Հանդիպելէ Ետք Վարչապետին Հետ «Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Ոչ Մէկ Նորութիւն Կայ» Շեշտեց Թուրք Դեսպանը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին, Թուրքիոյ դեսպանը շեշտեց, որ այդ իմաստով նորութիւններ չկան:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի զինուորական եւ ապահովական կացութիւնն ու իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին, որոնք վարչապետին հետ քննարկեցին բանտերուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Նիքոլաս Քէյպըն:


