Ֆրանսայի Գաղտնի Սպասարկութեան Նախկին Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Քաթար Եւ Սէուտական Արաբիա Ֆրանսայի Մէջ Արմատականները Կը Ֆինանսաւորեն»
Ֆրանսայի գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Իվ Պոնիէ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը ամբաստանեց Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ հետապնդուելով ձերբակալուող իսլամական արմատականները ֆինանսաւորելու յանցանքով:
Ան ըսաւ, որ «քաղաքական իսլամութեան դէմ պայքարը ֆինանսաւորման աղբիւրներու փակումը կը պահանջէ»` նշելով, որ «այդ խմբակները կապ ունին թմրեցուցիչի առեւտուրին հետ, սակայն գոյութիւն ունի այլ խնդիր մը, որ կը վերաբերի սալաֆական երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորման, եւ չեն համարձակիր Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի մասին խօսիլ… սակայն աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ անոնք դադրէին կարգ մը կասկածելի ծրագիրներ ֆինանսաւորելէ»:
Ան նշեց, որ Քաթար Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ միջոցներ ունի` աւելցնելով, որ «օր մը Քաթարի դէմ դատ պիտի բացուի, որովհետեւ բազմաթիւ խնդիրներու ետին կը կանգնի… եւ չեմ հետաքրքրուած Փարի Սան Ժերմանի յաջողութիւններով»: Նշենք, որ Փարի Սան Ժերման ֆութպոլի ակումբը գնած է քաթարցի գործարար մը:

