Տեսակէտ. Տաւութօղլուի Ակնկալութիւնը` «Արաբական Գարուն»-էն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը փոխանցեց տեղեկատուութիւն մը, որ մեզի պատկերացում մը կու տայ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Արաբական գարուն»-էն ի՛նչ կը սպասէ: Տաւութօղլու յայտնած է, որ Միջին Արեւելքը «Արաբական գարնան» միջոցով արմատական փոխակերպումի կ՛ենթարկուի եւ 2010-ին սկիզբ առած այդ գարունը կը ջանայ «սրբագրել աւելի քան ամբողջ դար մը տեւած պատմական ժամանակաշրջան մը»` աւելցնելով, որ «յեղափոխութիւններուն սկիզբէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը պատճառ դարձան, որ անիկա իր պատմական բնական վիճակին վերադառնայ»:

Այս վերջին արտայայտութիւնը կրնար մտածել տալ, որ Տաւութօղլու անկայունութիւնն ու արիւնահոսութիւնը Միջին Արեւելքի «պատմական բնական վիճակը» կը նկատէ, եթէ ան նշած չըլլար, թէ «Արաբական գարնան» նպատակը «աւելի քան ամբողջ դար մը տեւած պատմական ժամանակաշրջանի մը» սրբագրումն է: Այլ խօսքով, Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը Օսմանեան կայսրութեան տապալումով յառաջացած արաբական աշխարհի անկախութեան ժամանակաշրջանը կը նկատէ սխալ մը, որուն սրբագրութեան համար ջանք կը թափուի:

Աւելի՛ն. ան կը յայտնէ, որ «պատմական փոխակերպումն ու բնական կացութեան վերադարձը անպայման որոշ ցաւ կը պատճառէ (իմա արաբներուն), իսկ Միջին Արեւելքը պէտք է այդ մէկը հասկնայ եւ ատոր տոկայ, որպէսզի յեղափոխութիւններէն սպասուած արդիւնքին հասնի եւ շրջանը վերադառնայ իր պատմական բնական վիճակին»: Տաւութօղլուի համար «յեղափոխութիւններէն սպասուած արդիւնքը» վերականգնումն է օսմանեան տիրապետութեան, որուն ենթակայ ըլլալը, ըստ իրեն, շրջանի «պատմական բնական վիճակ»-ն է:

Ահա թէ ինչու, երբ Փաքս Օթոմանայի մասին երազող Տաւութօղլուն կը նշէ, թէ «Թուրքիա անդուլ կերպով արաբ երիտասարդներուն եւ Միջին Արեւելքի հետ պիտի աշխատի` կառուցելու համար շրջան մը, ուր ժողովուրդներու համար բարգաւաճում եւ կայունութիւն կը տիրէ», ան անշուշտ օսմանեան բարգաւաճումի եւ օսմանեան կայունութեան մասին է, որ կը խօսի:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES