Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապտել Ռահիմ Մըրատը

Ֆրենժիէ եւ Մըրատ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է նաեւ ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները` նշելով, որ, ըստ երեւոյթին, քաղաքական բոլոր կողմերը կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքը եւ համախոհութիւն գոյացուցած են, որ անիկա երկրին լուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմ պատճառած է:

Մըրատ մաղթեց, որ այդ օրէնքին էջը փակուի եւ կարելի ըլլայ յանգիլ Թաէֆի համաձայնագիրին շունչով մշակուած ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ սահմանադրութեան էութիւնը ներկայացնէ: Ան աւելցուց սակայն, որ երկիրը քանդող ու զայն 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ծրագիրները տակաւին առկայ են եւ պէտք է այդ ծրագիրները մերժել:

Մըրատ խստիւ դատապարտեց նաեւ կարգ մը ուժերու կողմէ սադրանքներ հրահրելու փորձերը` հաստատելով, որ ընտրութիւններուն նախօրեակին այդ քայլերը հետզհետէ աւելի յանդուգն դարձած են:

 

Share this Article
CATEGORIES