Սուրիական Օդանաւի Հարցը Ռուսիա – Թուրքիա Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ. Դամասկոս Անգարան Օդահէնութեամբ Կ՛ամբաստանէ, Իսկ Մոսկուա Անգարայէն Բացատրութիւն Կը Պահանջէ

Թրքական կործանիչ մը չորեքշաբթի գիշեր Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւային ընկերութեան օդանաւը ստիպած էր քննութեան համար էջք կատարել Անգարայի օդակայան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիա վտանգած է նշեալ օդանաւին մէջ գտնուող ճամբորդներուն, ներառեալ` Ռուսիոյ 17 քաղաքացիներու կեանքը:

Ան ըսած է, որ թրքական կողմը Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան չէ տեղեկացուցած, որ ուղեւորներու շարքին Ռուսիոյ քաղաքացիներ կան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեկացած է ելեկտրոնային լրատուամիջոցներէն:

«Անգարա խախտած է երկկողմանի համաձայնութիւնը եւ ռուս դիւանագէտներուն չէ արտօնած հանդիպիլ օդանաւին մէջ գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ: Մոսկուա այդ արարքին վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններէն բացատրութիւն կը պահանջէ եւ անընդունելի կը նկատէ նման միջադէպերու կրկնութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը պահանջած է Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ հանդիպիլ: Օդակայան ուղարկուած են դեսպանատան աշխատողներ եւ բժիշկ մը, սակայն թրքական կողմը, առանց պատճառաբանութեան, արգիլած է դիւանագէտներու ռուս քաղաքացիներուն հետ հանդիպումը: Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ճաշ չեն տրամադրած եւ թոյլ չեն տուած օդակայանի տարածք դուրս գալ:

«Ռուսական կողմը նման գործողութիւններու համար բացատրութիւն կը պահանջէ թրքական իշխանութիւններէն, ինչպէս նաեւ այսպիսի միջադէպերու ապագային կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար միջոցառումներու որդեգրումը կը պահանջէ», յայտարարած է ան:

Ռուսիոյ զէնքի արտածման մարզէն աղբիւր մը իր կարգին հերքեց, թէ սուրիական օդանաւին վրայ զէնքեր կամ զինուորական սարքեր գոյութիւն ունեցած են: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ սուրիական օդանաւը «ոչ քաղաքային» սարքեր կը փոխադրէր: Թրքական լրատումիջոցներ` յղում կատարելով թրքական ապահովական առնչակից մարմիններու, հաղորդած էին, որ օդանաւին մէջ հրթիռային համակարգի մասեր յայտնաբերուած են: Տաւութօղլու նշած էր, որ իրենք այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ տեղեկութիւններ ունէին, թէ օդանաւը «քաղաքային թռիչքի կանոններուն չհամապատասխանող բեռ» կը փոխադրէր:

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պենալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Թուրքիա սուրիական օդանաւը քննած է ազգային եւ միջազգային օրէնքներու հիմամբ, «որովհետեւ օդային տարածքը պէտք է խաղաղ նպատակներու համար օգտագործուի»: Ան աւելցուց, որ թրքական օդային տարածքը երբեք անմեղներ սպաննելու նպատակով պիտի չօգտագործուի:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Դամասկոսի եւ Մոսկուայի այն ամբաստանութիւնները, թէ թրքական իշխանութիւնները սուրիական քաղաքային օդանաւին պարտադրած են Անգարայի օդակայան էջք կատարել` մեկնելով այն կասկածէն, թէ անիկա զէնքեր կը փոխադրէ` նշելով, որ «սուրիական օդանաւի օդաչուին կոչ ուղղեցինք ետ դառնալու, սակայն ան Անգարայի մէջ էջք կատարելը ընտրեց»: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը իր մօտ կանչեց:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Դամասկոս թրքական իշխանութիւններէն կը պահանջէ վերադարձնել չորեքշաբթի օր սուրիական օդանաւէն գրաւուած ապրանքները` նշելով, որ օդանաւին ամբողջ բեռը փոխադրութեան օրինական ցանկին վրայ արձանագրուած է, եւ օդանաւը որեւէ զէնք կամ արգիլեալ նիւթեր չէր փոխադրեր: Սուրիոյ փոխադրութեան նախարարը իր կարգին Թուրքիան ամբաստանեց օդահէնութեամբ:

Սուրիական օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Ղայտա Ապտել Լաթիֆ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «թրքական իշխանութիւնները Անգարայի օդակայանէն օդանաւին թռիչք առնելուն նախօրեակին խոշտանգած են օդանաւին անձնակազմը, որովհետեւ վերջինիս անդամները մերժած են ստորագրել փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, օդանաւը ստիպողական էջք կատարած է: Ապտել Լաթիֆ յայտարարած է, որ Թուրքիա խախտած է քաղաքային թռիչքներու վերաբերեալ միջազգային օրէնքը, եւ իրենք կը պատրաստուին միջազգային կառոյցներուն բողոք ներկայացնելու:

Նշենք, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական օդանաւային ընկերութիւնը կը յայտարարէ, թէ Սուրիոյ օդային տարածքին ճամբով իր թռիչքները դադրեցուցած է` աւելցնելով, որ այդ թռիչքները դադրեցուած են չորս օրէ ի վեր:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին հետ երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Մենք որեւէ խնդիր չունինք թուրք ժողովուրդին եւ զինուորականութեան հետ: Սուրիան թշնամական կեցուածք չունի Թուրքիոյ նկատմամբ եւ միշտ եղբայրաբար մօտեցած է: Մենք խնդիրներ ունինք թրքական կառավարութեան հետ` այն կեցուածքին համար, որուն պատճառով ալ սահմանին վրայ խնդիրներ կ՛ունենանք»:

Մեկնաբանելով Թուրքիոյ խորհրդարանի` թրքական կառավարութեան սահմանէն դուրս զինուորական գործողութիւններ կատարելու լիազօրութիւն տուող որոշումը, Ասատ պատասխանեց. «Մենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելու ոչ մէկ պատճառ ունինք: Տակաւին տագնապին սկիզբէն իսկ մենք կ՛ըսէինք, որ սադրանքները բացառուած չեն: Այժմ կ՛իրականանայ այն, ինչի մասին մենք զգուշացուցած էինք»:

Ասատ աւելցուց, որ այս ժամանակաշրջանին գործուած սխալները պէտք է սրբագրուին բանակցութիւններու միջոցով:

Ան նշեց, որ սուրիական կողմը Անգարայի հետ երկխօսութեան բացակայութեան համար պատասխանատուութիւն չի կրեր` աւելցնելով, որ «երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան բացակայութիւնը յարաբերութիւններուն վրայ բացասաբար կ՛ազդէ»:

Ասատ նաեւ յայտնեց, որ Աքչաքալէի միջադէպին հետաքննութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ «արդեօք ատիկա ընդդիմութեա՞ն մեղքով տեղի ունեցած է, թէ՞ ռումբը, որ սուրիական բանակը արձակած է, սխալմամբ ոչ ճիշդ թիրախ հարուածած է, պիտի յստականայ միացեալ փորձաքննութեան իբրեւ արդիւնք: Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ մեր կառավարութիւնները համագործակցին: Մենք կ՛առաջարկենք միասնաբար հետաքննել Աքչաքալէի միջադէպը»:

Քաթարական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Տոհայի մէջ Քաթարի իշխանին հետ Սուրիոյ շուրջ քննարկումներ կատարած է:

Նշենք, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը երէկ յայտնեց, որ Սուրիա անցեալ շաբաթ Թուրքիայէն ելեկտրականութիւն գնելէ դադրած է:

 

Share this Article
CATEGORIES