութիւնը` մխիթարական պատշաճ խօսքերով: Սոյն պատմուածքը կը յատկանշուի դաստիարակչական բնոյթ կրող թելադրանքով:
Արդարեւ, Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան «Ոգեղէն հայելի» խորագրեալ իր գործով կը խրատէ մարդիկը, որ ըլլան բարեպաշտ հաւատացեալներ եւ ապրին աստուածային խորհուրդներու համաձայն:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2012
Պէյրութ

