Բրիտանիա Պատրաստ Է Եւրոպական Միութեան Պիւտճէն Վեթոյի Ենթարկելու
«Առ.Պի.Սի. Տէյլի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարած է, որ իր երկիրը «անհրաժեշտութեան պարագային» Եւրոպական Միութեան 2014-2020 պիւտճէի նախագիծը կրնայ վեթոյի ենթարկել:
Լոնտոն առհասարակ դէմ է, որ Եւրոպական Միութիւնը միասնական ելեւմտական ծրագիր ունենայ. ըստ Բրիտանիոյ, ատիկա ազգային գերիշխանութեան խախտում է:
Քամերոն ըսած է, թէ կը նախընտրէ, որ երկու առանձին պիւտճէներ ձեւաւորուին, մէկը եւրօ օգտագործող, իսկ միւսը` եւրօ չօգտագործող երկիրներու համար:
2011-ին Բրիտանիան արդէն վեթոյի ենթարկած էր Եւրոպական Միութեան այն համաձայնութիւնը, որ տուգանքներ կը նախատեսէր այն երկիրներուն համար, որոնք կը խախտեն պիւտճէական կանոնակարգը:
Նախապէս Բրիտանիոյ վարչապետը կոչ ուղղած էր նաեւ բարեփոխումներ կատարելու Եւրոպական Միութեան պիւտճէին մէջ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ անդամակցութեան աւելի ճկուն համակարգ ունենալ:

