Իրավիճակը` Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի  Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ թէեւ տակաւին պայթումներու եւ հրացանաձգութեան ձայներ յստակօրէն կը լսուին Հալէպի ծայրամասերէն, սակայն քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ուր քրիստոնեաներ եւ հայեր կը բնակին, քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակէ տիրել հանդարտ մթնոլորտը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ բնակիչներուն:

Ռէյիսեան հաղորդեց, որ երէկ կէսօրին արձակազէնի մը փամփուշտէն զոհ գնաց շուրջ 43 տարեկան Մինաս Սազեան, որ Արղուպի շրջանին մէջ գտնուող իր գործատեղիին վիճակը ստուգելու գացած էր:

Նշենք, որ Արղուպի շրջանը վերջերս կը գտնուէր ընդդիմադիր ուժերու հակակշիռին տակ, սակայն անցնող օրերուն սուրիական բանակի հակայարձակումէն ետք ներկայիս անիկա կը գտնուի բանակի վերահսկողութեան տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES