Քասփրչիք. «Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցները Խեղաթիւրեցին Խօսքերս»

Անճէյ Քասփրչիք

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք «Հ1»-ին յայտարարեց, որ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները խեղաթիւրեցին իր` Ստեփանակերտի օդակայանին բացման վերաբերեալ խօսքերը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Քասփրչիք  ըսած էր, թէ «Ստեփանակերտի օդակայանը կը գտնուի Ազրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ: Այդ հարցին մէջ շատ բան կախեալ է Ազրպէյճանի պետութեան դիրքորոշումէն: Ամէն պարագայի` առանց նախնական համաձայնութեան, օդակայանի բացումը երբեք չի բարելաւեր բանակցային հոլովոյթը»:

 

Share this Article
CATEGORIES