Քրեմլին Կը Հաստատէ. Փութինի Թուրքիա Այցելութիւնը «Անորոշ Թուականով» Յետաձգուած Է

Վլատիմիր Փութին

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը յետաձգուած է` նշելով, որ «նախագահ Փութին որոշեց Թուրքիա իր այցելութիւնը անորոշ թուականով յետաձգել»:

Ռուսիոյ նախագահական բանբեր Տմիթրի Փեսքով, որ լուրը փոխանցեց, այցելութեան յետաձգման պատճառը չնշեց: Ան բաւարարուեցաւ նշելով, որ «այցելութիւնը ջնջուեցաւ եւ անոր թուականին շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ»` աւելցնելով, որ «այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ»:

Ըստ ռուսական եւ թրքական լրատուամիջոցներու, այցելութիւնը նախատեսուած էր 15 հոկտեմբերին:

Ռուսական պաշտօնական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Փութին Թուրքիա պիտի այցելէ 3 դեկտեմբերին: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակը եւս ԱՖՓ-ին կը յայտնէ, թէ Փութինի այցելութիւնը 3 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES