ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՈՒԽՏԵՑ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԵՐԹԸ

Լիբանանահայութիւնը կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքաբար ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը:

Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, համայնքապետեր, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, ներկայ ու անցեալի երեսփոխաններ ու նախարարներ եւ բազմահազար հայորդիներ:

Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ լիբանանահայ շեփորախումբերու կատարողութեամբ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, ապա հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Աստղիկ Ճամպուլեան-Գանտահարեան: Ան նշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան սկսած է իր ներկայութիւնը զօրացնել Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս հոսանքին դէմ պէտք է արթուն ու պահանջատէր դիրքերէն շարունակել մեր նահատակներուն դատը` համայն հայութեան դատը: Ճամպուլեան-Գանտահարեան ըսաւ, որ այս հաւաքը առիթ մըն է վերանորոգելու ուխտը, որպէսզի կարենանք ապագային միասնաբար բարձրացնել ամբողջական յաղթանակի դրօշը:

Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան

Օրուան առաջին պատգամը Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով արտասանեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, որ նշեց, թէ 96 տարի անցած է նենգամտօրէն ծրագրուած ցեղասպանութենէն: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը ողբալու պահ չէ, այլ` վերարժեւորման պահ է, ուղին շարունակելու առիթ է: Ժամկոչեան հաստատեց, որ ցեղասպանութեան ժխտումը նոյնինքն ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, եւ այս առումով, անընդունելի է Անգարայի մերժողական քաղաքականութիւնն ու ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններուն յանձնելու մօտեցումը:

 

Ժամկոչեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ պետութիւն բարոյական հրամայականի առջեւ կը գտնուի եւ արդէն լռութեան պատը սկսած է քանդուիլ, քանի որ բազմաթիւ պետութիւններ, անհատներ, պատմաբաններ սկսած են զօրակից դառնալ հայութեան արդար իրաւունքներուն:

Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան յայտնեց, որ թրքական քաղաքականութիւնն ու հայ-թրքական հաշտութեան փորձերը ձախողած են, որովհետեւ հայերը միասնաբար չհրաժարեցան ու պիտի չհրաժարին իրենց հողային պահանջատիրութենէն: Այս շրջագիծին մէջ ան ամբողջովին մերժեց Արցախի հարցին լուծման մէջ փոխ զիջումը: Ժամկոչեան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Պէտք է հաշիւ տալ նահատակներուն եւ հաշիւ պահանջել ցեղասպանէն»:

Յակոբ Կերկերեան

Օրուան երկրորդ պատգամը Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան անունով ուղղեց Յակոբ Կերկերեան, որ ըսաւ, թէ Հայ դատի հետապնդումը մեզի կը մղէ հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու` ստեղծելու համար ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստան: Կերկերեան հաստատեց, որ արդէն պահը հասած է հատուցման հարցը դարձնելու ազգային ու պետական քաղաքականութեան հիմնական մէկ մասը:

 

Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւն մը անպատիժ ձգելով նոր ոճրագործութիւններու քաջալերանք կատարուած կ՛ըլլայ: Յակոբ Կերկերեան հաստատեց, որ այնքան ատեն, որ թուրքը հատուցում չէ տուած, ապա կը մնայ մեր թշնամին: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի պետութիւնը իր իրաւատէրի հանգամանքով ջատագովը պէտք է ըլլայ այս նպատակին իրականացման:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է, անիկա չէ դատապարտուած տակաւին, ոճրագործը կը շարունակէ մնալ անպատիժ, մեր դատը կ՛ընթանայ պահանջատիրական իր ուղիով` մեզ, համայն հայութիւնը ունենալով իբրեւ իր տէրը, որ հանգիստ պիտի չունենայ մինչեւ չյարգէ իր նահատակներուն կտակը եւ իր իրաւունքներուն լիուլի չտիրանայ:

Մկրտիչեան աւելցուց, որ յաղթանակած է հայութիւնը ամէնուրեք, որովհետեւ ան հաւատաց ու փաստեց աշխարհին, որ ինք հազարամեակներու մշակոյթ ունեցող, ապրող ու ստեղծագործող ազգ է: Ան աւելցուց, որ այս յաղթանակին մէջ մեծ աշխատանք տարած է սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս աշխարհի չորս ծագերուն գործող Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները:

Գառնիկ Մկրտիչեան

Գառնիկ Մկրտիչեան յոյս յայտնեց, որ աշխարհը հասկնայ, թէ չճանչցուած, չդատապարտուած ցեղասպանութիւնները իրենց դաժան հետքերը կը ձգեն իրենց ետին, եւ պետութիւնները պէտք է հասկնան, որ պատմական իր մեղքը չընդունող, պատմական եւ քաղաքական ճշմարտութիւնը մնայուն կերպով հերքող Թուրքիան կրնայ վտանգ հանդիսանալ համայն մարդկութեան, մանաւանդ որ բարձր մակարդակի վրայ իրմէ հաշիւ պահանջող չկայ:

 

Մկրտիչեան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան թեկնածութեան եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական խնդիրներու լուծման իր միջնորդական դերակատարութեամբ հանդէս եկող նոր Թուրքիան անյետաձգելիօրէն պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր սեփական անցեալին հետ, արդարութիւն տնօրինէ եւ հատուցում կատարէ` հայ ազգին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութեան համար, որպէսզի արդարանայ «զերօ խնդիրներու» թրքական դրացիական քաղաքականութիւնը եւ խաղաղութիւն հաստատուի շրջափակուած բոլոր ժողովուրդներուն ու անարդարութեան զոհ հաւաքականութիւններուն հետ:

Խօսելով թրքական բազմատեսակ երեւոյթներու քաջալերման մասին` Մկրտիչեան ըսաւ, որ թրքական արտադրութիւնները քաջալերելը բարոյական պարտութիւն է արդէն հայութեան համար, եւ մերժելի է թրքական արտադրութիւններու եւ պատկերասփռուած յայտագիրներու քաջալերման որեւէ արարք, որ վայել չէ դատ ունեցող հայորդիի մը:

Իր խօսքի աւարտին Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «Ջահը այսօր կը մնայ բոցավառ, իսկ անոր բոցավառումը հզօրացնելու համար նոր վառելանիւթ բերողները հազուագիւտ չեն: Այսօր եւս մենք կը շարունակենք աշխարհին յիշեցնել, թէ մենք տէրն ենք մեր իրաւունքներուն, զանոնք կը դաւանինք անսակարկելիօրէն ու վճռած ենք շարունակել պայքարը, մինչեւ որ հայկական Եռագոյնը տարածուի հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ եւ ցեղասպան պետութիւնը արդար հատուցում կատարէ մեր բոլոր կորուստներուն դիմաց»:

Աշոտ Քոչարեան

Հայկական երեք կուսակցութիւններու պատգամներէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր պատմութեան ամէնէն դաժան եւ ամէնէն ողբերգական էջն է: Քոչարեան իր կարգին հաստատեց, որ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Եղեռնի շարունակութիւնն է, եւ այս քաղաքականութեան դէմ պէտք չէ ցուցաբերել թոյլ վերաբերմունք:

 

Աշոտ Քոչարեան աւելցուց, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ ա՛յն պետութիւններուն, կառոյցներուն ու անհատներուն, որոնք ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու նահատակներուն պատգամը` ծառայելով մեր ազգային ու համամարդկային արժէքներուն: Ան ըսաւ, որ պէտք է յաղթահարել արդի աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրները` միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ, թէ Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդին համար այլեւս սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ նահատակներու նուիրական կտակին նկատմամբ մեր ունեցած յանձնառութեան հաշուետուութեան եւ վերահաստատման օրն է: Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ հայութեան իրաւունքներու սրբազան դատը պիտի շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի վերանորոգ հաւատքով եւ վճռակամութեամբ:

Արամ Ա. կաթողիկոս

Վեհափառը նշեց, որ պէտք է գիտակցինք, որ այսօր տարբեր է աշխարհը, տագնապներն ու պայմանները փոխուած են, հետեւաբար կուսակցութիւնները, Հայաստանի պետականութիւնը, եկեղեցին եւ ղեկավարները քննութեան առարկայ պէտք է դարձնեն նոր մարտահրաւէրներուն  դէմ դնելու քաղաքականութիւնը: Այս գծով Արամ Ա. կաթողիկոս երեք բառերու մէջ բնորոշեց յառաջիկայ աշխատանքները` արժեւորում, ներդաշնակում եւ վերակազմակերպում` ճշդելով առաջնահերթութիւնները:

 

Վեհափառը հաստատեց, որ մինչեւ այսօր Հայ դատի աշխատանքները ներդաշնակուած չեն, ուստի պէտք է զանազանութիւնները մէկտեղել եւ մշակել համահայկական մտածողութիւն ու հոլովոյթ: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ այսօր Հայ դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներուն մէջ կը պահանջէ ակադեմական եւ գիտական լուրջ մօտեցում: Այս գծով վեհափառը աւելցուց, որ պէտք է ունենանք մարդիկ, որոնք կը մասնագիտանան օսմանագիտութեան, թրքագիտութեան, Միջին Արեւելքի պատմութեան եւ միջազգային օրէնքին մէջ, եւ այս առնչութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը զօրակցի այն բոլոր համալսարանականներուն, որոնք պիտի հետեւին այս մասնագիտութիւններուն, պայմանաւ որ հետագային ծառայեն Հայ դատին:

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ շատ խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, եւ պահը հասած է շեշտը դնելու հատուցման վրայ: Վեհափառը աւելցուց, որ կաթողիկոսարանը պիտի սկսի ազգապատկան կալուածներու հաւաքագրման աշխատանքներուն:

Վեհափառը հաստատեց, որ մենք կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին սեմին, եւ այս յոբելեանը պէտք է նշել տարբեր ոճով ու ոգիով: Այս շրջագիծին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու համակարգող յանձնախումբի կազմութեան վերաբերող հրամանագիրը:

Խօսելով երիտասարդութեան դերին մասին` վեհափառը ըսաւ, որ այսօր մեր շուրջը գահեր կը կործանին, բռնակալներ կը տապալին, յեղաշրջումներ կը կատարուին, որոնց մէջ տիրական ներկայութիւն է երիտասարդութիւնը, եւ ուրեմն, մեր երիտասարդութիւնը իր կարգին մեծ ընելիք ունի:

Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց, որ այսօր ցեղասպանը աներեւոյթ եւ երեւելի կերպով կը թափանցէ ամէնուրեք եւ այս երեւոյթին դէմ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Իր հայրապետական պատգամին աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց քալելու մեր նահատակներուն հաւատքով եւ մեր ժողովուրդին վարդահեղեղ արշալոյսին տեսիլքով:

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ նուագախումբերու կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES