Կեանքի Լայն Պաստառին Դիմաց

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամէն շաբաթ առաւօտ…

Այո՛, ամէն շաբաթ առաւօտ, երբ կը նստիմ համակարգիչիս առջեւ ու կը բանամ սպիտակ «էջ» մը` այս սիւնակիս հերթական լիցքաւորումը կատարելու, միտքս կը թեւածէ կեանքի լայն պաստառին վրայ` գտնելու համար այն հարցը, այն մտածումը, որ ուշադրութիւնս իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ ու մղէ մատներս դէպի ստեղները, որ տառ առ տառ, բառ առ բառ մէջտեղ բերեն յաջորդ յօդուածս:

Առաջ տարբեր էր: Առաջ այդ գործողութիւնը կը կատարուէր գործի ճամբուս վրայ` դէպի կայարան քալած ատենս, ապա գնացքին մէջ, ուր երթի ու դարձի պահուն ամէն օր քառորդական ժամ ունէի թուղթին յանձնելու մտքէս անցած-չանցածը: Ձեռագի՛ր: Գրիչս ու ես որոշ համաձայնութեան մը եկած էինք, աշխատանքի որոշ ձեւ մը որդեգրած, ու կը յաջողէինք այդ տուեալ ժամանակին մէջ բան մը «ածել», ինչպէս կ՛ըսէր հայերէնի ուսուցիչս: Ինք այդ բառը քիչ մը հեգնանքով կը գործածէր` զիս «ածան հաւ» կոչելով, քանի որ երկու օրը անգամ մը շարադրութիւն մը կը դնէի իր սեղանին վրայ: Ես կ՛ուզեմ աւելի վարկ տալ այդ բառին ու գործածել իր գրաբար իմաստով` «բերել» ըսելու համար, «արտադրել», «ստեղծե՜լ»…

Չկարծէք, որ դիւրին առաջադրանք է ասիկա: Ամէն շաբաթ գտնել նիւթ մը, որ գրաւէ ընթերցողին աչքը, թելադրէ իրեն, որ կարդա՛յ գրածս: Կարդայ ու չըսէ` նոր բան մը չըսաւ այս գրողը, այս մասին ասկէ առաջ ալ գրած էր, դդումի համ սկսաւ տալ…

Որովհետեւ, այո՛, կա՛յ այդ վտանգը: Նախապէս արծարծած նիւթերս յաճախանքի կը վերածուին, ենթագիտակցութենէս տեւաբար կը վերադառնան գիտակցութեանս, կը չարչրկեն միտքս, կ՛ուզեն, որ վերստին ու վերստին անդրադառնամ անոնց: Այս պատճառաւ ալ մուսայիս հետ միշտ վիճաբանութեան մէջ կ՛իյնամ, ու բարեբախտաբար ինք կը շահի յաճախ, ու կ՛արգիլէ, որ այս կամ այն հարցին մասին գրեմ: Այդ արգիլուած նիւթերուն մաս կը կազմեն առաջին հերթին բոլոր ազգային տօները, որոնց մասին ատենին, մանաւանդ` «Հորիզոն»-ի խմբագիր եղած ատենս, կարծես թէ ամէն բան որ կրնայի ըսել` ըսեր եմ: «Եթէ չես կրնար նոր անկիւնէ մը դիտել, նոր բացայայտում մը կատարել, աւելի լաւ է չգրես, քան թէ ինքզինքդ կամ ուրիշները կրկնես», կ՛ըսէ մուսաս: Իրաւունք ունի, այնպէս չէ՞: Բայց միայն տօները, յիշատակելի թուականները չեն, որ այդ թակարդին մէջ կրնան ձգել գրողը: Կան նաեւ ազգային տագնապները:

Քիչ չեն այդ տագնապները: Առաջին հերթին` Հայաստանի իրավիճակը: Հայաստանը` իր քաղաքական թնճուկով, իր ընկերային ու ժողովրդագրական աղէտով, իր մշակութային ճահճացումով… Հայաստանը, որ կիզակէտն է մեր բոլոր ձգտումներուն եւ պարունակը` մեր բոլոր երազներուն, Հայաստանը, որուն ազատագրութեան համար մեր կեանքն ալ տալու երդո՜ւմ ենք ըրած: Ի՞նչ կրնամ գրել, որ սին չհնչէ, կամ` անկապակից, յաւակնոտ ու մասամբ նորին:

Հապա՞ հակահայ պայքարը, զոր հետզհետէ զօրացնելու ու մեզ զգետնելու ամէն միջոցով կ՛օժտէ ինքզինք մեր թշնամին, որուն ուժգին կերպով հակազդելու մեր միջոցները այնքա՜ն վտիտ են, կամ վտիտ կը մնան` ազգային անտարբերութեան ու ապիկարութեան ի հետեւանք:

Ձուլումը, որ մեր գոյութեան կը սպառնայ աւելի ու աւելի: Լեզուի ու մշակոյթի նահանջը, նոյնիսկ անհետացումը, օտար ամուսնութիւններով` հայ ընտանիքի ապազգայնացումը եւ հայ «գենոֆոնտ»-ի (ծիներու հէնքի) նօսրացումը կամ հայու տեսակի հաւանական այլակերպումը: Տակաւին, սփիւռքահայ կեանքի` գաղութներու կազմակերպական տկարացումը, մարդուժի կեդրոնախոյս ցրւումը եւ այլն, եւ այլն:

Այս բոլորը կրնան տեւական կերպով յայտնուիլ կեանքի լայն պաստառին վրայ, ուշադրութիւն պահանջել, լուծո՛ւմ պահանջել: Ու ամէն անգամ որ անոնցմէ մէկն ու մէկը նիւթ դառնայ յօդուածի, մուսայիս պահանջն է, որ կա՛մ նոր ըսելիք մը ունենամ, կա՛մ ձայն չհանեմ:

Այս ըսել չէ, որ ուրիշ նիւթեր կը պակսին, ուրիշ բաներու մասին չեմ կրնար գրել` սկսելով… Սիրաք թոռնիկիս օրէ օր մեծնալէն ու ամէն օր իր նոր նուաճումներո՜վ մեզ զարմացնելէն, մինչեւ Հայաստանի ճատրակի աշխարհի ախոյեան դառնալը, կամ, բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, յաջող ձեռնարկները, որ մեր միութիւնները կ՛իրականացնեն:

Հայ, հայաստանեան, բայց մանաւանդ օտար մամուլը անսպառ նիւթ կը հայթայթէ, կը մնայ հետեւողական կերպով աչքի տակ ունենալ զանոնք ու անդրադառնալ անոնց:

Տակաւին, ինչե՜ր կան գրուելիք, եթէ մտնեմ մեր պատմութեան բաւիղներուն մէջ, փորձեմ հասկնալ երեւոյթները, դերակատարները, շրջապատի պայմանները, ու վերծանեմ մեր երկարակեցութեան գաղտնիքները…

Անձնական արխիւներս ալ նիւթերու գանձարան մըն են: Բանալ ուղարկած նամակներս` պարզապէս իմ անցած ուղին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` մե՛ր անցած ուղին հասկնալու համար, ապա ստացա՛ծ նամակներս` նամակակիցներուս, անոնցմէ մանաւանդ ծանօթ գրողներու, մտաւորականներու ապրումները, կեանքի դժուարութիւնները, մտածումները, որոնց զի՛ս ըրած են բաժնեկից` ըմբռնելու, պատմելու, վերլուծելու համար:

Նոյն ձեւով հաւաքած, կարդացած ու չկարդացած գիրքերս, յատկապէս` պարբերաթերթերը, որոնք իմ ապրած ժամանակներու կենդանի պատկերը կը ներկայացնեն:

Լուսանկարներու անհամար ալպոմներս ալ նոյնպէս հարուստ հանք մը կրնան հանդիսանալ…

Այո՛, կեանքի լայն պաստառին դէմ յանդիման կարելի է անճրկիլ, թէ ուրկէ՛ սկսիլ, ինչի՞ մասին գրել այս շաբաթ:

Լաւագոյնը մուսայիս հարցնելն է ու` խօսքը մտիկ ընելը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES