Արուեստի Աշխարհէն. Երկաթէ Մարդը` Երկնաքարի Վրայ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՊՈՒՏՏԱՅԱԿԱՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԱՐՁԱՆ ՄԸ, ՈՐ ԾԱՆՕԹ Է ԻԲՐԵՒ ԵՐԿԱԹԷ ՄԱՐԴԸ, ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԷՐ ԹԻՊԵԹԷՆ, ՆԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ: ԱՅԺՄ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆ ԱՆՈՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: «ՓՐԵՍ ԱՍՈՍԻԷՅՇԸՆ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ.

Պուտտայական խորհրդաւոր արձան մը, որուն պատմութիւնը կը յիշեցնէ Ինտիանա Ճոնզի ժապաւէնները, ունի մինչեւ արտերկիր գացող արմատներ, ինչպէս ի յայտ բերած են ուսումնասիրողներ:

Աւելի քան 1000 տարուան այս հնութիւնը, որ 1938-ին գողցուած էր Թիպեթէն, նացիներու կողմէ, քանդակուած է երկնաքարի մը վրայ:

Երկաթէ մարդը անունով ճանչցուած արձանը կը կշռէ 11 քկ: Կ՛ենթադրուի, թէ անիկա կը պատկերէ պուտտայական դիցաբանութեան Երկնային չորս թագաւորներէն` Վայսրաւանան:

Շուրջ 24 սմ բարձրութեամբ արձանին կեդրոնը քանդակուած կեռ խաչ մը հաւանաբար խանդավառած է գերմանական հնախուզական խումբի մը առաջնորդները, որոնք կը վայելէին զօրակցութիւնը Հիթլերի պահակագունդի հրամանատար Հայնրիխ Հիմլըրի: Պուտտայական եւ հինտու բազմաթիւ քանդակներ զարդարուած են կեռ խաչերով: Նացիները որդեգրած էին հնադարեան այս խորհրդանշանը եւ զայն վերածած էին շրջուած ուղղութիւններով պատկերի մը: Հիմլըր կը հաւատար, թէ արիական ցեղին արմատները կարելի էր գտնել Թիպեթի մէջ:

Գերմանացի հնագէտներու խումբին մաս կը կազմէին Հիթլերի պահակագունդէն անդամներ: Խումբը կը գլխաւորէր կենդանաբանական պարտէզի մասնագէտ եւ ցեղագէտ Էռնսթ Շաֆըր:

Յստակ չէ, թէ արձանը ինչպէ՛ս ի յայտ բերուած է: Սակայն Գերմանիա փոխադրուելէ ետք անիկա մաս կազմած է Միւնիխի մէջ սեփական հաւաքածոյի մը: Գիտնականներ զայն ուսումնասիրելու հասողութիւնը ունեցան 2007-ին անոր աճուրդէն ետք միայն:

Շթութկարթի համալսարանէն մասնագէտներ Էլմար Պուխնըրի գլխաւորութեամբ քննած են արձանը քանդակելու համար գործածուած հում նիւթին բաղադրութիւնը եւ եզրակացուցած են, թէ անիկա քանդակուած է աթաքսայթի վրայ, որ երկաթէ երկնաքարի հազուագիւտ տեսակ մըն է:

«Արձանը քանդակուած է Չինկա երկնաքարին մէկ բեկորէն: Չինկա ջախջախուած էր այսօրուան Մոնկոլիոյ եւ Սիպերիոյ սահմանին վրայ, շուրջ 15 հազար տարի առաջ,- կ՛ըսէ Պուխնըր:- Թէեւ այս երկնաքարին առաջին բեկորները պաշտօնապէս յայտնաբերուած էին 1913-ին, ոսկիի հանքեր պեղողներու կողմէ, սակայն կը հաւատանք, թէ խնդրոյ առարկայ բեկորը գործածուած է դարեր առաջ»:

Ուսումնասիրութեան մանրամասնութիւնները լոյս տեսած են «Մեթէորիթիքս էնտ Փլանեթըրի Սայընս» թերթին մէջ:

«Երկաթէ մարդը միակ կերպարն է, որ քանդակուած է երկնաքարի վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարելի չէ զայն բաղդատել որեւէ այլ բանի հետ` արժեւորելու համար անոր գինը,- կ՛ըսէ Պուխնըր:- Արձանին միայն պուտտայական ծագումը բաւարար է, որ անոր արժէքը գնահատուի 20 հազար տոլարով: Սակայն, եթէ հնութեան վերաբերող մեր արժեւորումը ճիշդ է, ապա արձանը ունի շուրջ 1000 տարուան հնութիւն, հետեւաբար նաեւ անգին է»:

 

Share this Article
CATEGORIES