Ժետտայի Մէջ Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան անցուդարձերը, յատկապէս ընտրական օրէնքին զարգացումներն ու Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումը դրական նկատուեցաւ, ինչպէս նաեւ դարձաւ առիթ մը` ապագայ հանգրուաններուն համար մշակելու ճամբու քարտէս մը:

Ժահժահ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սէուտցի պետական եւ բարձրաստիճեան այլ անձնաւորութիւններու հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES