Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Կառավարութեան 5-ամեայ Ծրագիրը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ քուէարկութեամբ հաստատեց նոր կառավարութեան ներկայացուցած 5-ամեայ ծրագիրը:
Խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով ծրագիրը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտնեց, որ իր տեսլականը Արցախ-2017-ի վերաբերեալ բաւական գրաւիչ է եւ ատիկա` հիմնաւոր կերպով: «5 տարի ետք մենք պիտի ունենանք երկիր մը, որ մեծապէս յառաջդիմած պիտի ըլլայ արդի յառաջաւոր քաղաքականութեան ուղիով: Մարդոց կենսապայմանները եւ կեանքի որակը պիտի չափուի նոր աստիճանով», ընդգծեց Յարութիւնեան:
Պատգամաւորներէն մէկը յայտարարեց, որ այս ծրագիրը մինչեւ այսօր բոլոր կառավարութիւններուն ներկայացուցած ծրագիրներուն մէջ ամէնէն յաջողն է:
Ընդդիմադիր պատգամաւորներ Վիթալի Բալասանեան եւ Վահան Բադասեան միտքերու փոխանակման չմասնակցեցան եւ կառավարութեան անդամներուն հարցումներ չուղղեցին:

