Արուեստի Աշխարհէն Հետզհետէ Աւելի Մեծ Թիւով Պատանիներ Բանաստեղծութիւն Կը Սիրեն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Բանաստեղծութիւնը յայտնաբերեցի անգիտակցաբար: Սկիզբը էջերով բառեր կը գրէի, առանց անդրադառնալու, թէ ինչ որ թուղթին յանձնած էի կարելի էր դասել իբրեւ բանաստեղծութիւն, թէեւ չափազանց զգացական բանաստեղծութիւն` այդ օրերուն,- կ՛ըսէ 16 տարեկան Նաոմի Համիլթըն: – Այսպէս սկսայ գրել: Իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն, որ կը գրէի, ուղեւորութիւն մըն էր` աւելի լաւ տեղ մը հասնելու իբրեւ պատանի բանաստեղծ եւ արտացոլելու իրական կեանքի պատկեր մը` մտածումներուս տարածքէն»:
ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 7000 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԸ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՔՈՎ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
«Բանաստեղծութիւնը յայտնաբերեցի անգիտակցաբար: Սկիզբը էջերով բառեր կը գրէի, առանց անդրադառնալու, թէ ինչ որ թուղթին յանձնած էի, կարելի էր դասել իբրեւ բանաստեղծութիւն, թէեւ չափազանց զգացական բանաստեղծութիւն` այդ օրերուն,- կ՛ըսէ 16 տարեկան Նաոմի Համիլթըն: – Այսպէս սկսայ գրել: Իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն, որ կը գրէի, ուղեւորութիւն մըն էր` աւելի լաւ տեղ մը հասնելու իբրեւ պատանի բանաստեղծ եւ արտացոլելու իրական կեանքի պատկեր մը` մտածումներուս տարածքէն»:
«Տարուան պատանի բանաստեղծներու մրցանակը», որուն տիրանալու համար կը մրցին 11-17 տարեկան պատանիներ, այս տարի կոտրեց մրցանիշ մը. աւելի քան 7000 պատանիներ իրենց գրութիւնները ներկայացուցին մրցանքին` հետզհետէ աւելի ամուր կերպով հաստատելով այսօրուան պատանի սերունդին այն համոզումը, թէ բանաստեղծութիւն գրելը «գրաւիչ» է: Իրօք, ռափ երաժշտութեան ոճով կտրուկ բանաստեղծութիւններու տարափը բանաստեղծութեան բաց մրցանքներու (սլամ քոնթեսթ) առիթով, ինչպէս նաեւ Կլասթոնպըրիի, Լաթիթիուտի եւ Պիկ Չիլի փառատօներուն մասնակցող արուեստագէտներուն կատարումները ցոյց կու տան, թէ բանաստեղծութիւնը երբեւիցէ նոյնքան տիրական դիրք չէ վայելած:
Համացանցի վրայ ստեղծուած են պլոկեր (ազատ կարծիքներու արտայայտութեան վայր), ուր կը տեղադրուին նոր բանաստեղծութիւններ: «Մըրքիւրի» մրցանակի դափնեկիր ռափ երաժիշտ Սփիչ Տեպել, ինչպէս նաեւ խօսակցական բառերով բեմական կատարումներ ներկայացնող արուեստագէտներ Տիզրայէլի եւ Քէյթ Թեմփեսթ սկսած են ներգրաւել պատանի հետեւորդներ: Աւելի քան 3200 պատանիներ մաս կը կազմեն համացանցի վրայ դեռատի բանաստեղծներու ցանցի մը, զոր կը գլխաւորէ բանաստեղծութեան սէրն ու հաճոյքը տարածող «Փոէթրի սոսայըթի» կազմակերպութիւնը:
«Փոէթրի սոսայըթի»-ն ամէն տարի համացանցի վրայ կը կազմակերպէ իր «Սլամպասատըրզ» վերնագիրով մրցանքը, որ կը ներգրաւէ հարիւրաւոր մասնակցողներ: Այս ամառ կազմակերպութիւնը հրապարակեց վաւերագրական ժապաւէն մը` «Ուի ար փոէց», որ կը պատկերէ Լիծէն պատանի բանաստեղծներու մասնակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներու մէջ բանաստեղծութեան բաց մրցանքի մը:
«Փոէթրի սոսայըթի»-ի կազմակերպած բանաստեղծութեան տարեկան մրցանքին հովանաւորն է աշխարհի ամէնէն ընդարձակ գրատունը` Ֆոլայզ, որ կը գտնուի Լոնտոնի մէջ: «Փոէթրի սոսայըթի»-ի ներկայացուցիչ Ճուտիթ Փալմըր կ՛ըսէ, թէ պատանի բանաստեղծները կը բաժնեն «պատանիներու ներհայեցողութեան սովորական նախատիպարներէն դուրս գալու կարողութիւն մը» եւ` «կրնան երեւակայութեան միջոցով իրենց ճամբան գտնել դէպի այլոց կեանքերը»: Նոր սերունդին բանաստեղծութիւնը նկարագրելով իբրեւ «հիմնաւորուած եւ մարդկային»` ան կը նշէ, թէ մրցանակի արժանացած բանաստեղծութիւններուն մեծ մասը կ՛արծարծէ սուգի եւ կորուստի բնաբանները` «դիպուկ հասունութեամբ»:
Այս տարուան բանաստեղծութեան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 46 ազգութիւններ: Ասիկա աշխարհի ամէնէն լայնածաւալ բանաստեղծութեան մրցանքներէն մէկն է: Մրցանքին դատական կազմի անդամ` բանաստեղծ Հելեն Մորթ կ՛ըսէ. «Այս տարի մասնակցողներուն մեծ մասին բանաստեղծութիւնները ուշագրաւ էին: Սակայն մրցանակի արժանացած բանաստեղծութիւնները շատ կենդանի էին. անոնք ճարպիկ հնարքներ ի գործ կը դնէին` լոյսին հետ խաղալով»:
Տարիքով մեծ մրցանակակիրները (15-17 տարեկան) մէկ շաբաթ գրելու պիտի երթան Շրոփշըրի Արվոն հիմնարկին մէջ, իսկ տարիքով փոքրերը պիտի վստահուին դաստիարակ բանաստեղծներու:
«Հաճելի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս դեռատի ուղեղներ եւ հոգիներ բանաստեղծութեան կը դիմեն իբրեւ յայտնութեան միջոց` իրենց համար եւ մեզի, աշխարհին հետ խօսելով այնպիսի միջոցներով, որոնցմէ զուրկ են տարիքով աւելի մեծերը», կ՛ըսէ դատական կազմի այլ անդամ մը` Քրիսթաֆըր Ռիտ:
Բանաստեղծ Ռոճըր ՄքԿաու, որ «Պի. Պի. Սի.»-ի «Ռետիօ 4»-էն կը ներկայացնէ «Փոէթրի փլիզ» յայտագիրը, կ՛ըսէ. «Բան մը կ՛եռայ այստեղ, եւ ցայտուն ապացոյցը հետզհետէ աւելի մեծ թիւով պատանիներն են, որոնք կը մասնակցին բանաստեղծութեան մրցանքներու»:
Սեպտեմբերին Բրիտանիոյ «Ռոյըլ ֆեսթիվըլ հոլ»-ի մէջ Բանաստեղծութեան ազգային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ Տարուան պատանի բանաստեղծներու մրցանակաբաշխումին պաշտօնական հանդիսութիւնը: Մրցանակի արժանացան 15 պատանիներ, որոնք բոլորն ալ փորձած են «լաւագոյն բառերը գործածել` լաւագոյն շարքով», ինչպէս ժամանակին ըսած է անգլիացի բանաստեղծ Սամուէլ Թէյլըր Քոլըրիճ:
Քանի Մը Օրինակ`
Մրցանակակիրներու Տողերէն
Ապիկէյլ Սեչֆիլտ (17 տարեկան)
Որքան որ կը յիշէ, ան միշտ գրած է: Սակայն որոշած է անտեսել ամէն ինչ, որ գրած է 10 տարեկանէն առաջ: Անոր «Ռիտիուստ» (բեկուած) բանաստեղծութիւնը նուիրուած է Աուշվիցի եւ Պիրքենաուի մահուան ճամբարներուն զոհերուն յիշատակին:
«… Անոնք գնացքէն իջան իբրեւ մարդ:
Արիւնոտ, ցեխոտ, քրտինքով եւ արցունքով ծեփուած մարդ:
Կը նայիմ անոնց եւ կը մտածեմ.
Պէտք է սպաննեմ այս մարդիկը»:
Ֆիպի Պոսուոլ (17 տարեկան)
«Բանաստեղծութիւնը զիս ներշնչած է բազմաթիւ ձեւերով: Անոր միջոցով կը ձերբազատիմ առօրեայ ճնշումներէն եւ մարտահրաւէրներէն: Ժամանակակից բանաստեղծներու գործերը կարդալը մեծապէս շրջած է աշխարհահայեացքս. սովորականը այժմ դարձած է տարաշխարհիկ, աննկատ մանրամասնութիւնները այժմ հրաշալի կը թուին», կը նկարագրէ ան: «Պէյքինկ» (եփել) բանաստեղծութեան մէջ ան կը գրէ.
«… Համեմներով կը խաղայիր,
կարագոտ խմորի գնդիկներ կը շարէիր ափսէին մէջ:
Քու տաքուկ խոհանոցդ, իմ ապահով բոյնս»:
Ֆլորա տը Ֆալպ (16 տարեկան)
«Միշտ ալ սիրած եմ գիրքերը եւ գրած եմ այն օրէն, որ կը յիշեմ: Գրած եմ թոյլ կառոյցով հաւանական երեւակայական վէպեր, ամօթալի անձկալից խաղի մը պէս, գրութիւններ` դպրոցական թերթերու համար», կ՛ըսէ ան: «Ֆայվ թինկզ ըպաութ տը լէյք» (հինգ բաներ` լիճին մասին) բանաստեղծութեան մէջ ան կը գրէ.
«1. Լիճը նորաձեւութեան գերին չէ, այլ հպարտ է ծառերու իր լայն փէշով, իր մութ, բարեձեւ տեսքով:
2. Լիճը չ՛ուզեր խօսիլ: Օդը կը խուժէ եւ կը սուլէ. ինչպէ՞ս ես այս օրերուն: Եւ ան կը պատասխանէ իր սառն նայուածքով:
3. Լիճը յօնքերը կը կիտէ, երբ անձրեւը կը ծակծկէ զինք…»:
Թալուլա Հաթսըն (16 տարեկան)
«Բանաստեղծութիւնը, որ կը ներկայացնեմ այս մրցանքին, հիմնուած է մանկութեան յիշատակներու վրայ, նախքան արկած մը, որուն ենթարկուեցաւ մօտիկ ազգական մը, հետեւաբար բանաստեղծութիւն մըն է, որ շատ մօտ է սրտիս եւ մաս կը կազմէ էութեանս», կը գրէ ան` ակնարկելով «Տի էքսիտընթ» (արկածը) բանաստեղծութեան:
«…Կը յիշեմ, կը դիտէի առաստաղ մը,
որ իմս չէր:
… Կը յիշեմ աստիճաններէն վեր կը սողայի` հոտոտալու
շրջազգեստդ, առնելու` հոտդ:
… Կը յիշեմ, թէ կարելի չէ վառել եօթը
մոմեր` հիւանդանոցի սենեակին մէջ»:
Քլեր Քարլայլ (17 տարեկան)
Միշտ ալ սիրած է գիրքերը, սակայն գրել սկսած է միայն քանի մը տարի առաջ, ներշնչուած` Քէյթ Թեմփեսթի հանդիսատեսներու դիմաց տեղւոյն վրայ հիւսած բանաստեղծութիւններէն (փըրֆորմընս փոէթրի) եւ Տէյվիտ Լիվիթի կարճ պատմուածքներէն: Ան կը ծրագրէ անգլիական գրականութիւն ուսանիլ համալսարանի մը մէջ: Իր «Տի էվրիտէյ հիմ» (ամէնօրեայ շարական) բանաստեղծութեան մէջ ան կը գրէ.
«… Շատ աւելի փոքր, հազիւ լսելի ցնցում մը`
Անձի մը ձայնին մէջ, երբ ծիծաղը
կը ձգտի խոյս տալ»:
Սառա Ֆլեչըր (17 տարեկան)
Ան շահած է այս տարուան բանաստեղծութեան «Քրիսթաֆըր Թաուըր» մրցանակը: Նաեւ` 11 այլ բանաստեղծներու հետ հրաւիրուած է հիւսելու Ողիմպիական խաղերուն մասին բանաստեղծութիւն մը, որ ցուցադրուած է Ողիմպիականի զբօսայգիին մէջ: Ան հարաւային Անգլիոյ Պրայթըն քաղաքին նուիրուած իր բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«… Ծանր կը ներշնչես եւ կ՛արտաշնչես, գիշերուան յոգնութեամբ եւ վոտգայի հռնդիւնով:
Չես սայթաքիր: Չես ժպրհիր: Կը թռչիս` պարելով փողոցի տատանող լուսամփոփներուն աղօտ մշուշին մէջ»:
Տիլըն Լիթ (16 տարեկան)
Բանաստեղծութիւն սկսած է գրել 7 տարեկանին եւ արդէն շահած է բազմաթիւ մրցանակներ: Կը սիրէ վիճարկել, կը փափաքի դառնալ լրագրող եւ գրագէտ: Իր «Պըրթտէյ փրեզընթ» (տարեդարձի նուէր) բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«… Ան կը տեսնէ ուրուագիծը ուքրանացի մարդու մը դէմքին,
գամուած` ծաղկաւոր պատի թուղթին, զինուորական տարազով եւ քողարկուած տղոց ձեռքով:
Աղօտ լոյսին մէջ կը լուծուին էջերուն ծայրամասերը, մինչ անոր աչքերը կը սկսին ծորալ էջերուն մէջ, եւ շուքեր կը ցայտեն մատներուն արանքէն:
Ցեխաշէն-կաւաշէն ախտաւոր բնակարաններ կարմիր երակներով վէրքեր կը բանան փողոցներուն մէջ:
Ճաթռտած ապակին կ՛արտացոլէ քառակուսի կէտերու ետին թաքցուած ճիչեր` բացառիկ յստակութեամբ նկարներ կրող թերթերու մէջ:
Ան կը դարձնէ էջը…»:
Էմըլի Պըռնզ (17 տարեկան)
Բանաստեղծութիւն սկսած է գրել, երբ տակաւին մանուկ էր եւ մեծ հայրը իրեն նուիրած էր բանաստեղծութիւններու մագնիսական փոքրիկ տրցակ մը: Ներշնչման աղբիւրներն են Վըրճինիա Վուլֆ, Սիլվիա Փլաթ եւ Թի. Էս. Էլիըթ: Կը փափաքի ուսանիլ անգլերէն եւ պատմութիւն, կը սիրէ ընթերցանութիւնը, արուեստի պատկերասրահներն ու գեղանկարչութիւնը: Իր «Մինիուշիա» (մանրամասնութիւն) բանաստեղծութեան մէջ ան կը գրէ.
«Դուն, որ նստած ես աթոռի մը վրայ, Լափսանկ թէյի գաւաթդ գրկած, ոսկորներդ լուռ` փոշիի պէս, դուն, որուն ծնունդը օր մը հրավառութիւններով յայտարարուեցաւ»:
Ճեսի Ռոտրիկս (13 տարեկան)
Խանդավառ ընթերցող մը, ան կ՛ըսէ, թէ իր «Ֆայր նոզ» (Կրակը գիտէ) բանաստեղծութիւնը գրած է միայն 8 վայրկեանի մէջ, երբ բանտարկուած էր իր դպրոցին մէջ:
«… Ի վերջոյ կրակը գիտէ, թէ ինչպէս կարելի է մեռնիլ ծաղկելով: Բոց մը, կայծ մը, քթթող ածուխ մը, ապա` ցուրտ, ծանր, սեւ, լռութիւն»:
Քանըր ՄքՔի (17 տարեկան)
Անոր նախասիրած գրագէտներն են Ուիլիըմ Լանկարտ, Ճէյմս Ճոյս, Թի. Էս. Էլիըթ, Քրիսթաֆըր Ռիտ: Ստացած է Թոմ Սթաւելի բանաստեղծութեան մրցանակը եւ բարձր գնահատանքներու արժանացած է Թի. Էս. Էլիըթի Շատոյինկ սքիմ մրցանքին: Ան իր «Հեմինկուէյ՛զ թըրսթ» (Հեմինկուէյի ծարաւը) բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«… Անոր վերարկուին սեւը այժմ մրուրի պէս կը հոսէր
եւ կը թափէր աւազին վրայ կճղակներով բացուած արահետներուն մէջ…»:
Տէյվիտ Քարէյ (17 տարեկան)
Ան այս բանաստեղծութիւնը գրած է անգլերէնի դասապահուն, երբ 7 տարեկան էր: Նիւթը անասուններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն էր, իսկ վերնագիրը` «Տի էփըլ թրի» (խնձորի ծառը):
«… Կարծեմ մանկացայ,
Երբ խօսեցար,
Մտածեցի, թէ մանկութիւնս կը հեռանար ինձմէ, երբ մագլցելով կ՛իջնէի վար` դէպի քեզ,
Կամ` ժամանակը զայն պիտի խլէր ուսերէս, երբ մեծնայի…»:

