ՕՊԱՄԱ ԴԱՐՁԵԱԼ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԵԶՐԷՆ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՎ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑ «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ» ԵԶՐԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օր Ապրիլ 24-ի առիթով նախագահական տարեկան ուղերձին մէջ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրէն` անոր փոխարէն օգտագործելով «Մեծ եղեռն»ը:

Սպիտակ տան մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած ուղերձին մէջ գրուած է. «Մենք հանդիսաւոր կերպով կը յիշատակենք 96 տարի առաջ տեղի ունեցած սարսափելի իրադարձութիւնը, որուն հետեւանքը եղաւ 20-րդ դարու մեծագոյն եղեռնագործութիւններէն մէկը: 1915-ին 1.5 միլիոն հայեր կոտորուեցան կամ մահուան երթ կատարեցին Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին: Ես միշտ յայտարարած եմ 1915-ին կատարուածին վերաբերեալ տեսակէտս, եւ այդ պատմութեան վերաբերեալ տեսակէտս չէ փոխուած:

«Փաստերու լիակատար, շիտակ եւ արդարացի ճանաչումը կը բխի մեր շահերէն: Վիճարկուող պատմութիւնը կ՛ապակայունացնէ ներկան եւ ստուերի տակ կ՛առնէ կեանքէն զրկուածներու յիշատակը, մինչդեռ անցեալին հետ հաշուի նստիլը ամուր հիմք կը ստեղծէ միացեալ խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագային համար:

«Պատմութիւնը մեզի կ՛ուսուցէ, որ մեր պետութիւնները աւելի հզօր են ու մեր գործը` աւելի արդար, երբ մենք պատշաճ կերպով կը ճանչնանք ցաւոտ անցեալը եւ կ՛աշխատինք դէպի վաղուան աւելի լաւ օրը փոխըմբռնման կամուրջները վերակառուցելու համար: Միացեալ Նահանգներ այդ դասը լաւ գիտեն մեր իսկ պատմութեան մութ էջերէն:

«Ես կը սատարեմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ անհատներու կողմէ ձեռնարկուող խիզախ քայլերուն` նպաստելու իրենց ընդհանուր պատմութիւնը ճանչցող երկխօսութեան: Յիշատակելով Մեծ եղեռնը եւ յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին` մենք նաեւ վերստին պարտաւորուինք ապահովել, որպէսզի այդպիսի աղէտալի իրադարձութիւնները երբեք չկրկնուին: Ատիկա արդի խնդիր մըն է, զոր հազարաւոր ամերիկահայեր դարձուցած են իրենց գործը: Հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնն է տոկունութիւնը, վճռականութիւնը եւ յաղթանակը անոնց նկատմամբ, որոնք կ՛ուզէին ոչնչացնել զինք»:

Օպամա ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ աւանդ ունին ամերիկահայերը, «որոնցմէ շատերը Մեծ եղեռնէն փրկուածներու սերունդներն են: Հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիները ուժեղացուցած են մեր հասարակութիւնը եւ մեր համայնքները իրենց հարուստ մշակոյթով եւ աւանդութիւններով:

«Այս ողբերգական պատմութեան դէմ յանդիման հայ ժողովուրդի ցուցաբերած ոգին կ՛ոգեշնչէ բոլոր անոնց, որոնք աւելի խաղաղ եւ արդար աշխարհի կը ձգտին:

«Մեր սրտերը եւ աղօթքները հայերուն հետ են ամէնուր, երբ մենք կը յիշենք Մեծ եղեռնի սարսափները, կը յարգենք զոհերու յիշատակը եւ մեր բարեկամութիւնն ու խորին յարգանքը կը հաւաստենք առ Հայաստանի ժողովուրդը»:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` հակազդելով Օպամայի յայտարարութեան, կը նշէ, որ «նախագահ Պարաք Օպամա դարձեալ դրժեց մարդկութեան դէմ այս յանցագործութիւնը պատշաճ կերպով դատապարտելու եւ յիշատակելու իր խոստումը:

«Թուրքիոյ սպառնալիքներուն առջեւ նախագահ Օպամայի ամօթալի զիջումը, անոր մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացումներուն եւ Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անոր վարչակազմի աշխուժ հակազդեցութիւնը ճիշդ հակառակն են սկզբունքային եւ ազնիւ փոփոխութիւններուն, զորս ան խոստացած էր կատարել այդ ոճրագործութեան մեր երկրի արձագանգի հարցին մէջ», ընդգծեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «խոր ափսոսանք» յայտնեց Օպամայի ուղերձին գծով եւ զայն որակեց «միակողմանի»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի օր հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «յայտարարութիւնը կ՛աղաւաղէ պատմական փաստերը: Հետեւաբար, մենք զայն կը նկատենք շատ խնդրայարոյց եւ խորապէս կ՛ափսոսանք այդ կապակցութեամբ® Միակողմանի յայտարարութիւնները կը խոչընդոտեն ճշմարտութեան ըմբռնումը:

«Մենք պիտի ուզէինք, որ մեր բարեկամ եւ դաշնակից Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաղորդակից ըլլար նաեւ Թուրքիոյ ցաւին եւ ուղերձ հրապարակէր նոր տեսանկիւնէ»:

Ըստ թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ» պատկերասփիւռի կայանին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խօսելով Օպամայի ուղերձին մասին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարեց, որովհետեւ գիտէ «հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ զգայնութիւնը»: Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն` յայտնելով, որ «հայ-թրքական արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին, մինչեւ որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի: Այդ մասին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ըսի»:

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան իր կարգին Օպամայի ուղերձը որակած է «պատմութեան ոչ ճշգրիտ, թերի եւ միակողմանի քաղաքական բնութագրում»:

ՔԱԿ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ ՔԱՐԱՅԸԼԱՆ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՔԱԿ-ի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան 24 ապրիլին ոգեկոչած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: «24 ապրիլը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կոտորածի, աքսորի եւ ոչնչացման օր է: 96 տարի առաջ այս օրը սկսած կոտորածներով զտեցին հայ ժողովուրդը: Կոտորածներ եւ գաղթ տեղի ունեցան: Եւ ճիշդ այդ պատճառով այսօր հայ ժողովուրդը սփռուած է ամբողջ աշխարհի վրայ, իսկ այն ինչ որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ, տակաւին կը շարունակուի ժխտուիլ: Թուրքիան պէտք է դէմ յանդիման գայ իր սեփական անցեալին եւ պատմութեան հետ: Ինչպիսի որակում ալ տան այդ իրադարձութիւններուն` կոտորած, ցեղասպանութիւն, թէ աքսոր, միեւնոյնն է, ատոր հետեւանքը մէկ է` հայ ժողովուրդը սպաննուած է, աքսորուած է, ենթարկուած է զտման: Իսկ այս իրողութեան ժխտումը որեւէ արդիւնք չի կրնար տալ: Մենք այսօր տեղի ունեցածի կապակցութեամբ մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին` կիսելով անոր վիշտը», յայտարարած է Քարայըլան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES