Անծանօթ Թռչող Սարքի Մը Պատճառով Իսրայէլ Իր Օդային Տարածքը Փակեց

Անցեալ շաբաթ վար առնուած անօդաչու թռչող սարքը

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը արտակարգ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է, Իսրայէլի օդային տարածքը փակուած է եւ քաղաքային օդանաւերու թռիչքը արգիլուած է կեդրոնական Իսրայէլի վերեւ թռչող անծանօթ սարքի մը շուրջ կասկածներու պատճառով:

Օրաթերթը կը նշէ, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի վերեւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ անօդաչու թռչող սարքի մը վար առնուելէն ետք, Իսրայէլի օդային տարածքին մէջ լարուածութիւնը կը շարունակուի:

«Մաարիւ» կ՛աւելցնէ, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը հինգին իսրայէլեան օդուժին մէջ թռիչքներու հսկողները իսրայէլեան օդային տարածքին մէջ, Պեն Կորիոն օդակայանին մօտ թռչող անծանօթ սարք մը նշմարած են: Իսրայէլեան կործանիչներ անմիջապէս շրջան ուղղուած են, Պեն Կորիոն օդակայանը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը եւ դէպի այդ օդակայան ուղղուող քաղաքային օդանաւերը իսրայէլեան օդային տարածքէն դուրս ուղարկուած են:

Կարճ ժամանակ ետք այդ անծանօթ սարքը իսրայէլեան ռատարներէն անհետացած է, իսրայէլեան կործանիչները իրենց երկրին օդային տարածքը զննած են, որմէ ետք որոշուած է ամէն բան իր բնական հունին վերադարձնել:

«Մաարիւ» կը նշէ, որ այդ դէպքը անցեալ շաբաթ օր իսրայէլեան օդային տարածքը խզած իրանեան անօդաչու թռչող սարքի միջադէպէն ետք Իսրայէլի երկինքին վրայ եւ հակաօդային պաշտպանութեան մարզին մէջ տիրող ջղագրգռութեան ցուցանիշն է:

Նշենք, որ շաբաթ օր իսրայէլեան օդային տարածքը խզած սարքը Իսրայէլի վերեւ 23 վայրկեան թռիչք կատարած էր, որմէ ետք իսրայէլեան օդուժին պատկանող երկու «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ օդ բարձրացած էին: Անոնցմէ մէկուն արձակած առաջին հրթիռը վրիպած էր, սակայն երկրորդը վար առած էր սարքը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք սպառնաց անօդաչու թռչող սարքի ուղարկման բուռն կերպով հակադարձել:

 

Share this Article
CATEGORIES