Ճատրակ. Կրան Շլեմի «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Արոնեան – Անանտ` 0,5-0,5

Սպանիոյ Պիլպաօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրած հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ:

Անանտ, որ այսպիսով ոչ յաղթանակ արձանագրած էր եւ ոչ ալ պարտութիւն կրած, արձանագրեց մրցաշարքի իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Արոնեան, որ արձանագրած է յաղթանակ մը, վեց հաւասարութիւն եւ Անանտի նման ցարդ անպարտելի է 9 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Քարուանա-Քարժաքին մրցումը եւս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ այս հանգրուանին Մակնիւս Քարլսըն միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց Վալեխոյի դէմ:

Այժմ Քարլսըն Քարուանայի նման ունի 12 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES