Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան 4-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Հոլանտայէն
Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային հաւաքականը պարտութեամբ սկսաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, երբ տեղի տուաւ Հոլանտայի դիմաց` 4-0 արդիւնքով:
Բ. կիսախաղին դաշտին տէրերը 20 վայրկեանի ընթացքին չորս անգամ ցնցեցին բերդապահ Գէորգ Յարութիւնեանի բերդին ուռկանը:
Նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումը` Զուիցերիոյ եւ Ռումանիոյ միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Այսօր Հայաստան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Զուիցերիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական

