Ի Պէտս Անգիտելոց` Հայեցի Կրթութեան Լուսանցքին Վրայ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայեցի կրթութիւնը ամբողջ մըն է, կեանքով եւ ինքնութեամբ յատկանշուող, կարկտան կարգադրութիւններու գումար չէ: Քանի կը հեռանանք հայրենիքէ եւ հայրենամերձ շրջաններէ, այնքան կը դժուարանայ եւ կը բարդանայ հայեցի կրթութեան աշխատանքը, մանաւանդ երբ կը միջամտեն կիսագրագիտութիւնը, մանկավարժական պատրաստութեան բացակայութիւնը, ազգային մշակոյթի եւ պատմութեան անտեղեակութիւնը: Ամէն անգամ որ հայ դպրոցի մը սեմէն ներս ոտք դրած եմ, ուշադիր եղած եմ էականին, որ այս պարագային, կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, հայեցի կրթութեան նպաստող ազդակներու կենսունակութիւնն է:
Հայ դպրոցի առաքելութիւնը երբ կը պղտորի զանազան գործնապաշտութիւններով, եւ անոնք բազմաթիւ են, հայեցի կրթութիւնը կը դառնայ մանրուք, մանրադրամ, որ ինքզինք կրնայ յիշեցնել ամավերջի հանդէսներուն բեմերէն լսուած հայերէն ոտանաւորներով, երգերով եւ մոռցուող չանհանգստացնող կարօտախտի ծափերով: Հայ դպրոցին ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ-ը հարկ է սահմանել առանց սեթեւեթի, առանց ծամածռութիւններու: Առանց այդ առաքելութեան ճիշդ ըմբռնման` կը խարխափենք, կը ծառայենք այլ նպատակներու, քննութիւններու յաջողութեան պատրաստող «խանութ»-ներ կ՛ունենանք, որոնք դպրոցի աշակերտութեան բազմացման եւ ծնողներու անմիջական գոհունակութիւն տալու կը ծառայեն, բայց ոչ` ազգային-հեռանկարային գոհունակութիւն:
Այս հարցերուն անդրադարձած եմ զանազան առիթներով: Թիւր ըմբռնումներ կանխելու համար, կրկնութեան գնով հարկ է ըսել, որ հայ տղան եւ աղջիկը կեանքի մէջ յաջողելու պէտք է պատրաստել, անոնք այդ յաջողութեան հասնելու համար կրնան յաճախել ոչ հայկական վարժարաններ, նախնական մակարդակի վրայ կանգ առնող հայ քաղքենի մտայնութիւնը այդպէս կը գործէ` խորհելով, որ հայկական վարժարանը հոն չ՛առաջնորդեր: Երեւոյթին դէմ պայքարելու համար հայկական վարժարանները փողով-թմբուկով կ՛աւետեն այս կամ այն քննութեան իրենց աշակերտներու յաջողութեան տոկոսը: Ծնողքին վստահութիւն կը ներշնչուի:
Բայց երբ հայ ծնողը իր զաւակը հայկական վարժարան կը ղրկէ, պէտք է ազնուօրէն ենթադրել, որ ՏԱՐԲԵՐ ակնկալութիւն ունի:
Այդ ՏԱՐԲԵՐ-ը հայեցի կրթութիւնն է, որ հայ դպրոցի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ-ն է: Առանց անոր` հայ դպրոցը կը դառնայ իմաստազուրկ, անպէտք շէնք, ուր կարելի է դրօշի պէս պարզել համայնքին ապրած երկրի ուսումնական ծրագիրը սահմանող կրթական նախարարութեան պրակի մը էջերը, պորպռալով, որ այդ է նպատակը, կամ ջոջական փառասիրութեամբ-կողմնապաշտութեամբ ըսել, որ դպրոց ունինք կամ… կը ղեկավարենք:
Այս խորհրդածութիւնները ըրի, որովհետեւ ականատես եւ ականջալուր եղայ դրական երեոյթի մը: Միշտ չի պատահիր, այդ պատճառով ալ ուզեցի խօսիլ, հայ մարդիկ ալ մասնակից դարձնել դրական տպաւորութեանս:
Ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ին, կրթական գործով հետաքրքրուող երկու անձերու հետ գտնուեցայ Փարիզի մերձ Ռենսի քաղաքը գտնուող հայկական պատմական անցեալ ունեցող ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ վարժարանը. մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ: Դպրոց, որ մեծնալու ցանկութիւն ունի: Խանդավառ մանկապարտէզ մը, սիրով ջամբուող հայերէն եւ հայոց պատմութիւն: Բայց դրական երեւոյթը, որուն մասին պիտի խօսիմ, այլ է, որուն յաճախ չենք հանդիպիր ո՛չ միջինարեւելեան եւ ո՛չ ալ Ամերիկայի ու Քանատայի հայկական վարժարաններուն մէջ:
Միջնակարգի դասարաններէն մէկուն մէջ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ պահն էր, արդիական ըլլալու համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ, կ՛ըսեն` ՄԱԹԵՄԱԹԻԿԱ-ի: Հաւատալի չէր: Ուսուցիչը, ուսողութեան դասի ընթացքին, գիտական եզրերու ֆրանսերէն գործածութեան կողքին, կը սորվեցնէր անոնց հայերէնները: Այսինքն հայերէնը կը դարձնէր այն, ինչ որ յաճախ կոչած եմ կեանքի լեզու, կենդանի լեզու: Անխառն հաճոյքով լսեցի խորանարդ, զուգահեռական, կոտորակ, շառաւիղ, տրամագիծ եւ այլ բառեր: Հայերէնը գնահատելու արտակարգ նպաստ մը, քանի որ այդ մատղաշ տղաքը պիտի հասկնան եւ սորվին, որ հայերէնը ատակ է գիտութիւն իւրացնելու, որ ան մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի լեզու չէ, որ անով կարելի է աշխարհը ընկալել, ինչ որ ԵՐԿԼԵԶՈՒԱՆԻ ուսուցման էական յատկանիշն է: Եթէ հայ դպրոցները յաջողին այս ճամբով ընթանալ, խաղալ, մարզուիլ, ճաշել նաեւ հայերէնով, գրասենեակներու մէջ նստածներ, երբեմն ալ` հայ համբակներ, պիտի չըսեն, որ հայերէնը մեռած լեզու է: Այս ձեւով հայ տղաքը հպարտութիւն ձեռք կը բերեն, կը հասկնան, որ մենք երբ Եզնիկ, Դաւիթ Անյաղթ, Անանիա Շիրակացի ունեցած ենք, ուրիշներ դեռ ունէին նախնական կենցաղ:
ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ վարժարանին մէջ ուսողութեան ուսուցման ճամբով նաեւ հայ սերունդ կը պատրաստուի, եւ հայ դպրոցը քիչ մը աւելի կ՛իրականացնէ իր առաքելութիւնը:
Ուսողութեան այդ ուսուցիչը հանգամանքներ չունի, հանդէսներու ընթացքին առաջին շարքի աթոռներու վրայ տեղ չունի, իր լամբակը շքանշանով զարդարող չկայ: Բայց ա՛ն է, որ հայ դպրոցին կու տայ անոր իսկական բովանդակութիւնը:
Եւ այդպէս կը մշակուի տոկալու եւ տեւելու կամքը:
Որ ո՛չ կարգախօս է եւ ո՛չ ճառ:
Իսկական ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ:
Երբեմն զանազան տեղատուութիւններու քոսը պէտք է փրցնել:

